Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Տինք` Խիզախութեան Եւ Խաղաղութեան Խոհրդանիշ

January 31, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

Հրանդ Տինքը հայազգի անուանի լրագրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ էր: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Թուրքիոյ հայ համայնքի խնդիրներու բարձրաձայնումին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման:

Հրանդ Տինք ծնած է 1954-ին, Մալաթիա: Ան փոքր տարիքէն ազդուեցաւ ազգային եւ ընկերային խտրականութենէն: Հինգ  տարեկանին Հրանդին ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր հասակ առաւ Կետիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գիշերօթիկին մէջ: Տինքի մանկութիւնն  ու երիտասարդութիւնը մեծապէս ձեւաւորեցին իր արժէքներն ու աշխարհայեացքը` զինք դարձնելով մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան համար պայքարի խորհրդանիշ: Կրթութիւն ստանալով Պոլսոյ համալսարանին մէջ` մասնագիտացաւ կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մարզերուն մէջ, սակայն լրագրութիւնն էր, որ դարձաւ  իր գործունէութեան կեդրոնական առանցքը:

1996-ին Հրանդ Տինք հիմնադրեց «Ակօս» շաբաթաթերթը, որ դարձաւ առաջին հայ-թրքական երկլեզու պարբերականը: «Ակօս»-ի միջոցով Տինք  հայ համայնքի ձայնը կը ձգտէր հասցնել ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին: Շաբաթաթերթը դարձաւ իւրայատուկ հարթակ, ուր կը քննարկուէին` Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերը եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղիները: Տինքի յօդուածները  կ’առանձնանային բաց եւ քննադատական հայեացքով, որ յաճախ մարտահրաւէր կ’ուղղէր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պաշտօնական տեսակէտներուն: Հակառակ իրեն ուղղուած սպառնալիքներուն եւ դատական հետապնդումներուն, Տինք երբեք չհրաժարեցաւ իր գաղափարներէն` շարունակելով պայքարիլ ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար:

Տինքի գաղափարախօսութիւնը հիմնուած էր խաղաղութեան, փոխըմբռնումի եւ երկխօսութեան վրայ: Ան կը հաւատար, որ հայերն ու թուրքերը կրնան յաղթահարել պատմական վէրքերը, եթէ երկուքն ալ պատրաստ ըլլան ընդունելու  ճշմարտութիւնը: Հրանդ Տինք յաճախ կ՛ըսէր. «Հայերն ու թուրքերը պէտք է կարողանան խօսիլ անցեալի մասին` առանց ատելութեան եւ վախի»: Տինքի գաղափարները լայնօրէն տարածուեցան նաեւ միջազգային մակարդակով: Ան կը համագործակցէր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ` ուշադրութեան հրաւիրելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ համայնքի խնդիրներուն վրայ: Տինք մասնակցեցաւ տարբեր տեսակի համաշխարհային խորհրդաժողովներու, որոնք կը նպատակադրէին խթանել հաշտութեան գաղափարը` հիմնուած պատմական արդարութեան վրայ:

Հրանդ Տինքի ազդեցութիւնը զգալի է թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ մարդու  իրաւունքներու  միջազգային պայքարին վրայ: 19 յունուար 2007-ին Պոլսոյ «Ակօս»-ի խմբագրութեան դիմաց Տինքի սպանութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը: Իր մահէն ետք հազարաւոր մարդիկ դուրս եկան Պոլսոյ փողոցներ` վանկարկելով «Մենք բոլորս Հրանդ ենք, մենք բոլորս հայ ենք», որ դարձաւ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան կոչ: Տինքի կեանքն ու գործը դարձան ոգեշնչման աղբիւր բոլոր անոնց համար, որոնք կը պայքարին ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար: Տինքի հիմնադրած «Ակօս» շաբաթաթերթը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, իսկ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը, որ ստեղծուած է իր մահէն ետք, կը նպաստէ մշակութային երկխօսութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Հրանդ Տինք պատմութեան մէջ մնաց հզօր ձայնի խորհրդանիշ, որ պայքարեցաւ ճնշուածներու համար: Անոր ժառանգութիւնը կը վկայէ, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ նոյնիսկ կարելի է աշխատիլ հաշտութեան եւ արդարութեան ուղղութեամբ: Տինք խիզախութեան, յամառութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ է, որուն գաղափարները տակաւին երկար կը մնան արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան համար պայքարողներու սրտերուն մէջ: Մենք` իբրեւ գրողներ, յօդուածագիրներ, լրագրողներ եւ յատկապէս ԼԵՄ-ականներ, պէտք է հետեւինք Տինքի գաղափարապաշտութեան` միշտ բարձրաձայնելով ճշմարտութիւնը, պաշտպանելով խոցելի խումբերու իրաւունքները եւ խթանելով երկխօսութիւնը հասարակութեան եւ անոր սահմաններէն դուրս: Տինքի գործը մեզի սորվեցուց, որ բառերը կը ներառեն ուժ` կառուցելու կամ կործանելու կամուրջներ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի պատասխանատուութիւն օգտագործելու այդ ուժը` ի նպաստ խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկութեան:

 

 

Նախորդը

Փոխան Մեր Խօսքի. Տուն Բերենք Այն Ինչ Որ Չունինք Այսօր *

Յաջորդը

Հրանդ Տինք` Արդարութեան Նահատակ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.