Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Այժմէական Կուսակցութիւն Է

January 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեկան տօնակատարութիւնները առիթ կ՛ընծայեն յետադարձ ակնարկ սեւեռելու մօտաւոր անցեալի գործունէութեան վրայ ու յառաջիկային համար` կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումները:

Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան համարեա 135 տարիներու ընթացքին իր գործունէութիւնը պատշաճեցուցած է ժամանակի փոփոխուող հրամայականներուն: Միշտ հաւատարիմ իր Ծրագիրի հաստատագրած նպատակներուն, Դաշնակցութիւնը իբրեւ առաջադրանք որդեգրած է այն, որ անմիջականօրէն անհրաժեշտ է Հայաստանին, հայութեան եւ Հայ դատին:

1990-ական թուականներուն հայ ազգի կեանքին մէջ կատարուեցաւ էական փոփոխութիւն մը: Հայաստան անկախացաւ եւ Արցախ ազատագրուեցաւ: 1918-էն 1920 տեւած առաջին անկախութենէն եօթանասուն տարի ետք, հայութեան համար այս իրողութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունէր: Անկախ Հայաստանի գոյառումով միայն արտասահմանի մէջ գործող կուսակցութիւնները, որոնց «աւանդական» բնորոշումը կը տրուի, կարելիութիւնը ունեցան հաստատուելու կամ վերահաստատուելու Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան մէջ:

Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ արմատներ չունէր: Կազմաւորուած սփիւռքի մէջ, անոր բաղկացուցիչ մասերէն ոմանք թէեւ գոյութիւն ունեցած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, սակայն ոչ ուշագրաւ գործունէութեամբ: Դարձաւ Հայաստանի բազմաթիւ կուսակցութիւններէն մէկը, նոյնպէս ծաւալելով, վերիվայրումներով հանդերձ, քիչ ուշագրաւ գործունէութեամբ:

Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը գաղափարակից էր Համայնավար կուսակցութեան: Հնչակեանները երկար տարիներ անկախական մնալով հանդերձ, կը համարէին, որ Հայաստանի խորհրդայնացումով լուծուած է անկախութեան հարցը: Վերանկախացած Հայաստանի մէջ անոնք չկրցան ինքնուրոյն ներկայութիւն մը ապահովել եւ գոյատեւեցին իբրեւ կցորդ իշխանական այլ կազմակերպութիւններու:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ իր կազմակերպական գոյութիւնը բացայայտեց 1990 թուականի ամրան: Տիրական գլխաւոր ուժ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, Դաշնակցութիւնը խորհրդայնացումէն ետք ենթարկուած էր հետեւողական հալածանքի ու հետզհետէ կորսնցուցած իր կազմակերպական ծաւալուն կառոյցը: Ստիպողաբար վերակազմակերպուելէ եւ ծաւալելէ ետք սփիւռքի տարածքին, Դաշնակցութիւնը Հայաստան կը վերադառնար իբրեւ նախկինի շարունակութիւն, իբրեւ վերընձիւղում: ՀՅ Դաշնակցութիւնը թէեւ գործնապէս գոյութիւն չունէր Հայաստանի մէջ, սակայն դաշնակցական աւանդութիւնը, ոգին` դաշնակցականութիւնը պահպանուած էին: Դաշնակցութիւնը արագօրէն ծաւալեցաւ ու հաւատարիմ իր ծրագրային սկզբունքներուն ու գործելակերպին, յառաջատար գործունէութեան լծուեցաւ անկախութեան համար պայքարին եւ արցախեան գոյամարտին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք, քաղաքական միջավայրը խճողուեցաւ տարատեսակ կուսակցութիւններով եւ հոսանքներով: Ընդհանրապէս զուրկ գաղափարական ենթահողէ, նորաստեղծ այս կազմակերպութիւնները պղտորեցին քաղաքական կեանքը եւ զայն վերածեցին իշխանութեան տիրացման համար կրկէսի:

Հայաստանի մէջ վերակազմակերպուելով, Դաշնակցութիւնը նախկինէն եօթանասուն տարի ետք կրկին դարձաւ պետականութեան մէջ գործող կուսակցութիւն: Իր աշխատանքի ոճը պատշաճեցուած էր արտերկրի պայմաններուն մէջ գործունէութեան, գաղութներու կազմակերպութեան, հայապահպանումի եւ մասնաւորաբար Հայ դատի հետապնդման առաջադրանքներուն հետեւողութեամբ: Դաշնակցութիւնը անշեղօրէն պահպանած էր անկախութեան, ազատութեան, Հայաստանի ամբողջականութեան, հողահաւաքի ու հայահաւաքի գաղափարներուն նկատմամբ հաւատքն ու հաւատարմութիւնը: Սփիւռքի մէջ շարունակելով հանդերձ գործել նոյն տեսլականով, առաւել Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու հրամայականով, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր էր գործունէութեան նոր ուղի մշակել իբրեւ պետականութեան պայմաններուն մէջ գործող կուսակցութիւն: Իբրեւ իշխանութեան մասնակից կամ ընդդիմադիր ճակատի կուսակցութիւն, Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը պիտի միախառնուէր Հայաստանի քաղաքական հիւսուածքին, անկէ բխած բոլոր պարտաւորութիւններով եւ երբեմն ալ` կաշկանդումներով:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այժմէականութեան մէջ գոյատեւող կուսակցութիւն է: Անոր գործունէութեան խարիսխը, կրկնենք, իր ծրագիրն է: Ժամանակները, պայմանները եւ վայրերը կը պայմանաւորեն իր գործնական աշխատանքը: Հինի ու նորի, դուրսի եւ ներսի գործերու պարզամիտ բաղդատութիւնները խաբուսիկ են, չըսելու համար` անլուրջ: Դաշնակցութեան գործը պէտք է համահունչ ըլլայ ժամանակի ու պայմաններու հրամայականներուն:

135-րդ տարեդարձի այս հանգրուանին, Դաշնակցութիւնը` զինուած մեծ փորձառութեամբ, կը շարունակէ երիտասարդական աւիւնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:

 

 

Նախորդը

Կազացիք Ու Լիբանանցիք Կը Վերադառնան… Իսկ Հայաստանի Մէջ` Բանակի Օր

Յաջորդը

Ի Հակազդումն Տգիտութեան. Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակին Արձագանգը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.