Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները Անթիլիասի Մէջ

May 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. կաթողիկոս` Ֆրանսայի բողոքական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի փոխնախագահը, խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան երկու անդամները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆրանսախօս բողոքական եկեղեցիներու հովիւ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան:

Այցելութեան հիմնական նպատակը մօտէն տեղեակ դառնալ էր ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան, եւ  այդ ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ վեհափառը ֆրանսացի իր հիւրերուն լայնօրէն բացատրէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները: Վեհափառը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու լոյսին տակ ապահովել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները` իբրեւ համաքաղաքացիներ իսլամներուն  հետ: Ան նաեւ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Ապա վեհափառը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի պայքարին` ի խնդիր արդարութեան: Այս ուղղութեամբ ան ողջունեց Ֆրանսայի քաջ կեցուածքը` մաղթելով, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք Ֆրանսան երբեք չզիջի ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իր որդեգրած քաջ կեցուածքէն:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի Ցնցիչ Մենաթատրոնը Վերյիշեցուց Հայոց Եղեռնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.