Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս բուռն կերպով դատապարտեց ու մերժեց որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը Կազայէն պաղեստինցիներու տեղահանութիւնն է:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ապպաս «այս առնչութեամբ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հետ շտապ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ»` աւելցնելով. «Պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողերէն ու սրբատեղիներէն պիտի չհրաժարի»:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր ժողովուրդը, որ ցեղասպանութեան յոռեգոյն գործողութիւններուն դիմացաւ եւ մերժեց տեղահանութեան յանձնուիլ, կտրուկ կերպով կը մերժէ զինք հեռացնելու եւ տեղահանելու որեւէ ծրագիր»:
Համաս ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` հրաժարելու «այս առաջարկներէն, որոնք համահունչ են իսրայէլեան ծրագիրներուն եւ կը հակասեն մեր ժողովուրդի շահերուն»` աւելցնելով. «Արաբական ու իսլամական պետութիւններուն, մասնաւորաբար Եգիպտոսին ու Յորդանանին կոչ կ՛ուղղենք` հաստատելու տեղահանութիւնն ու հեռացումը մերժող իրենց հաստատ դիրքորոշումը»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր. «Յորդանանի թագաւորին հետ խօսեցայ քանդուած Կազայէն անձերու մօտակայ երկիրներ տեղափոխման մասին: Անկէ խնդրեցի ընդունիլ պաղեստինցիներ Կազայէն, որ այժմ իսկական քաոսի կացութեան մէջ է»:
«Կ՛ուզեմ, որ Եգիպտոս եւս Կազայէն մարդիկ հիւրընկալէ, եւ կիրակի օր Եգիպտոսի նախագահին հետ պիտի խօսիմ», ըսած էր Թրամփ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «պաղեստինցիներու որեւէ բռնի տեղահանութիւն» մերժեց:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Եգիպտոս կը շարունակէ աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին իր հողերուն վրայ տոկալուն եւ իր հողին ու հայրենիքին մէջ իր օրինական իրաւունքներուն կառչածութեան` շեշտելով, որ կը մերժէ այդ անսակարկելի իրաւունքներուն բնակեցման, հողակցումի կամ այդ հողերէն տեղահանութեան, տեղափոխման քաջալերման կամ ժամանակաւոր կամ երկարատեւ կերպով պաղեստինցիները իրենց հողերէն արմատախիլ ընելու ճամբով խաթարումը:
Արաբական խորհրդարանը կտրուկ կերպով մերժեց եւ բուռն կերպով դատապարտեց «պաղեստինցի ժողովուրդը Կազայէն տեղահանելու որեւէ նախաձեռնութիւն կամ փորձ, որուն նպատակը պաղեստինեան դատի լուծարումն է»` նշելով, որ այդպիսի նախաձեռնութիւնները միջազգային օրինականութեան որոշումներուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներուն բացայայտ խախտում են:
«Բռնի տեղահանութիւնը միջազգային մարդասիրական օրէնքի հիմամբ ոճիր է», շեշտեց խորհրդարանը` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով` յստակ եւ բացայայտ կերպով մերժելու այդպիսի նախաձեռնութիւնները»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Կազայի բնակչութիւնը Յորդանան տեղափոխելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկը` նշելով. «Պաղեստինեան դատի լուծումը Պաղեստինի մէջ է, եւ Յորդանանը յորդանանցիներուն է: Յորդանանի մէջ մեր սկզբունքները յստակ են եւ պիտի չփոխուին, եւ անիկա պաղեստինցիները իրենց հողերուն վրայ հաստատելն ու տեղահանութեան մերժումն է»:
Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատար մը` մեկնաբանելով Կազայի վերաբերեալ Թրամփի առաջարկը, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեց. «Կարելի չէ ոեւէ մէկէ քաղաքական պատճառներով պահանջել բնակիլ անբնակելի վայրի մը մէջ»:
«Կազան ամայի երկիր է, որ լեցուն է փլատակներով, եւ անոր վերակառուցումը շատ աւելի դիւրին է անոր բնակիչներուն հեռանալէն ետք», նշեց պաշտօնատարը:


