Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրիկմարդ Դարձնող Սարսափը. Միհրանին Յիշատակին

January 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

1978-ին Լիբանանի պատերազմը մօտ երեք տարեկան էր: Այսօր-վաղը լրանալիք պատերազմը տեւեց մօտ քսանհինգ տարի: Լիբանանահայութիւնը  պիտի վճարէր շատ սուղ գին մը. մեծ թիւով   հայեր պիտի հեռանային Լիբանանէն: Վերջ չկար եղբայրասպանութեան: Ամէն օր նոր վտանգներ, մանաւանդ` Պէյրութի մէջ: Պետութիւնը կար ու չկար: Այս ցրուած վիճակին մէջ հրաւիրեցին Սուրիոյ բանակը, որպէսզի Լիբանանի մէջ ապահովութիւն հաստատէ: Այս վերջինն ալ, փոխանակ հաշտութեան միջոց մը  ըլլար, սկսաւ մասնակից  դառնալ քրիստոնեայ համայնքին դէմ լարուածութեան: Սուրիական բանակի բիրտ աշխատելաձեւին պատճառով քաղաքացիական պատերազմը նոր թափ մը ստացաւ: Սկսան  ռմբակոծել  փաղանգաւոր եւ  քրիստոնեայ շրջանները: Հրասայլերով անխնայ կը ռմբակոծէին Պէյրութի ուղղութեամբ: Շատ յաճախ կը ռմբակոծէին սխալ վայրեր: Անշնորհք բանակ մը, որ չյաջողեցաւ որեւէ ձեւով խաղաղութիւն հաստատել: Ընդհանրապէս զբաղած էր գողութեամբ` թանկարժէք ոսկեղէններէն մինչեւ խնձոր եւ լուացք:

Օգոստոս ամսուան մէջ մօրաքոյրս` Շուշանը, տարեդարձի հրաւիրած էր բոլորս: Զաքարին տարեդարձն էր: Զաքարը  մօրաքրոջս առաջին զաւակն է. ծնած էր տասնեօթը տարիներ ուշ, մեծ մօրս` Իսկուհիին վերջին մաղթանքին վրայ… տարեդարձի տօնակատարութենէն ետք, կէս գիշերուան մօտ, Այնճարի Քապուսիէ շրջանէն կը քալէի դէպի Պիթիաս շրջանը: Ինքնաշարժ մը կեցաւ մօտս. Մկրտիչ քեռիս էր: Խնդրեց` ինքնաշարժ մտնեմ, մտայ: Առջեւը նստած էր մեծ հայրս` Սարգիսը: Խորհեցայ` տուն պիտի երթանք, բայց ուղղուեցանք դէպի Տէր Զանուն: Մեծ հայրս խնձորի պարտէզ մը ունէր այդտեղ, Այնճարէն քանի մը մղոն հեռու: Իմացայ, որ մեծ հայրս գիշերները հոն կը մնայ, որովհետեւ մօտակայ վրաններու մէջ բնակող պաղեստինցի գաղթականներ խնձոր կը գողնային: Ի՜նչ քաջութիւն. մեծ հայրս որսի զէնքով, պատերազմի տարիներուն պաղեստինցի գողեր պիտի վանէ առանձինն: Մուսալեռցի անվախ հոգի մը: Հազիւ պարտէզ հասանք, մեր վրայ յարձակեցան ծպտուած զինեալներ: Մօտակայ վրաններու մէջ ապրող պաղեստինցիներ էին: Սկսան կրակել: Անխնայ կը ծեծէին եւ կը կրակէին: Մութին մէջ միայն կրակոցները լսելի էին: Քաշքշելով երեքս տարին վրանի մը մէջ: Ուժասպառ էի. կը յիշեմ` գետին նստայ: Ականջէս հարուած մը ստացած էի ու բերնէս` վիրաւորուած: Սկսայ  վախնալ. ծեծը  մոռացութեան մատնած էր յարձակման վախը: Ծպտեալներու մէջքերուն դաշոյններ նկատեցինք: Կը մեղադրէին մեզ իրենց վրայ կրակած ըլլալու յանցանքով: Այդ պատահած էր աւելի կանուխ: Սկսան մեծ հօրս հետ խօսիլ: Պաղեստինցի երիտասարդ մը ճանչցաւ զինք. հովիւ ըլլալու էր: Սպասում մը եղաւ. կէս ժամ անց` ներս խուժեցին սուրիացի զինուորներ եւ բիրտ կերպով մեզ դուրս հանեցին ու տեղաւորեցին զինուորական ինքնաշարժի մը մէջ: Հրասայլ մը եկած էր մեզ հսկելու: Մօտ տասը զինուորներով շրջապատուած` հասանք Շթորա, ուր ամայի դաշտի մը մէջ յանկարծ  վարորդին հրահանգեցին, որ կանգ առնէ: Այդտեղ սարսափելի էր սպասումը: Մէկ ժամ անց այդ  ճամբով մեզ տարին Մասնաա, Լիբանանի սահմանը: Այնճարի մուտքին ազատ արձակեցին մեծ հայրս, որ քալելով պիտի երթար գիւղ: Ժամը առտուան չորսի մօտերը ըլլալու էր: Մկրտիչ քեռիս եւ ես մտանք շէնքի մը ներքնայարկը: Չէինք գիտեր, թէ ո՛ւր էինք. քանի մը վայրկեան ետք հրեցին մեզի մութ սենեակ մը, ուր տեղի ունեցած սարսափի պատմութեան համար կը զգուշացնեմ ձեզ, սիրելի՛ ընթերցողներ:

Ներսը շատ մութ էր եւ տաք: Փորձեցի քալել, բայց չկրցայ. գետինը մարմիններ կային: Մէկուն ոտքին կոխեցի, սկսաւ հայհոյել եւ ըսաւ` գետին նստեցէք: Նստանք: Ներսի օդը այնքան նեխած էր, կարծես մեռելներ կային հոն: Մէկ ժամ անց արեւի լոյսը փոքր պատուհանէ մը սկսաւ երեւիլ: Ի՜նչ պատկեր սենեակին մէջ. տեսանք քանի մը տասնեակ  մարդիկ, որոնք կմախքներու նման էին, այնքան նիհարցած: Բոլորը սկսան ծխել. այդ  հոտը պակաս էր: Քեռիս սկսաւ հարցումներ ուղղել: Ըսին, որ այս բանտէն ազատող տակաւին չէ եղած, կա՛մ ծեծի տակ կը մեռցնեն, կա՛մ Դամասկոս կը ղրկեն, Մեզզէ կոչուած բանտը, ուրկէ հոգիդ միայն կ՛ազատի: Առաջին այս ժամերուն խենթի նման փախուստի մասին կը մտածէի: Չէի խօսեր. արաբերէն շատ քիչ գիտէի: Գիտցածս ալ, այդ անիծեալ տեղը, սկսայ աւելիով թոթովել: Դէմքս ուռած էր. ծեր բանտարկեալ մը մօտեցաւ եւ արաբերէն առած մը ըսաւ` «Հապըս լըլ ռըժժալ», որ կը նշանակէ` «Բանտը էրիկմարդոց համար է»: Պատիւը ինծի, էրիկմարդ դառնալու ի՜նչ լաւ առիթ: Բանտապահ զինուոր մը դուռը բացաւ եւ հալվայի տուփ մը տուաւ. թէյ էր, կը խմէին եւ իրարու կը փոխանցէին: Կէս օր անց դարձեալ բանտապահը եւ երկու զինուորներ ներս մտան ու գետին թափեցին ճաշ մը: Իրար անցած` սոված կմախքները այդ կոյտին վրայ յարձակեցան: Ձեռքերով կը սեղմէին ու կ՛ուտէին, այնպէս` ինչպէս սով պատահած ըլլար: Մենք չմօտեցանք: Երկու օր չկրցանք ուտել գետնէն: Երրորդ օրը քեռիս շապիկին մէջ վերցուց այդ ճաշէն եւ մօտս բերաւ: Իմացանք, որ զինուորներէն աւելցած ճաշեր են, իսկ թէյի տուփերը կը պահէին եւ կը գործածէին որպէս միզելու ամաններ: Գետինը փռած էին թուղթէ տոպրակներ, կային քանի մը ծածկոցներ: Աւելի լաւ էր բան մը չունենալ, որովհետեւ նեխած էին: Ներսը կը ծխէին այնպիսի խնայողութեամբ, որ կարծես վերջին սիկարեթը ըլլար:

Քանի մը օր  ետք, սենեակէն դուրս, անցքին մէջ ներկայութեան ստուգում եղաւ: Սպայ մը անունները կը կարդար.  անակնկալ ապտակ մը ստացայ: Անունս ըսուեր է եւ չեմ լսած. խուլցած չէի, բայց բան չէի հասկնար: Ներս մտանք. քանի մը տուփ սիկարեթ նուիրած էի բանտապահին, սկսաւ թէյի տուփերը առաջինը ինծի տալ: Երեկոները սարսափը կը սկսէր: Քովի սենեակներէն կու գար այդ էրիկմարդ դարձած ուրուականներուն ոռնոցը: Կար «Տուլապ» կոչուած անիւէ շինուած կառք մը, որուն վրայ կը կապէին քրիստոնեաները: Երբ ներս կը բերէին,  չէիր կրնար ճանչնալ  բախտակիցդ: Չպատմուելիք տեսարաններ. եթէ թուղթը արտօնէր, կը գրէի..

Օրերու հաշիւը ա՛լ կարելի չէր պահել. շատ ճնշուած էինք: Մէկ ամիս անցած էր, բայց քեռիս երբեք վախ չէր յայտնած: Սկսաւ քիչ մը խօսիլ. ոչ մէկ լուր տունէն,  ոչ իսկ գիւղի պատկան մարմինէն: Գիտէինք, որ սուրիական բանակին հետ մօտիկ յարաբերութիւն չկար: Բաւական կաշառք տուած էին, բայց չէին կրցած հասնիլ մեզի:

Բանտի կեանքը հետզհետէ կը ծանրանար: Թաթայ ըսուած ոջիլը անտանելի դարձուցած էր գիշերները: Օր մը բոլորս դուրս հանեցին, իբր թէ դեղ  պիտի սրսկէին: Այն ատեն իմացայ ուր ըլլալնիս. հեռու, լերան ստորոտը տեսայ հովիւ մը. երանելի էր:

Գիշերները  կմախքները երգ մը կ՛երգէին. յուզիչ սիրային երգ մը` Լէյլային նուիրուած: Բառերը չեմ յիշեր, բայց «տիկ տամ, տիկ տամ» կրկներգ մը ունէր: Երգէն ետք երկար լռութիւն եւ հեծեծանք կը լսէի: Իսլամները կ՛աղօթէին, բայց հետաքրքրական էր քրիստոնեայ երկու եղբօր քաջութիւնը: Երգ մը կ՛երգէին եւ «եասուղ» բառը տասնեակ անգամ կը կրկնէին: Մահէն անդին միթէ ի՞նչ կար:

Բախտաւոր օր մը բանտապահը ներս մտաւ` ծրար մը ձեռքը: Անուն մը կանչեց, ես «Արա» լսեցի: Գացի եւ արի ծրարը: Ի՜նչ հրաշք: Շթորայէն խորոված հաւ եւ թարմ հաց: Շուարած գացի քեռիիս մօտ: «Մէկդի դիր հիմա», ըսաւ: Քանի մը վայրկեան համբերեցի. նախ սկսայ հացը ուտել: Ա՛լ չեմ գիտեր. հազիւ սկսանք ուտել, քանի մը բանտարկեալներ մօտեցան: Որո՞ւ բաւէր, վարկեաններու հարց էր: Ժամ չանցաւ` բանտապահը նորէն եկաւ եւ «Պշարա» կանչեց:  Պշարան ստացաւ երկրորդ ծրար մը. բանտապահը եկաւ եւ անցքին մէջ տարաւ զիս: Իմացայ, որ Պշարային հաւը կերած եմ: Սաստեց զիս, մէկու մը չըսես, ըսաւ: Ներսը քեռիս հազար ներողութիւն կը խնդրէր Պշարայէն: Մեր բոլոր բաժին ծխախոտները Պշարային նուիրեցինք… ամենայարգի նուէրն էր ծխախոտը:

Առաւօտ մը արթնցայ եւ նկատեցի, որ քեռիս տարած են: Երանի կարենայի դողալ: Սառած էի: Լակոտներ չորս դիս «տարին, տարին» կ՛ըսէին, Մեզզէի բանտը, Դամասկոս  տարած են` ըսելով: Ամբողջ օրը սարսափահար գետին նստած մնացի: Գիշերը բանտապահը դուրս հանեց զիս, ի՜նչ հրաշք. խոհանոցին մէջ նստած հետը թէյ կը խմէի: Պատմեց, որ երբ քեռիս ազատ արձակած են, տանջուած վեհանձն մարդը փորձած է ներս` քովս գալ, չեն արտօնած: Գիւղին առաջնորդները ի վերջոյ կաշառքի միջոցով սկսան հետս կապ մը պահել: Մօտ քսան օր առանձին մնացի: Գիշերները չէին անցներ: Բանտապահը առիթ տուաւ, որ բաղնիք երթամ, եւ գաւաթ մը տուաւ, որ լոգնամ, առանց օճառի: Այդտեղ պատուհանէն հովիւ մը տեսայ, հեռու լերան տակ, ոչխարներ կ՛արածէր: Երանի տուի անոր ազատութեան…

Գիշեր մը բանտին մէջ կռիւ մը սկսաւ: Խեղճ մարդ մը կար, եւ գազան մը զայն կը գործածէր իբրեւ աւազի տոպրակ: Գիշեր մը խելագարը ցաւէն գայլի նման ոռնաց: Յանկարծ լոյսը բացուեցաւ եւ առաջին անգամ ըլլալով ներս մտաւ սպայ մը: «Բոլորդ մերկացէք», հրահանգեց, եւ խեղճուկին յանձնեց  մտրակ մը` հիւսուած թաց պարանէ: Հրահանգեց սպաննել այն անձը, որ ծեծած էր իրեն: Խելագարը դարձաւ գազան: Անխնայ սկսաւ բոլորս մտրակել: Վերջապէս քաջ խենթ մը առաջ հրեց այն կենդանին, որ ինքզինք բանտի հերոս հռչակած էր եւ կը ծեծէր այդ խեղճ տղուն: Խելագարը ուժասպառ էր. հազիւ քանի մը հարուած կրցաւ զարնել կենդանիին: Այդ օրը բախտաւոր էի, որ հարուած չստացայ: Ատկէ առաջ քանի մը անգամ զօրաւոր հարուածներ ստացած էի, երբ չէի լսեր: Խուլ վիճակ մը ունէի: Մահուան վախ մը կար մէջս այն օրէն, երբ քրիստոնեաներ տարին Մեզզէ` Դամասկոսի բանտը, չարչարանքի վերջին կայանը:

Օր մըն ալ եղբայրս` Հայկը եկաւ: Կրցած էր մինչեւ խոհանոց հասնիլ` Միհրան Շամոյեանի միջամտութեամբ: Միհրան խոնարհ անձնաւորութիւն մըն էր: Լսած էր դէպքին մասին եւ` օգնութեան փութացած: Կեանքէն աւելի մեծ, ազնիւ հսկայ մը: Լուսանկարչական արհեստին միջոցով քանի մը սպաներ կը ճանչնար: Եղբօրս հետ երկար նստանք, բայց արգիլուած էր հայերէն խօսիլ: Երկուքս  ալ արաբերէն լեզուի մէջ ձախող էինք: Սպաները, չորս դին, կ՛ուզէին բան մը իմանալ: Նախադասութիւն մը կրցայ սահեցնել եւ ըսի` «Մեռնելիք եմ, աճապարեցէք»:

Ազատագրուած գիշերը նախ խոհանոց տարին զիս: Բաց դուռ մը կար, ուրկէ երթեւեկի ճամբան տեսայ: Ազատութիւնը կարծես ըլլար անձ մը, որ կը սպասէր: Աննկարագրելի զգացում մը ունեցայ, երբ տեսայ գիւղի ընկերներ, որոնց դէմքին ժպիտ կար: Աճապարեցին ու տարին զիս  գիւղ, տուն: Շաբաթներ ետք հանդիպեցայ Միհրանին, աշուղական երգեր կ՛ունկնդրէր ինքնաշարժին մէջ: Ապագային ես ալ սիրահարը դարձայ այդ երգերուն: Աշուղին բառերը կարծես իրեն համար գրուած ըլլային` «Աշուղ սիրող մարդը ուրիշ է, ուրիշ»:

Յարգելի՛ ընկերներ, ինչ օրեր կը սպասեն կեանքիս, չեմ գիտեր: Գիտեմ` դժոխք երթալու չեմ սպասեր, մէկ անգամ գացած եմ: Անասելի ու անմարդկային  տառապանքներ, որոնք կեանքս ճնշեցին: Միշտ կը յիշեմ վեհանձն Միհրանը, աշուղ սիրողը: Մկրտիչ քեռիիս հպարտ, լուռ ու անպարտ դէմքը, դժոխքի անծանօթ ուրուականները, հովիւը, որ ազատութեան մէջ էր:

Այդ մահուան հովիտի շուքը, որ Սուրբ Գիրքը կը յիշէ, ես անցայ անկէ: Շուքը իմ վրաս չմնաց, այլ մնաց այդ  վայրագ վարչակարգին վրայ մինչեւ այսօր: Այսպէս, քանի մը անգամ դիմագրաւած եմ  ծանր պայմաններ: Հօրս մահը, օտարութիւն, անօթի օրեր, մահացու հիւանդութիւններ, Արցախի կորուստ, մօրս չարչարանքը, Այնճար ապրելու կարօտը: Դժուար եղաւ ճամբաս, ըմբոստ ու յաղթող եղայ ու ապրեցայ: Հաւատարիմ մնացի սկաուտական երդումիս, բարիք ըրի, երբ կրցայ, բայց մանաւանդ երբ կարող իսկ չէի: Բաւարարուած եմ եւ կեանքիս շարունակութեան համար  ունիմ հարիւր տարի բաւող մթերք` գիրք:

Այդ սարսափի մեքենան չվայլեց ո՛չ գրաւեալ Լիբանանը, ո՛չ իսկ իր սեփական երկիրը: Սուրիան այսօր փճացած է, կմախքներէն անիծուած է յաւիտեան. անիծուած է իմ կողմէս եւ այն բոլոր մայրերէն, որոնց ընտանիքները զոհ դարձան այդ գազանին: Մաղթանքս է, որ օր մը վերջ գտնէ այդ: Այդ օր կը տօնախմբեմ ազատութիւնս: Էմինի մաղթանքով` «Գալու է»:

Ֆրեզնօ
10 սեպտեմբեր 2010

 

Նախորդը

Գայլ Ալիեւը` Ընդդէմ Գառնուկ Փաշինեանի. Յստակ Է, Թէ Ո՞վ Որո՛ւ Պիտի Բզկտէ

Յաջորդը

Յակոբ Գազազեան Փաշա (1887-1891). Ելեւմուտքի Նախարար` Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.