Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին իր յղած շտապ նամակին մէջ յայտնեց. «ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին, ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ զինադադարի համաձայնութիւնը երաշխաւորող կողմերուն կ՛ըսեմ, որ պահը պատմական է, միջազգային յանձնառութիւնը վճռորոշ է, իսկ այլընտրանքը դիմադրութիւնն է եւ միայն դիմադրութիւնը: Մեր գերիշխանութենէն, հողերէն, ինքնապաշտպանութենէն ու մեր ողողող դիմադրութեան հոսքէն երբեք նահանջ պիտի չըլլայ»:
«Երբ Իսրայէլ միջազգային յանձնառութիւնները ոտնակոխ կ՛ընէ, Դիմադրութիւնն ու անոր ժողովուրդն են երաշխաւոր այլընտրանքը, եւ մեր իրաւունքը մեր ձեռքով պիտի առնենք Ուաշինկթընի կեղծաւորութենէն ու աշխարհի խաղէն հեռու: Իսրայէլացին այսօր պէտք է հեռանայ, այլապէս զայն ուժի կիրարկումով պիտի հեռացնենք: Ասիկա հարաւային Լիբանանի մեծ ժողովուրդն է, որ Իսրայէլը իր բոլոր պատերազմներուն մէջ պարտութեան մատնեց եւ այսօր ալ պարտութեան կը մատնէ: Կը դիտենք ՖԻՆԻՒԼ-ի ղեկավարութիւնը, որ իսրայէլեան հրասայլի դերը կը խաղայ, իսկ ամերիկեան դեսպանատունը կը նպաստէ բռնագրաւման խաղին, որ պիտի չյաջողի: Պիտի յաղթենք, ինչպէս մեր յաղթանակներու երկար պատմութիւնը կը վկայէ, եւ միակ լուծումը բռնագրաւող սիոնականին պարտութիւնն է»:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունէն եւ նշանակեալ վարչապետ Սալամէն կը պահանջուի շատ արտակարգ դերակատարութիւն, եւ պատկերը հրաշալի է: Անարժէք է Լիբանանը առանց այս տեսարանի, որ ոմանց կը յիշեցնէ ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մեծութեան մասին: Երաշխաւոր կողմերը բռնագրաւման խաղին մէջ մեղսակից են իսրայէլացիին: Համբերութեամբ ժամանակը 60 օրուան աւարտով վերջացաւ:
«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, շռնդալից յաղթանակ է: Երաշխաւոր կողմերուն կ՛ըսեմ. «Իսրայէլեան հրասայլը կա՛մ կը նահանջէ, կա՛մ կը քանդուի, եւ պատմութեան այս պահուս երրորդ ընտրանք չկայ, եւ ընտրանքը մեր ժողովուրդին, մեր Դիմադրութեան ու բանակին ձեռքն է: Լիբանանի գերիշխանութեան այլընտրանքը չկայ»:


