Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գայլ Ալիեւը` Ընդդէմ Գառնուկ Փաշինեանի. Յստակ Է, Թէ Ո՞վ Որո՛ւ Պիտի Բզկտէ

January 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կը թուի, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի զիջումները` Ազրպէյճանի պահանջներուն, վերջ չունին: Միակ վերջը պիտի ըլլայ Հայաստանի վերջը:

Նախորդ շաբաթ, երբ նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս սպառնալիքներ ուղղեց Հայաստանի հասցէին, Փաշինեան պատասխանեց յաւելեալ զիջումներով: Կարծես թէ Ալիեւն է, որ Պաքուէն Հայաստանը կը ղեկավարէ:

7 յունուար 2025-ին Ալիեւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուաւ մամլոյ ծաւալուն ասուլիս մը, որուն ընթացքին չափազանց ստորնացուցիչ եղանակով ամբարտաւան յայտարարութիւններ կատարեց Հայաստանի մասին: Ահա հատուածներ` անոր յայտարարութիւններէն.

– Հայաստանը Ազրպէյճանին վերադարձուց Տաւուշի մարզի չորս գիւղերը` «առաւելաբար մենախօսութեան, քան` երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք»: Հայաստան այս գիւղերը վերադարձուց «ճնշման տակ»:

– «Հայաստան չի կրնար մեզի հետ մրցիլ սպառազինութիւններու մրցավազքին մէջ»:

– «Անկախ հայկական պետութիւնը, ըստ էութեան, ֆաշիստական պետութիւն է… Կա՛մ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՛ոչնչացնէ զայն, կա՛մ ալ մենք»:

– «Հայաստան անյապաղ պէտք է դադրեցնէ սպառազինումը: Ֆրանսան եւ Հայաստանին զէնք մատակարարող միւս պետութիւնները պէտք է դադրեցնեն պայմանագիրները ու չեղարկեն զանոնք: Արդէն իսկ Հայաստանին մատակարարուած սպառազինութիւնը պէտք է վերադարձուի»:

– «Առանց Մինսքի խումբի լուծարման, առանց Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան` խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը անկարելի է»:

– «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի, եւ անիկա պիտի բացուի»:

–  «Անոր (նախագահ Թրամփի) առաջին նստաշրջանին Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չկար: Ընդհակառակը, յարաբերութիւնները շատ դրական էին, եւ մենք կարողացանք յառաջընթաց արձանագրել բազմաթիւ ոլորտներու մէջ: Ազրպէյճանին վերաբերող Պայտընի վարչակազմին գլխաւոր սխալը այն էր, որ անոնք զոհաբերեցին Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները յանուն Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն»:

– «Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ներկայի տարածքը, ըստ էութեան, կը ներառէ պատմական հողերը, ուր հիմնականին մէջ ազրպէյճանցիներ ապրած են, այսօր մենք կը պնդենք, որ 300 հազար արեւմտեան ազրպէյճանցիներ պէտք է վերադառնան այդ շրջանները: Սակայն ընդհանուր թիւը այդ շրջանէն տեղահանուածներու, որոնք այժմ կ՛ապրին Ազրպէյճանի տարբեր շրջաններուն մէջ` իրենց ժառանգորդներուն հետ, քանի մը անգամ կը գերազանցէ 300 հազարը»:

Երբ հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ դժգոհութիւն յայտնեցին Ալիեւի սպառնալից մեկնաբանութիւններուն վերաբերեալ Փաշինեանի տարօրինակ լռութենէն, ան վերջապէս համաձայնեցաւ 8 յունուարին պատասխանել «Արմէնփրես»-ի քանի մը հարցումներու:

Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի մասին թշնամական յայտարարութիւններ կատարելով` Ալիեւ կ՛ակնկալէ նոյնանման թշնամական պատասխան Հայաստանէն` «հիմք ստեղծելու տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութեան: Մենք պիտի չընթանանք այս ուղիով, այլ հաւատարիմ պիտի մնանք խաղաղութեան ռազմավարութեան»: Փաշինեան կը շարունակէ խաղաղութիւն մուրալ եւ անտեսել Ալիեւի բազմաթիւ մերժումները: Ալիեւ կը նախընտրէ Հայաստանէն կտոր մը, քան` թուղթի կտոր մը, զոր պիտի անտեսէ, նոյնիսկ եթէ զայն ստորագրէ: Այս կարճ հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեան 11 անգամ կրկնեց խաղաղութիւն բառը:

Երբ անկէ խնդրեցին պատասխանել Ալիեւի այն մեղադրանքին, թէ Հայաստան «ֆաշիստական պետութիւն է», Փաշինեան երկչոտօրէն համաձայնեցաւ, որ Ազրպէյճանի մէջ կայ նման ընկալում Հայաստանի մասին, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ կայ նման ընկալում Ազրպէյճանի մասին:

Ալիեւի կողմէ Հայաստանի տարածքով ազրպէյճանական միջանցքի մնայուն պահանջներուն վերաբերեալ Փաշինեան անգամ մը եւս չպահանջեց, որ, ինչպէս նշուած է 2020 թուականի համաձայնագիրին մէջ, Ազրպէյճան թոյլ տայ Հայաստանին` փոխադարձ մուտք ունենալ Ազրպէյճանի տարածքով:

Պատասխանելով Ալիեւի` Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս «Արեւմտեան Ազրպէյճան» անուանելու մասին հարցումին, Փաշինեան պարզապէս ըսաւ. Ալիեւը «այս թեմայով նոր բան չըսաւ, որ ես նոր արձագանգ ունենամ»:

Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ զէնք ձեռք բերելու վերաբերող Ալիեւի բողոքներուն` Փաշինեան յայտարարեց. «Ոչ ոք կրնայ վիճարկել պաշտպանուող բանակ ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւունքը»: Այնուհետեւ ան աւելցուց. «Մենք Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւուած տարածքները ռազմական ուղիով վերադարձնելու խնդիր չենք դներ…»:

Հայաստանի կողմէ զինադադարը խախտելու վերաբերեալ ազրպէյճանական մեղադրանքներուն ի պատասխան` Փաշինեան կրկնեց իր առաջարկը. «Ստեղծել միացեալ գործիքակազմ, որպէսզի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերող իւրաքանչիւր ահազանգ համատեղ ստուգենք եւ գանք համատեղ եզրակացութիւններու»:

Յունուար 9-ին Փաշինեան Դիմատետրի իր էջով հրապարակեց ծաւալուն յայտարարութիւն մը` 17 կէտերէ բաղկացած,  կատարելով Ալիեւի զիջումներու պահանջները:

Ան «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը նկարագրեց իբրեւ Ազրպէյճանի արեւմտեան մասին մէջ գտնուող քանի մը քաղաքներէ բաղկացած տարածք, ներառեալ` Արցախի հատուածները: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքները կեղծօրէն անուանեց որպէս «Արեւմտեան Հայաստան»` նենգաբար աւելցնելով. «Ասկէ դուրս չկայ եւ չի կրնար ըլլալ Արեւմտեան Հայաստան»:

Այնուհետեւ ան մանրամասնեց` «տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու» բաղադրիչները.

– «Փոխադարձաբար հրաժարիլ կացութիւնը լարող խօսոյթներէն,

– «Շարունակել սահմանազատման աշխատանքը,

– «Կնքել խաղաղութեան պայմանագիր, որ 90 տոկոսով պատրաստ է,

– «Իրագործել «խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը,

– «Զինադադարի դրութեան խախտումներու հետաքննութեան միացեալ գործիքակազմ ներդնել,

– «Ամբողջական կերպով լուծել պահուող անձերուն խնդիրը,

– «Ամբողջ թափով աշխատիլ գտնուելու վայրը անյայտ նկատուող անձերու ճակատագիրի պարզաբանման հարցի լուծման համար,

– «Հրաժարիլ իրարմէ եղած պահանջներէ, ներառեալ, բայց` ոչ սահմանափակուած, միջազգային դատական ատեաններուն մէջ,

– «Աշխատիլ խաղաղութեան պայմանագիրի կէտերու ամբողջական եւ արդիւնաւէտ իրագործման վրայ,

– «Սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման, բաժիններու սահմանափակման, կիրարկման սահմանափակումներուն շուրջ բանակցելու գործիքակազմ ձեւաւորել,

– «Երկու երկիրներու գաղթականներու հարցերը քննարկել ամբողջութեան մէջ` խաղաղութեան հաստատումէն ետք ձեւաւորելով համատեղ մասնագիտական, փորձագիտական յանձնաժողովէ,

– «Լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը»:

Այս կէտերէն քանի մը հատը կրկնութիւնն են Փաշինեանի նախկին առաջարկներուն, զորս Ալիեւ չէ ընդունած: Սակայն անոնցմէ քանի մը հատը կը հակասեն Հայաստանի շահերուն, մասնաւորաբար` միջազգային դատարաններուն մէջ փոխադարձ դատերը յետս կոչելը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումը: Այս երկու պահանջներն ալ եղած են Ալիեւի թելադրանքով:

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Յունուար 2025)

Յաջորդը

Էրիկմարդ Դարձնող Սարսափը. Միհրանին Յիշատակին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.