Վաղը տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 8-րդ եւ վերջին շաբթուան մրցումները, որոնցմէ ետք պիտի զտուին լաւագոյն 24 խումբերը, որոնք պիտի հասնին յաջորդ հանգրուան:
Այս նոր ձեւը, որ որդեգրեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն` իբրեւ թէ առիթ տալու համեմատաբար տկար խումբերու, որ հասնին կամ յոյս ունենան հասնելու նաք-աութի հանգրուան, քիչ մը խուճապի մատնեց «մեծ» խումբերը:
Արդարեւ, Մանչեսթըր Սիթիի նման խումբեր կրնան դուրս մնալ, նոյնիսկ եթէ յաղթեն, եթէ մնացեալ մրցումները իր օգտին չընթանան:
Պէտք է նշել, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման խումբեր ալ կրնան դուրս մնալ, եթէ անպայման յաղթանակներ չարձանագրեն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 18 մրցումներուն յայտագիրը, որոնք բոլորն ալ տեղի պիտի ունենան նոյն ժամուն` ժամը 22:00-ին, հետեւեալ ձեւով.
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆ. Ք. Պրիւժ
Ինթեր Միլան – Մոնաքօ
Պայերն Միւնիխ – Սլովան Պրաթիսլաւա
Շթուրմ Կրաց – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Տորթմունտ – Շախթիոր Տոնեցք
Պարսելոնա – Աթալանթա
Պրեսթ – Ռէալ Մատրիտ
ՓՍՎ Այնտհովըն – Լիվըրփուլ
Շթութկարթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Ռետ Պուլ Զալցպուրկ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Պայեր Լեւերքուզըն – Սփարթա Փրակա
Ժիրոնա – Արսենալ
Տինամօ Զաղրեպ – Ա. Սէ. Միլան
Եուվենթուս – Պենֆիքա
Եանկ Պոյզ Պեռն – Կարմիր աստղ Պելկրատ
Լիլ – Ֆեյենուրտ Ռոթերտամ
Ասթոն Վիլա – Սելթիք
Սփորթինկ Լիզպոն – Պոլոնիա


