«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Ալպանիա եւ Սերպիա նշանակուած են 2027-ի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը կազմակերպող երկիրներ:
«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի գործադիր կոմիտէն գումարած է նիստ մը, որուն ընթացքին որոշած է 2027-ի 21 տարեկանէն վար Եուրոն հիւրընկալող երկիրը:
Մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 16 խումբեր, տեղի պիտի ունենայ Ալպանիոյ Թիրանա, Շքոտեր, Էլպասան եւ Ռոկոժինէ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ Նովի Սատ, Լոզնիցա, Լեսքովաց եւ Զէյչար քաղաքներուն մէջ: Բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սերպիոյ մէջ, իսկ աւարտականը` Ալպանիա:
Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Ալպանիոյ եւ Սերպիոյ մէջ: Ալպանիա այս տարի պիտի հիւրընկալէ 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութիւնը: 2022-ին, «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ի «Քոնֆերենս Լիկ»-ի առաջին աւարտականի մրցումը տեղի ունեցած էր Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ: Սերպիա իր կարգին 2011-ին հիւրընկալած էր Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ 2016-ին Պելկրատի մէջ հիւրընկալած էր Ֆութսալի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:


