Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անպատիժ Մնալուն Պատճառով Մարդկութեան Դէմ Կրկնուող Զանգուածային Ոճիրները, Արցախի Նման «Սովորական» Եղելութեան Վերածուեցան, Վերջինը Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Աշխարհին Առջեւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններ Են – Ա.

January 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կեղծ հաւասարակշռութիւնը, զոր «երկուկողմութիւն» bothsidesism կը կոչենք, իրականութեան մէջ լրատուական կողմնակալութիւն է, երբ լրագրողները խնդիրը կը ներկայացնեն՛ իբր թէ հակադիր տեսակէտներու միջեւ «հաւասարակշռութիւն» (1), որ համատարած աղէտ է:

1.- Արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւն` ցեղասպանութիւն: Ընտանիքի մայր մը իր փոքրերուն հետ հետիոտն կը փախչի իր հազարաւոր տարիներու բնակավայրէն` դէպի անորոշութիւն:    

«Հակամարտութիւնը բնական նկատելը – ծածկե՞լ Ցեղասպանութիւնը: Փորձագիտական չէզոքութիւնը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան մէջ» Normalizing conflict – concealing genocide? Expert neutrality in the Armenian Azerbaijani conflict (2): Այս խորագիրը կը կրէ հայազգի դոկտ. Արսէն Սափարովի 18 սեպտեմբեր 2023-ի յօդուածը, որ 19 յուլիս 2024-ին լոյս տեսաւ բրիտանական «Ռութլեճ»-ի «Հարաւարեւելեան Եւրոպայի եւ Սեւ ծովու ուսումնասիրութիւններ» քառամսեային մէջ:

Ան հեղինակն է 16 այլ ուսումնասիրութիւններու (3): Տես նաեւ «Հորիզոն»-ի մէջ Սափարովի «Վերաբանակցիլ թոյլատրելիին սահմաններուն շուրջ. ազգայնական զարթօնքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ Մոսկուայի պատասխանը» (4): Յօդուածը ներկայացուած է Քոլումպիա համալսարանի մայիս 2023-ի հռչակաւոր ASN գիտաժողովին: Այս յօդուածը գրուած է  24 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր 2023, արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն` ցեղասպանութենէն առաջ, սակայն Սափարով կը նշէ, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ յօդուածին միտք բանին նոյնը կը մնայ:

Ստորեւ պիտի փորձեմ երեք մասով, կամ` չորս, անգլերէնէ ամփոփել 22 էջնոց յօդուածը՛ ակամայ զանց առնելով կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնց ծանօթանալու համար կ՛արժէ բնագիրը լրիւ կարդալ:

«Հրատարակիչին կողմէ ամփոփումը

«Յօդուածը կ՛ուսումնասիրէ փորձագէտներուն չէզոքութեան ըմբռնումը` օրինակ ունենալով ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Մասնագիտական հրատարակութիւնները հետեւեալ մեթոտով կ՛ուսումնասիրուին. առաջին` նախ կը քննուի բնագիրին մէջի տեղեկութիւնը` ըսուածները. երկրորդ` նկատի կ՛առնուին բնագիրին մէջի լռութիւնները` չըսուածները: Շատ պարագաներու, մասնագէտները կ՛ապաւինին երկու կողմերուն միջեւ բաղդատականներուն, որոնք կը թուին հաւասարակշռուած պատկեր ներկայացնել:

«Երկու տեսակ լռութիւններ բացայայտուեցան. փորձագէտները սովորաբար միշտ կ՛անտեսեն բնագիրին ընդհանուր պատկերը, քանի որ կրնայ խանգարել իրենց վերլուծումին հաւասարակշռութիւնը: Երկրորդ` փորձագիտական վերլուծումը կը խուսափի նկատի առնել այն փաստերը, որոնք չեն համապատասխաներ «երկուկողմութիւն» մոտելին (այսինքն ոճրագործն ու զոհը հաւասար կը դասեն): Յօդուածը կը փաստէ, որ այս մօտեցումը` պատահար մը բնակա՛ն համարելը, հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային լսարանին համա՛ր կաղապարուած է, որ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ, քանի որ յաջողութեամբ կը քողարկէ հնարաւոր ցեղասպանութիւն մը՛ միջազգային քննութենէ:

«Նախաբան»

«Հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը սկսաւ 1987-ին` ԽՍՀՄ առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովի ժողովրդավարացման քաղաքականութեան լոյսին տակ: Ղարաբաղի հայկական մեծամասնութիւնը խտրականութեան պատճառով պահանջեց անջատուիլ Ազրպէյճանէն: Հակամարտութիւնը անմիջապէս վերածուեցաւ, բռնութիւններու եւ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին եւ այլ վայրերու մէջ հայ բնակչութեան դէմ ջարդերու: Հարցը պատերազմի վերածուեցաւ եւ Հայաստանը ազատագրեց ԼՂԻՄ-ի մեծ մասը եւ յարակից եօթը շրջանները: Պատերազմին պատճառով տեղի ունեցաւ «թշնամի» (անհամեմատ` աւելի՛ մեծ թիւով հայ*) բնակչութեան լայնածաւալ վտարում: 1994-էն ի վեր հակամարտութիւնը քունի մէջ էր բռնութեան յաճախակի բռնկումներով:

«2020 սեպտեմբերին Ազրպէյճանը նոր պատերազմի սկսաւ, ուր հայկական ուժերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին եւ կորսնցուցին ԼՂԻՄ-ի եօթը շրջանները եւ քանի մը հատուածներ:

«Այս յօդուածը կը քննէ ակադեմական չէզոքութեան հնարաւոր չարաշուք հետեւանքները` հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ սովորութիւն դարձած դիրքորոշում մը, որ կրնայ նոյնիսկ չզգացուիլ կիրարկողներուն կողմէ:

«Հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը քիչ անգամ կը յայտնուի միջազգային լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ, եւ անոր կարեւորութիւնը յաճախ կը ծածկուի հանրութենէն: Մեկնաբանները վճռորոշ դեր կը խաղան` հասարակական եւ քաղաքական կարծիքներուն վրայ ազդելով, քանի որ անոնք աւելի հասանելի եւ արդիական են, քան` համալսարանական փորձով հետազօտողները:

«Զանգուածային լրատուամիջոցները զանոնք կը հրաւիրեն քաղաքական զարգացումները պարբերաբար մեկնաբանելու համար, եւ անոնց չէզոքութիւնը վճռական է լրատուամիջոցներէն ընդունելի ըլլալու համար: Իբրեւ կարծիքի առաջնորդներ` չէզոք մեկնաբանները պէտք է պահպանեն ակադեմական ուղղամտութիւնը` կարծեցեալ չէզոք կարծիքի մենաշնորհի իրենց դիրքը պահպանելու համար»: Օրինակ` Ֆոքս կամ Սի. Էն. Էն.-ի քաղաքական հիւր փորձագէտները իւրաքանչիւր ելոյթի, միջին հաշուով, 500-էն հազար տոլար կը գանձեն, առաւել` ճամբորդութեան ծախսերը*:

«Այս հետազօտութիւնը կ՛ուսումնասիրէ 2020-ի ղարաբաղեան պատերազմէն ետք հրապարակումներ, քանի որ պատերազմը էապէս փոխեց աշխարհաքաղաքական շարժիչ ուժը եւ նոր սպառնալիքներ մտցուց, որոնք չկային  հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան սկզբնական երեք տասնամեակներուն:

«Նախ` պարտութեան պատճառով անորոշ է ղարաբաղցի հայերուն ճակատագիրը: Այն հայերը, որոնք վտարուած են Ազրպէյճանի գրաւած բնակավայրերէն, առաւել` մնացեալ հայ բնակչութիւնը, կախեալ էին Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհէն: Ազրպէյճանը փակեց այս ճամբան հոկտեմբեր 2022-ին` Ղարաբաղի հայերը ամբողջութեամբ պաշարելով:

«Այս զարգացումներուն հետեւանքը այն է, որ ղարաբաղցի հայերը Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ իրենց հայրենիքէն հաւանական արտաքսումի եւ ցեղային զտումի պիտի ենթարկուէին:

«Երկրորդ` Հայաստանը կը դիմագրաւէ իր անկախութեան սպառնացող լուրջ մարտահրաւէր` Սիւնիքի մարզին մէջ, որ դէպի Իրան 44 քմ սահման կ՛ապահովէ: Ազրպէյճանը կը պահանջէ արտերկրեայ մուտք դէպի Նախիջեւան, որ կրնայ կտրել Հայաստանի մուտքը դէպի Իրան: Միջազգայնօրէն ճանչցուած հայկական սահմաններուն դէմ այս ոտնձգութիւնները կրնան մասնատել Հայաստանը:

«Երրորդ` Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը Ազրպէյճանին հետ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք առաջին անգամն է, որ Թուրքիան կը գտնուի աննախընթաց մակարդակի վրայ` թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ալ ռազմական առումներով: Նախապէս Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութիւնը եղած է սահմանափակ եւ` ոչ պաշտօնական: 1992-ին Հայաստանի հետ Թուրքիոյ փակած սահմանը ցարդ փակ կը մնայ` հակառակ 2020-ի Ազրպէյճանի յաղթանակին:

2. Զանգեզուրի մեծամասնութիւնը` հայ, ցեղային բաշխումը` 1866-ի մարդահամարին:

«2020-ի յետպատերազմեան շրջանը վճռորոշ է աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներու եւ ուժերու անհաւասարութեան պատճառով, որ  հակամարտութեան վերաբերեալ աւելի ճշգրիտ տեղեկագրութիւն կը պահանջէ:

«Յօդուածը կ՛ուսումնասիրէ չէզոքութեան կիրարկումը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան մասին հաղորդումներու ժամանակ, կեդրոնանալով, թէ ինչպէ՛ս կ?ընկալուի հակամարտող կողմերուն եւ անոր առնչութիւնը ժամանակակից քաղաքականութեան մէջ: Այս բաժինը հակամարտութեան մասնակից կողմերուն դրդապատճառները հասկնալու համար հիմք կը ստեղծէ: Նաեւ կ՛ընդգծէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչութիւնը այժմու քաղաքականութեան հետ, ուղղութիւն մը, որ յաճախ կ՛անտեսուի հակամարտութեան ժամանակակից ուսումնասիրութիւններուն մէջ: Կը քննէ չէզոքութեան տարբեր մօտեցումներ` համեմատելով այլ հակամարտութիւններու հետ, հաշուի առնելով աղբիւրի ընտրութիւնը եւ հետազօտութեան պայմանաժամը: Կը վերլուծէ սկզբնաղբիւր բնագրերը` պարզելով, որ չէզոքութեան կիրարկումը կը քողարկէ իրավիճակին ծանրութիւնը միջազգային հանրութենէն:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումը»

«1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, էականօրէն կ՛ազդէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ժամանակակից հակամարտութեան մասնակից բոլոր կողմերու ընկալումներուն եւ որոշումներուն վրայ: Աւելի քան մէկ դար առաջ այս իրադարձութիւնը անխօս ներկայութիւն է բոլոր  կողմերուն ենթագիտակցութեան մէջ` զայն անհրաժեշտ տարր դարձնելով հայ-ազրպէյճանական արդի հակամարտութիւնը հասկանալու համար:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ պատմական իրողութիւն է, հայերուն համար վառ յիշեցում է, որ իրենց մշակոյթն ու գոյութիւնը կրնան ջնջուիլ: Թուրքիան` Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, իսկ Ազրպէյճանը կ՛աջակցի Թուրքիոյ: Հայերը Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրենց անկախութեան ու գոյութեան սպառնացող պետութիւններ կը նկատեն:       Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ ժխտումը կը համարուի ցեղասպանութեան վերջին փուլը: Այս տեսակէտը կրնայ ծանօթ չըլլալ եւրոկեդրոն դիտորդին, քանի որ Ա. Համաշխարհային պատերազմի իրադարձութիւնները տեսանելի ազդեցութիւն չունին այժմու աշխարհի քաղաքականութեան վրայ:

«Ազրպէյճանի եւ թուրք պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընկալումը տարբեր է, երկու երկրներն ալ կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը: Մինչ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը զգալի աշխատանք կատարած են Ցեղասպանութիւնը ժխտող ջանքերով, միեւնոյն ատեն գիտնալով, որ կարելի է իրենց հայ հակառակորդները բնաջնջել առանց հետքի` թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ ալ մշակոյթով: Քանի որ անոնք նախապէս (եւ տակաւին*) կատարած են առանց պատիժի, ուրեմն սա կը նշանակէ, որ հնարաւոր է մարդկային ու մշակութային սպանդը կրկնել:

«Ջէյլան Թոքլուօղլուն ազրպէյճանցիի ինքնութեան մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նկատէ. «Ազրպէյճանցիները հայերուն կը վերագրեն «եզակի ճակատագիր»` արտաքսել բոլոր երկիրներէն: Մինչ Թուրքիան յաջողութեամբ կը լռեցնէ Ցեղասպանութեան մասին խօսողներն ու գրաւոր փաստագրումները, սակայն չէ կրցած լռեցնել ոճրագործներուն, ականատեսներուն եւ զոհերու համայնքներուն ընկերային եւ մշակութային յիշողութիւնը, նո՛յնիսկ` այժմու խորհրդարանին մէջ:

«Խորհրդարանականները` իբրեւ թրքական վրէժխնդրութիւն, հիմնաւորում, կը նշեն հայ արմատականները, որոնք կ?ապստամբէին Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ կը փորձէին մասնատել Թուրքիան օտարներու օգնութեամբ:

«Մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը յաճախ կ՛անտեսուի ժամանակակից խօսոյթին մէջ, սակայն կը շարունակէ մնալ հակամարտութեան կարեւոր երեւոյթ: Հակառակ անոր որ «հինաւուրց ատելութիւն» մըն է այս, սակայն կը շարունակէ այժմէական մնալ կողմերուն համար եւ կ՛ազդէ անոնց քաղաքական հաշիւներուն վրայ: Արտաքին դիտորդներուն կողմէ այս գաղափարը անտեսելը արգելք կը հանդիսանայ, որ գիտակցին, թէ հակամարտութիւնը հայերուն համար գոյութենական խնդիր է:

30 դեկտեմբեր 2024
Շար. 1

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/False_balance
  2. https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/14683857.2024.2384138#d1e136
  3. https://scholar.google.com/citations?user=9jqftOYAAAAJ
  4. https://horizonweekly.ca/fr/88641-2/

    5. Svod statisticheskikh dannykh o naselenii Zakavkazskogo Kraia, izvlechennykh iz posemeinykh spiskov 1886 g. 1893. Tiflis: Zakavkazskii Statisticheskii Komitet

Նախորդը

60 Օրուան Պայմանաժամի Աւարտին. Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակիչները Բանակի Ընկերակցութեամբ` Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Տալով Բազմաթիւ Գիւղեր Մուտք Գործեցին

Յաջորդը

Մշակոյթի Գործիչները Լռում Են, Երբ Կեղծ, Հակագիտական Հիմնաւորումներով Հակադրւում Են Հայրենիքն Ու Պետութիւնը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.