Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Թիպէ-Քանթար ճամբայէն յառաջացած է «Շալլալ» ճաշարանին մօտ եւ օդը կրակած:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը Քֆարքիլայի մէջ կատարեց նոր ականահարում մը, որուն պայթումին ձայնը լսուեցաւ շրջանին մէջ:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Պանի Հայան գիւղին վրայ ռումբեր արձակեց:

-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ գործած են հարաւային Լիբանանի Մաժտալ Սըլմ գիւղի բնակիչներուն վրայ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուած են 5 վիրաւորներ:

– ՔՖԱՐՔԻԼԱՅԻ բնակիչները Խարտալի-Տէյր Միմաս ճամբուն վրայ վրան լարեցին` մինչեւ իսրայէլեան բանակին իրենց գիւղէն հեռանալը այդտեղ մնալու համար:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատար Օրտի Կորտին իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է. «Հըզպալլան պարտուեցաւ, եւ եթէ փորձէ կռիւի վերադառնալ, մենք պիտի ոչնչացնենք զինք եւ անոր ղեկավարութիւնը»:

«Մօտիկ ապագային համար հիւսիսի մէջ սպառնալիքը վերացուեցաւ, եւ մենք կարիքը ունինք զայն ապահովելու յառաջիկայ տարիներուն համար», նշած է ան:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Քոնկրեսի ծագումով լիբանանցի երկու անդամներ Տարըն Լահուտ եւ Տարըլ Իսա հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետին յղեցին նամակ մը, որուն մէջ յանձնառութիւն յայտնեցին երկրի վերակառուցման նկատմամբ եւ Լիբանանը քաջալերեցին յանձնառու ըլլալու բարեկարգումներուն ու կառուցելու օրէնքի իշխանութեան վրայ հիմնուած պետութիւն մը:

«Ձեր ղեկավարութեան տակ, Լիբանան այժմ առիթ ունի բարգաւաճելու իբրեւ գերիշխանութեան տէր ու բարգաւաճ անկախ պետութիւն: Ատկէ մեկնելով, ձեզ կը քաջալերենք կեդրոնանալու պետութեան մը կառուցման վրայ, որ հիմնուած է օրէնքի իշխանութեան վրայ, վերջ տալու փտածութեան, հեռացնելու քաղաքական ու համայնքային ազդեցութիւնները եւ երկիրը ազատագրելու Հըզպալլայի վնասակար ազդեցութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը յանձնարարենք որդեգրել վաղուց անհրաժեշտ քայլերը` դարմանելու համար լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած մարդկային եւ տնտեսական ճգնաժամերը», գրեցին անոնք:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը կազմուի շուտով, ամէնէն ուշը վաղը` հինգշաբթի օր, հակառակ նախկին նախարարի մը եւ ներկայ երեսփոխանի մը կողմէ վարչապետ Սալամի այն խօսքի մէջբերման, թէ տակաւին կառավարութեան փազըլը կը կազմէ»:

– ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Եթէ պէտք ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը այս շաբաթ յայտարարել, ապա անիկա արդիւնքը պիտի ըլլայ անուններուն ու աթոռներուն վերջին դասաւորման հանրապետութեան նախագահին հետ, եւ ոչ թէ 128 երեսփոխաններուն ու քաղաքական ղեկավարութեան ամբողջ կազմին հետ»:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Արցախի Ղեկավարութիւնն Ու Պատերազմական Միւս Գերիները

Յաջորդը

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները, Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.