Երեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 93-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անթունիէի դէմ մրցումին, «Ֆետերէյշըն Քափ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Արդիւնքը անակնկալ չէր, եթէ նկատի ունենանք, որ Անթունիէ 3 օտար մարզիկներով կը խաղար, բան մը, որ պատահեցաւ ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցումին ալ, Սանթրալի դէմ: Անթունիէ իր կազմին մէջ ունէր Ռիատիի նախկին մարզիկ Քեւըն Մըրֆին, Սաժեսի նախկին մարզիկ Քիտոսին Ռոչը, ինչպէս նաեւ պոսնիացի սենթըր Մարքոս Լոնքարը (2,13 մեթր):
ՀՄԸՄ-ի տղաքը քիչ մը ուշ մտան մրցումի մթնոլորտին մէջ, ուր Կապրիէլ Աճէմեան գրեթէ բացակայ էր առաջին մասին, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ միայն 4 կէտ կրցաւ նշանակել առաջին մասին:
Բ. մասին 22-36 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ քիչ մը աւելի լաւ պաշտպանեց եւ մրցակիցին միայն 16 կէտ նշանակելու առիթ տուաւ` ինք նշանակելով 20 կէտ:
Կիսախաղին 10 կէտով ետ մնացած (42-52) ՀՄԸՄ ձեւով մը յանձնուեցաւ կացութեան եւ 20-32 արդիւնքով պարտուեցաւ, իսկ 3-րդ մասին կէտերու հաշիւը հասաւ 62-84-ի:
Վերջին մասին, Կապրիէլ Աճէմեան բաւական ուշ մտաւ մթնոլորտին մէջ, հաւանաբար կանուխ 3 ֆաուլեր կատարած ըլլալով, եւ 6 կէտ նշանակեց Ճորտըն Սթիվընզի Ճորտըն Համիլթընի եւ Փիթըր Տեքերմենճեանի նման:
Ճորտըն Համիլթըն ընդամէնը 27 կէտ նշանակեց, Ճորտըն Սթիվընզ` 22, Կերի Չիւիչեան եւ Կապրիէլ Աճէմեան` 11-ական կէտեր, Փիթըր Տեքերմենճեան` 8, Պասել Հարֆուշ` 3, իսկ Ճոզեֆ Խուրի, Ամիր Քասսապ եւ Ճէյսըն Սուֆան երկուքական կէտեր:
Մրցումը վերջ գտաւ 88-93 արդիւնքով, բայց պէտք է նշել, որ 4-րդ մասի մեծամասնութեան Անթունիէ առանց օտարներու խաղցաւ` զանոնք հանգիստ պահելու աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 18:00-ին, Սանթրալի դէմ: Միւս կիսաւարտականին, Սանթրալ 98-88 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Անդրանիկը:


