Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նախա-100-Ամեակ

April 30, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան հերթական ապրիլ  24-ի ստեղծած մթնոլորտը, կազմակերպուած տարբեր բնոյթի ձեռնարկները, համագաղութային մակարդակի վրայ արձանագրուած իրադրութիւնները դիտարկումներու եւ վերլուծումներու դուռ կը բանան անկասկած: Ի հարկէ նկատուած են բացթողումներ, յառաջիկային վերանայելի գործունէութեան եւ գործելաձեւի խնդիրներ, աւելի նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներ իրականացնելու առաջադրանքներու յստակացումներ: Այս բոլորով հանդերձ, նկատուած արտակարգ եռուզեռը, երիտասարդութեան ցուցանիշային իմաստ ունեցած ներգրաւուածութիւնը, նոր շարժումի մը ալիքաւորումները ուրուագծող երեւոյթները ուղենիշեր են անկասկած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ գաղութի բազմամակարդակ պատրաստուածութեան ուղղութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի յառաջացումը            (համասփիւռքեան այս առումով իբրեւ առաջին երեւոյթ) կ՛ազդարարէր լիբանանահայ համայնքին վերագրուող յառաջատարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին նախապատրաստուելու եւ համահայկական ցանցային կառոյցին առաջին օղակը կազմելու: Եւ պատահական չէր, որ այս ուղղութեամբ կարեւոր կենսափորձ կուտակած գաղութը արագօրէն համախմբուէր իր կառոյցներով: Պատահական չէր նաեւ, որ արձագանգումը Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան յանձնախումբէն եղաւ նոյնքան արագ: Պետական յանձնախումբի քարտուղարին տուած  աշխատանքային առաջին այցելութիւնը Պէյրութն էր. առաջին մարմինը, որուն հետ համագործակցութեան ծրագիրներ մշակուած էին, լիբանանահայ մարմինն էր. Ցեղասպանութեան թանգարանի երկիրներ շրջելու կոչուած առաջին շրջուն ցուցահանդէսի կազմակերպումը Պէյրութի մէջ տեղի կ՛ունենար: Տակաւին նոր է, որ մարմին կ՛առնեն ու կը կազմուին լիբանանահայ գաղութէն շատ աւելի մարդաշատ դասական թէ նոր սփիւռքներուն  մէջ գործող հայ համայնքներու 100-ամեակի մարմինները:

Կարեւոր երկրորդ հանգամանքը այն էր, որ  թէ՛  յայտարարողական եւ թէ՛ գործնական մակարդակի վրայ մարմինը 24 ապրիլէ 24 ապրիլ  ոգեկոչական բնոյթէն կ՛անցնէր ռազմավարականի, նպատակ ունենալով`

Ա.- Համագաղութային մակարդակի վրայ առնուազն մինչեւ 100-ամեակ մնայուն աշխատանքային մարմինի վերածել 100-ամեակի մարմինը, որուն գործադաշտին կը ներառուին Հայոց ցեղասպանութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, թրքական գործօնի հետ կապուած զանազան խնդիրներ, հայոց դէմ  Ազրպէյճանի իրականացուցած  ջարդերուն առնչուած ծալքերու բացայայտումներ եւ նման համահայկական հնչեղութիւն ունեցող հիմնահարցեր:

Բ.- Հեռանկարային նկատառումներով այժմէն իսկ համախմբել գաղութին մէջ գործող կուսակցական, երիտասարդական եւ  տարբեր բնոյթի միութիւններու երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները, որոնց յաճախակի շփումները, միասին իրականացնելիք աշխատանքները, միացեալ քննարկումներն ու տակաւ ձեւաւորուող համագործակցութեան դաշտը` նոր եռանդով, նոր հորիզոններով եւ նոր գործելաձեւերով պիտի օժտէ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը:

Գ.- Ժամանակակից խնդիրներու տարողութեան նկատառումը, անոնց արագակշռոյթ փոփոխութիւնները, թշնամիին դրսեւորած արհեստավարժութիւնը եւ մանաւանդ շրջանին ու երկրին մէջ ցուցաբերած արտակարգ աշխուժութիւնը կը պարտաւորեցնեն հայկական կողմը միասնական ներուժի կուտակումով ոչ միայն գործելաձեւի նորարար մշակոյթ որդեգրելու, այլ նաեւ նոր կառուցակարգումներ յառաջացնելու եւ արդիւնաւէտ աշխատելու: Նախապայմանը այս բոլորին համախմբուածութիւնն է իբրեւ նպատակ, իբրեւ առաջադրանքներ եւ մանաւանդ իբրեւ նոր կառոյցներ: Միջկուսակցական ըլլան անոնք, միջյարանուանական, միջմշակութային, համաերիտասարդական թէ միջմիութենական: Այս մանրանկարը ուրուագծուեցաւ այս ապրիլ  24-ին, երբ 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին առընթեր գործեցին նշուած ձեւաչափերու մեր միութիւններու ներկայացուցիչները: Ահա այս կառուցակարգուած մանրանկարն է, որ հետեւողականութիւն պէտք է ստանայ եւ ապրիլ     24-ի ոգեկոչականութենէն անդին կազմակերպուածութեան նոր աստիճանաչափ պէտք է յաջողի նուաճել գաղութին համար:

Դ.- Համագաղութային հետզհետէ ձեւաւորուող համակարգը մնայուն գործակցական կապ պիտի հաստատէ Ցեղասպանութեան  100-ամեակի հայրենական եւ համասփիւռքեան ձեռնարկները համակարգելու կոչուած Հայաստանի պետական յանձնախումբի քարտուղարութեան հետ: Համահայկական միասնականութեան ամէնէն հիմնաւորուած նիւթն է Ցեղասպանութիւնը, որուն ճանաչումի թէ անկէ անդին անցնող հատուցման պահանջատիրութեան հետ կապուած աշխատանքներու գերազդեցիկութիւնը պայմանաւորուած է Հայաստանի պետութիւն-սփիւռքեան կառոյցներ սերտ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ:

Աշխատանքային այս հիմնադրոյթներու մանրանկարային նախանշումներն ու անոնց առընթեր կատարուած յայտարարութիւնները, հարցազրոյցները, ձեռնարկներն ու մամլոյ հաղորդագրութիւնները նախապատրաստած էին լիբանանահայութեան ապրիլեան մթնոլորտը: Երիտասարդութեան համախումբ աշխատանքն ու աշխատանքներուն ներգրաւուելու գործնական պատրաստակամութիւնը յանգեցան  ապրիլեան բազմակողմանիօրէն նկատուած մակընթացութեան: Թրքական դեսպանատան թիրախաւորումն ու քայլարշաւին վրայ բողոքի ցոյցի յաւելումը վերածուեցան ուժի ցուցադրութեան առիթի, որ ամէն պարագայի թշնամիին շրջանային թէ լիբանանեան նկրտումներուն դիմաց անհրաժեշտ երեւոյթ էր:

Մարտահրաւէրները շատ են. առաջադրանքներու տարողութիւնները` ուռճացուած: Բոլորս կը գիտակցինք անկասկած, որ նման մեծ օրակարգերու դիմաց շռայլութիւնը չունինք թէ՛ առաջադրանքները եւ թէ՛ անոնց ընդառաջ առնուելիք քայլերն ու ծրագրելիք աշխատանքները հատուածայնացնելու:

Ապրիլեան ձեռնարկները աւարտած են: Կը շարունակուին սակայն Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած եւ համահայկական հնչեղութիւն ունեցող աշխատանքները: Համագաղութային մակարդակի վրայ եւ մի՛շտ գործակցաբար` Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններուն:

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աշխարհամատրան» Խորհուրդը Կենսաբաշխ…

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շիրակ Գիւմրի Տիրացաւ Տիտղոսին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.