Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարամ. «Նասրալլայի Յուղարկաւորութիւնը Իրանեան Պատգամի Համազօր Էր, Եւ Եթէ Հըզպալլան Զէնքը Չյանձնէ, Պէտք Է Մոռնայ Վերաշինութեան Հարցը»

February 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ յայտնեց. «Երէկ սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան պատկերը ցոյց կու տայ, թէ անիկա շիիական բեմ մըն էր, որուն մասնակցեցաւ համայնքի մեծամասնութիւնը, սակայն ոչ ամբողջը, որովհետեւ կայ լուսանցքայնացուած ու ճնշուած խումբ մը, որ կարող չէր իր դիրքորոշումը արտայայտել կամ քաղաքական աշխատանքին մասնակցիլ»` նշելով. «Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները վճռորոշ են եւ պիտի ճշդեն իւրաքանչիւր կողմի չափը»:

«Յուղարկաւորութիւնը ներսին ու արտաքին աշխարհին ուղղուած իրանեան պատգամի համազօր էր, եւ իրանեան վարչակարգը ներկայիս գրաւը կը դնէ ժամանակի ազդակին վրայ», նշեց Քարամ:

«Իսլամական հանրապետութեան ծրագիրը քայքայուած վիճակի մէջ է, եւ անիկա Լիբանանին ու շրջանին միայն քանդում ու ճգնաժամեր տուաւ, ուստի Միացեալ Նահանգներու եւ մեծ տէրութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած պէտք է վերջ գտնէ կա՛մ անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով, ինչ որ ներքին ժողովրդային պոռթկում կը յառաջացնէ, կա՛մ ալ Հըզպալլայի եւ ուրիշներու նման անոր զինուորական թեւերէն դրամն ու աջակցութիւնը կտրելու ճամբով», ըսաւ ան:

«Հըզպալլան տակաւին պատրաստ չէ իր հարցերը լիբանանեան պետութեան յանձնելու եւ կը փորձէ իրեն համար դժուար ու ծանր եղող այս փուլէն դուրս գալ նուազագոյն վնասներով ու կորուստներով` սպասելով ելք մը, որ պիտի չգայ», յայտնեց երեսփոխանը:

«Հայրենիքի ամբողջ հողին վրայ ազգային ամբողջական գերիշխանութեան հաստատման առաքելութիւնը միայն պետութեան կը պատկանի եւ ան է, որ պէտք է բանակցի, զէնք կրէ, հողը պաշտպանէ եւ բոլոր կողմերուն վրայ գտնուող սահմանները պաշտպանէ: Իսկ եթէ շէյխ Նայիմ Քասեմ շարունակէ յամառիլ եւ Լիթանի գետէն հարաւ ու հիւսիս գտնուող իր զէնքերը յանձնել մերժող դիրքորոշման վրայ մնալ, ապա պէտք է ամբողջովին մոռնայ վերաշինութեան հարցը», շեշտեց ան:

«Եթէ արտաքին դրամները Լիբանան հասնին, հարաւային Լիբանանի սնտուկին կամ մէկ ուրիշին պիտի չյանձնուին, որպէսզի վնասուած քաղաքացին այս սնտուկին պատասխանատու եղող համայնքներէ եւ կուսակցութիւններէ եղող պատասխանատուներուն մօտ պատանդ մնայ, ինչպէս տեղի ունեցաւ 2006 թուականի պատերազմէն ետք», ըսաւ Քարամ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ապահովման Ուղղուած Ջանքերը

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Ժապալ Արապի Մէջ Սուլթան Փաշա Աթրաշի Թոռները Պիտի Տապալեն Իսրայէլացի Թշնամիի Հին-Նոր Սադրանքը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.