Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Նախագահ Աունին Կը Մաղթեմ Յաջող Նստաշրջան Մը, Իսկ Սալամը Ազգային Ու Միջազգային Հեղինակաւոր Անձնաւորութիւն Է, Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Երթին Աջակցելու»

January 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Պիտի մնանք մեր հասարակութեան ու Լիբանանի ծառայութեան մէջ: Միասնաբար պայքարեցանք երեք տարիներ, որոնք հայրենիքի ամէնէն զգայուն ու ծանր տագնապն էին եւ ամէնէն սուղը մեր ազնիւ հասարակութեան համար, որ իսրայէլեան պատերազմի արհաւիրքը կրեց եւ իր տոկալուն համար սուղ կեանքերով ու արիւնով վճարեց»:

«Միասնաբար քաղաքական բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւեցինք եւ միասնաբար Լիբանանի փրկութեան համար պատասխանատուութեամբ ու հայրենասիրութեամբ դէմ դրինք տարիներէ ի վեր կուտակուած ելեւմտական եւ ընկերային սուր ճգնաժամերուն: Միասնաբար ցաւեցանք հարաւային Լիբանանի համար, եւ մեր սիրտը ամբողջ Լիբանանի հետ խլուեցաւ:

«Միասնաբար պայքարեցանք ու պաշտպանեցինք Լիբանանի դիրքը, միջազգային հարթակներու վրայ արժանապատուութիւնը, եւ միասնաբար պիտի մնանք Լիբանանի ծառայութեան մէջ: Միասին էինք, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխատեցաւ ջանքով ու հաւատարմութեամբ», նշեց Միքաթի:

Ան շարք մը նախարարներու աշխատանքները թուարկելէ ետք նախագահ Ժոզեֆ Աունին մաղթեց յաջող նստաշրջան մը, ուր Լիբանան կը վերատիրանայ իր յառաջատար դերակատարութեան եւ պետութիւններուն ու միջազգային հարթակներու վրայ իր բնական դիրքին:

«Հանգստացնող ու ողջունելի էր իշխանութեան մեկնարկի ամբողջացումը իշխանութեան նստաշրջանի առաջին կառավարութեան կազմութիւնը վստահելով դատաւոր Նաուաֆ Սալամին, որ ազգային ու միջազգային հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մըն է, որ ունի արդարադատական, դիւանագիտական ու մշակութային մեծ ենթահող, որով հպարտ է հայրենիքը:

«Անոր ամենայն յաջողութիւն կը մաղթեմ` վերականգնման ու փրկութեան երթին մէջ, ինչպէս նաեւ ամենայն բարիք եւ կազմութիւնը կառավարութեան մը, որ ըլլայ մարտահրաւէրներու եւ սպասումներու փուլի մակարդակին վրայ` անոր ազգային երթին աջակցելու մեր ամբողջական պատրաստակամութեամբ», յայտնեց Միքաթի:

 

Նախորդը

Պըզրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութիւնը Արագօրէն Կազմելու Համար Երեսփոխանական Եւ Ժողովրդային Մեծ Զօրակցութենէն Օգտուելու

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Նախագահական Պալատ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.