Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան խօսքը լիբանանցի ղեկավարներուն ուղղելով յայտնեց. «Երկիրը խոր ճգնաժամի մէջ է, եւ առանց քաղաքական վերաշինութեան աշխատանքի ու Ազգային ուխտին համահունչ կառավարութեան, երկրին կառոյցը ու Ազգային պարտականութիւնը կը տկարանայ: Ներկայ պահը համայնքային պատուարներու եւ քաղաքական գրգռութեան պահը չէ:
«Լիբանանի հարցը միջազգայնացնելու եւ զայն արտաքին խաղին մէջ դարձեալ դնելու փորձերը երկիրը քանդումի կը մատնեն: Պահը գերիշխանական է, եւ այն, ինչ որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, ազգային շատ ուժեղ կեցուածք կը պահանջէ:
«Հարաւային Լիբանանի բնակիչները ազգային գերիշխանութեան վահանն են, Լիբանանի դատի պահակները եւ լիբանանեան տոկունութեան ողնասիւնը: Անոնց արիւնը հայրենիքին չափ է, եւ վտանգաւորը սադրանքն ու ատելութիւնն են, որոնք կ՛անցնին բոլոր բարոյական ու ազգային սահմանները: Զանոնք իսրայէլացիին առջեւ առանց քաղաքական ճնշումի եւ ազգային թիկունքի ձգելը ազգային գերիշխանութեան եւ գործընկերութեան նկատմամբ ազգային դաւաճանութիւն է»:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի ղեկավարութիւնը այնպէս կը վարուի, կարծէք գաղութատիրութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչն է, եւ մենք այս երկրին մէջ գաղութատիրութեան որեւէ բարձրագոյն ներկայացուցիչ պիտի չընդունինք:
«Ոմանք կ՛ուզեն Լիբանանը սիոնականացնել եւ անոր հաստատութիւնները ամերիկանացնել: Այս խաղը երբեք պիտի չյաջողի:
«Պիտի չընդունինք կառավարութիւն մը, որ առանց քրիստոնէական կշիռի է` հաստատելու համար Ազգային ուխտի ոգին:
«Էշրեֆիէն ու Շիահը, ինչպէս նաեւ Թարիք Ժտիտէն, Հարաւային արուարձաններն ու Շուէյֆաթը խորհրդանիշներն են այն ընտանիքին, որ յաւիտեանս համակեցութեան վրայ կը պնդէ», նշեց շէյխ Քապալան:


