Անցեալ կիրակի շարունակուեցան ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Տեղի ունեցան 5 մրցումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Փոքր տղաք.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարան – Ազգային միացեալ վարժարան 53-24
Մեծ աղջիկներ.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան – Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան 20-41
Փոքր տղաք.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան 57-34
Մեծ տղաք.- ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններ – Ազգային միացեալ վարժարան 64-32
Մեծ աղջիկներ.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Մխիթարեան վարժարան 64-22


