Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է «Կազայի մէջ դէպի ապագայ ուղին եւ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ շրջանին մէջ հասարակաց շահերը ամրապնդելու կարելիութիւնները»:
Ռուպիօ իր պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնած է «Լիբանանի համար նոր ուղիի ճշդման սէուտական գործընկերութեան եւ Սուրիոյ ու Սուտանին Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւններուն համար»:
Ան նշած է, որ անհամբեր կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գործընկերութեան ամրապնդման:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ բաւարարուած էր նշելով, որ քննարկուած է ռազմավարական գործընկերութիւնն ու շրջանի կացութիւնը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ամերիկացի լրագրող Մէյկըն Քելիի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր. «Միջին Արեւելքի մէջ ուրախ լուրը այն է, որ Լիբանանի մէջ ունինք կառավարութիւն մը, որ կը յուսանք աւելի հզօր դառնայ Հըզպալլայէն, եւ գոյութիւն ունի զինադադար մը, որ երկարաձգուեցաւ եւ կրակոցի աւարտին պիտի յանգեցնէ:
«Սուրիոյ մէջ խմբաւորում մը տիրացաւ իշխանութեան: Անոնք անպայման անձեր չեն, որոնք կը յաջողին «Էֆ.Պի.Այ.»-ի կողմէ ենթահողի քննութեան մէջ, սակայն եթէ Սուրիոյ մէջ առիթ կայ ստեղծելու պատմականապէս եղածէն, մասնաւորաբար Ասատի ժամանակաշրջանէն աւելի կայուն վայր մը, ուր նախապէս Իրանը եւ Ռուսիան կը տիրէին, ուր ՏԱՀԵՇ-ը անձեռնմխելիութեամբ կը գործէր, ապա կարիքը ունինք հետեւելու այս առիթին` իմանալու համար, թէ ո՛ւր կ՛առաջնորդէ»:
«Եթէ շրջանը կայուն է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր Հըզպալլան այլեւս անկարող է կատարել բաներ, որ կ՛ընէր փոխան Իրանի, եւ տկար Իրանը, որ ներկայիս կորսնցուցած է բոլոր այդ գործակատարները, ապա ասիկա դուռ կը բանայ բաներու, ինչպէս` Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութեան, որ կրնայ շրջանին ընթացքը փոխել: Ի վերջոյ դիւրին չէ, սակայն պաղեստինեան դատին եւ մասնաւորաբար Կազայի հարցին մէջ մեր դիմագրաւած կարգ մը մարտահրաւէրները լուծելը աւելի դիւրին է», նշեց ան:
«Ուստի կատարելիք շատ աշխատանք ունինք: Ոչինչ հաստատ է: Սակայն ունինք իսկական առիթ մը, որ 90 օր առաջ չէինք երեւակայեր», եզրափակեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:


