Զահլէի մէջ «Նաշրա»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին Սան Անթուան Տը Փատու-Քարաքի հոգեւոր հովիւ հայր Էլի Մաշաալանի Մրէյժաթի մէջ իր տուն վերադարձի ընթացքին նշմարած է անձ մը, որ զինք կը հետապնդէ, եւ երբ կանգնած ու հարցապնդած է կասկածելին, ան փախուստ տուած է Շթորայի ուղղութեամբ:
Հայր Մաշաալանի իր տան առջեւ ինքնաշարժը կանգնեցնելէ եւ տուն մուտք գործելէ վայրկեաններ ետք աւելի քան 20 փամփուշտներ արձակուած են անոր ինքնաշարժին ու տան վրայ: Ապահովական ուժերը դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած են:


