Մտաւորականի Խօսք` Հայաստանէն
Ստացուած Ամանորեան Մաղթանքի Հետ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մինչեւ ե՞րբ պիտի պառակտուինք եւ ինչո՞ւ:
Կը սիրեմ կրկնել իմաստասէրին այն միտքը, որ` «Հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները»:
Ո՞վ պիտի պատասխանէ նման հարցումներու:
Մանկութեան օրերէս կը յիշեմ, որ հայ կեանքի մէջ կային պայքարներ: Ընտանիքներ, դուռ-դրացի, ազգականներ եւ բարեկամներ կը ճանչցուէին իրենց պիտակներով եւ իրարմէ կը հեռանային, յաճախ կը թշնամանային, զիրար չէին բարեւեր: Ծիծաղելի վերաբերումներ կային, ամուսնութեան համար իրարու աղջիկ չէին տար: Պառակտումներ. քանի որ «առաքելական», «բողոքական», «կաթողիկէ» էին, նաեւ` պառակտումներ. քանի որ «դաշնակ», «հնչակ», «ռամկավար», «համայնավար», «հայաստանասէր» էին, ապա եղան` «անթիլիասականներ» եւ «էջմիածնականներ», «ռուսասէրներ», «ֆրանսասէրներ», «ամերիկասէրներ», իւրաքանչիւրը` նաեւ իր ներքին կոտորակումներով, մի՛շտ «թաղային հեղինակութիւն» ըլլալու ցանկութեան ենթապաստառին վրայ: Այս հանդէս էր, որ կը կրկնուէր քաղաքներու, գիւղերու, արուարձաններու եւ հիւղաւաններու մէջ: Մանրանկար աւատապետութիւններ, հանգամանքի եւ տիտղոսի որսորդութիւն, կամ` շքանշաններու, առաջին կարգի աթոոի վրայ նստելու ցանկութիւն:
Հիմա թեր ու դէմ նոր ճակատներ գումարուած են, հանրապետութիւն եւ սփիւռք: Ամէն բան կարելի է ըսել եւ լսել, աղմկել եւ ըսել հակառակը, համացանցի անտէր պատուհանէն, ուր կան նոր ճակատներ, «փաշինեանական»-ի եւ «հակափաշինեանական»-ի, կը գրուի եւ կը խօսուի` առանց զիրար լսելու: Անվերջանալի քննադատութիւններ` համեմուած լուտանքներով: Եթէ Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան ժամանակին մէջ ըլլայինք, ամէն օր քանի մը տասնեակ հոգիի գլուխ կիյոթինի շեղբով կը կտրէինք: Այսպէս ենք Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռք(ներ): Յաճախ կը մտածեմ, որ թշնամիի պէտք չունինք, մենք կը բաւենք, մենք մեզի դէմ, բայց կը սիրենք ճառել` «միութիւն եւ միացում» հոլովելով:
Նոյն հունով, «հեղինակութիւն»-ներ կը տապալենք, պիտակներով եւ ինքնաթոյլատրուած «ազատութիւններ»-ով, որոնք կը յանգին վարկաբեկումներու: Մի ոմն անաթոռ ապխտավաճառ, կամ մարգարէ դեղագործ, կրօնական, քաղաքական, կամ այլ բնոյթի առաջնորդի մասին կը խօսի` անտեսելով անոր հանգամանքը եւ վարկը, զայն կը կոչէ իր աւազանի անունով, չվարանելով «իկ» մըն ալ աւելցնել, կը մերկանանք ու կը մերկացնենք, կարծէք արեւելեան բաղնիքի մէջ ենք եւ կը հրճուինք իրարու բախուող «թաս»-երու աղմուկով: Միջոցին, ո՛չ ոք իրապէս հարց կու տայ, թէ ո՞ւր հասած ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք, ի՞նչ կորսնցուցած ենք եւ կը կորսնցնենք:
Արեւմտահայաստանը արձանագրած ենք պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, ան այլեւս հայու քաղաքական միտքին եւ առօրեային մաս չի կազմեր, չկան անցեալի «հայրենակցական միութիւնները, որոնք յիշողութիւն կը պահէին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հանգիստ սրտով ծաւալեցաւ արտագաղթը, որ կամաւոր հայրենալքում էր, ինքնահայրենահանում, ազգի ըմբռնումի տեսանկիւնէ` քաղաքական եւ բարոյական աղէտ, որ ազգային վերականգնումի պատուանդան չէ:
Ա. Համաշխարհայինի աւերակներէն ծնունդ առաւ հայաշխարհի բեկորի մը վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ դարձաւ խորհրդային հանրապետութիւն, եւ սուղ գին վճարելով` անցաւ Բ. Համաշխարհայինի դժոխքէն, բայց մնաց եւ խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք յայտնուեցաւ անկախ վիճակի մէջ, դարձաւ ներսի եւ դուրսի բանգիտական պայքարներու փառասիրական հանդէսի բեմ: Ոչ ոք ինքզինք պատասխանատու կը համարէ պարտութիւններու, Արցախի կորուստի եւ հիմա` հանրապետութեան տարածքի ծուատման համար: Ի վերջոյ, ներկայի պարտութեան եւ անփառունակ կացութեան պատճառ չեն միայն այս կամ այն հայանունները, պատասխանատու ենք հաւաքաբար, քանի որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարծէ կրողը ըլլալ ճիշդին, ճշմարիտին: Եւ կը դադրինք զիրար լսելէ: Երբ բազմաձայն դարձած ենք, ի՞նչ պիտի լսենք, բազմաթիւ եւ բազմացող «ճշմարտութիւններ»-էն ո՞ր մէկը պիտի ընտրենք, անոր հետեւինք եւ գործենք: Չենք մտածեր, որ ունինք թշնամիներ, որոնցմէ մէկը օգտուելով պատեհ առիթէն` պիտի թօթուէ Հայկական Ծառը, եւ ինչ որ դեռ կայ ծառին վրայ, պիտի թափի…
Զիրար լսելու, զիրար թշնամի չհամարելու հրաշքը ինչպէ՞ս պիտի իրականացնենք: Ազգային մարզաձեւ դարձած է «հեղինակութիւն»-ները քանդել եւ հայ կեանքը Աստուածաշունչի «Կափառնայում»-ն է… Կը պատահի՞, որ երբեմն մեր աչքերու կապանքները հանելով` մտածենք եւ մենք մեզի ու ԵՍ-ի դէմ երթալով` ըսենք, որ «դուն ճիշդ ես» «ես սխալած եմ»…
Հայաստանի աւագ մտաւորականներէն մին, այս հարցերու մասին, Նոր Տարուան իր բարեւին մէջ, Արփիարեանի «պարզին վսեմութեամբ», գրած է. «Մենք մեղքի բաժին ունինք: Մեր ձայնը լսելի չէ»:
Մենք մեղքի բաժին ունինք, ըլլանք մեծ թէ պզտիկ: Կը հասկնա՞նք…
Բազմագլուխ հանրապետութիւն եւ բազմագլուխ սփիւռք(ներ), իրատեսական հրաշք մը իրականացնելով, եթէ կանգնէինք «Մենք մեղքի բաժին ունինք»-ի ինքնամեղադրանքին առջեւ: Փոխանակ, մեր կացութեան «մեղքը» հեռուի եւ մօտի բարեկամի եւ թշնամիի վերագրելու` այդ «մեղք»-ը պէտք է փնտռենք մեր մէջ, եւ հարց տանք, թէ ի՞նչ կրնայինք չընել եւ ի՞նչ կրնայինք ընել, այսօր եւ վաղը ի՞նչ պէտք է ընել, եւ թերեւս դեռ կրնանք ընել: Կրնա՞նք այս ընել` առանց բանտարկուած մնալու մեր ընդունուած եւ հանգանակ (credo) դարձած կարծրատիպերու մէջ, որոնք միշտ աճած են հատուածականութեան մէջ, որուն անմիջական հետեւանքը այն է, որ ճշմարտութիւն եւ գաղափար փոխարինուած են դատարկի մէջ ծաւալող աղմուկով:
Յաճախ կը մտածեմ յիշողութեանս մէջ դաջուած օրինակներով, որոնք պատկերներն են մեր բազմանուն եւ բազմահասցէ մեղքերուն: Հարաւային Ամերիկայի հայկական համայնք մը ունէր, թերեւս հիմա ալ ունի, եկեղեցիի հարեւանութեամբ, երկու պատկից դպրոց: Կիպրոսի փոքրիկ համայնք մը, նոյն շէնքին մէջ, նոյն յարկին վրայ ունէր, թերեւս հիմա ալ ունի, երկու դրկից ակումբներ, Պէյրութի մէջ, փողոցին աջ կողմը գոյութիւն ունեցող հայկական վարժարանի մը դիմաց, նոյն փողոցին ձախ կողմը ուրիշ մըն ալ կառուցուեցաւ: Ի հարկէ` պատկանելիութեան տարբեր պիտակներով:
Այս կոտորակումները չեն անհանգստացներ: Եւ պարտուած ընկճուածի անմտութեամբ, կը շարունակենք… դիրքեր գրաւելու համար թշնամիներ մեր մէջ փնտռել:
Հայ ազգային-գաղափարական միտքը գլխիվայր շրջուած է, եւ ինքնաճանաչման հոգեմտաւոր ճշմարիտ յեղափոխութիւն մը պէտք է զայն իր ոտքերուն վրայ կանգնեցնելու համար: Այդ ընելու համար պէտք է ունենանք ազնիւ եւ ազնուականի յանդգնութիւն եւ ըսենք, որ` «մենք մեր ՄԵՂՔ-ի բաժինը ունինք, քանի որ զիրար լսելու առաքինութիւնը չունինք»: Առաքինութիւն` հռոմէացիի իմաստութեամբ, այսիքն` հոգեկան ուժ: Երբ անատակ ենք զիրար լսելու, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ուրիշը մեզ պիտի լսէ: Փոխանակ նիզակ ճօճելու` պիտի հասկնա՞նք պատկիցի եւ դրկիցի անհեթութեան օրինակներու իմաստը»-ը: Այս կրնա՞նք ընել` խօսափող չարչարելէ, թուղթ մրոտելէ եւ համացանց խճողելէ առաջ, առաջնորդուելով այն միտքով, որ պատկիցը եւ դրկիցը թշնամի չեն, անոնք ալ նոյն նաւուն ճամբորդներ են, որոնք կ՛ուզեն նոյն տեղը հասնիլ:
Եթէ մեկնէինք այն կէտէն, որ` «մենք մեր մեղքի բաժինը ունինք», երբ պարտուած ենք եւ կը պարտուինք, եւ մեր ձայնը լսելի չէ:
ՄԵՆՔ` բազմանուն եւ բազմահասցէ: Երբ այդպէս է, ՄԵՆՔ չենք ըլլար: Վերականգնելու համար ՄԵՂՔ-ը հասկցող, ընդունող եւ ապա զայն գերանցող ղեկավարութեան կարիք ունի ԱԶԳ-ը, որ, իր կարգին, գիտնայ ողջախոհութեամբ լսել:
Յոյսը եւ երազը միշտ ՄԵՆՔ-ի եւ ՆՈՐ-ի սկիզբ են:
Ինչպէ՞ս ՄԵՆՔ-ը դարձնել անխարդախ մէկութիւն` յիշելով մեծ բանաստեղծի յաճախ կրկնուած եւ չլսուող «Պատգամ»-ը…
Ինչե՜ր կը թելադրեն Հայաստան բնակող հայ իմաստուն մտաւորականի պարզ բառերը, միշտ մտածելով, որ` «վաղը ուշ է»:
19 յունուար 2025 , Նուազի-լը-Կրան


