Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Արսենալ – Թոթենհամ

January 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Լոնտոնի մէջ Արսենալ յունուար ամսուան իր 9 մրցումներէն 5-րդը պիտի կատարէ իր դրացի-թշնամի Թոթենհամին դէմ «Լոնտոնի տերպի» խաղին:

Արսենալ այժմ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ 2025-ի իր առաջին մրցումը միայն յաղթանակով աւարտած է (Պրենթֆորտի դէմ), մինչ Պրայթընի (հաւասար), Նիւքեսըլի (0-2) եւ Եունայթըտի (փենալթիներով պարտուած) դէմ չկրցաւ լաւ ելոյթներ ունենալ:

Թոթենհամի պարագան ալ նախանձելի չէ: Ան «Փրեմիեր լիկ»-ի իր վերջին 4 մրցումներէն 3-ը պարտութեամբ աւարտած է առանց նոյնիսկ յաղթանակի:

«Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումը պիտի ըլլայ հիւսիսային Լոնտոնի 211-րդ տերպին, ուր Միքել Արթիթայի խումբը (Արսենալ) իր վերջին տերպիներէն 8-էն 6-ը յաղթած է Թոթենհամին: Խումբերու դիրքերն ալ արդէն իսկ կը փաստեն Արսենալի առաւելութիւնը: Արսենալ 2-րդ դիրքը կը գրաւէ 40 կէտերով, մինչ 16 կէտով ետ կը մնայ Թոթենհամը 12-րդ դիրքին վրայ:

Սաքա, Թոմիյասու եւ Ուայթ պիտի բացակային Արսենալէն, մինչ Թոթենհամէն կը բացակային Պենթաքուր, Ռիչարլիսոն, Ռոմերօ, Ուտոկի, Վան տը Վեն եւ բերդապահ Վիքարիօ, որոնք վիրաւոր են:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.

Էվըրթըն – Ասթոն Վիլա
Լեսթըր – Քրիսթըլ Փելես
Նիւքեսըլ – Վուլվզ
Արսենալ – Թոթենհամ

ՎԱՂԸ

Իփսուիչ – Պրայթըն
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Սաութհեմփթըն

Գերմանիոյ Պունտըսլիկայի 17-րդ հանգրուանի (երթի վերջին) մրցումներուն գծով Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Հոֆենհայմը:

Կը սպասուի, որ Պայերնի խումբ վերադառնայ Ժամալ Մուսիալա, որ բացակայ էր Մէօնշընկլատպախի դէմ մրցումէն` հիւանդ ըլլալուն պատճառով: Անոր վերադարձով Պայերն բոլորովին տարբեր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ: Հոֆենհայմ 15-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ իր վերջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Վոլֆսպուրկէն: Պէտք է ըսել, որ իր վերջին 9 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ արձանագրած Հոֆենհայմ պիտի փորձէ պաշտպանուիլ առնուազն կէտ մը խլելու Պայերնէն:

Շթութկարթ, որ անցեալ տարի 2-րդ դիրքը գրաւած էր, դժուար մրցում մը պիտի ունենայ իր դաշտին վրայ` հիւրընկալելով Ռետ Պուլ Լայփցիկը:

7-րդ դիրքը գրաւող Շթութկարթ համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ սկսաւ արձանագրել վերջերս, եւ այսօրուան մրցումը կրնայ ցոյց տալ, թէ անցեալ տարուան մակարդակին հասա՞ծ է խումբը, թէ՞ ոչ:

Ստորեւ` 17-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Պոխում – Զանքթ Փաուլի
Շթութկարթ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Պայերն Միւնիխ – Հոֆենհայմ
Վերտըր Պրեմըն – Հայտընհայմ
Ունիոն Պերլին – Աուկզպուրկ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի ախոյեանութեան գծով յետաձգուած մրցումի մը, անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Պոլոնիան:

Ինթեր, որ «Սերի Ա.»-ի գծով իր վերջին 6 մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրած է, մրցանիշ մըն ալ իրագործեց, երբ վերջին մրցումին Վենեցիայի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրեց` օտար դաշտի վրայ ձեռք ձգելով 6-րդ յաղթանակը` առանց մէկ կոլ իսկ ստանալու:

Պոլոնիա 7-րդ դիրքը կը գրաւէ 14 կէտով ետ մնալով Բ. դիրքը գրաւող Ինթերէն, որուն կը վերադառնայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ մկանը ցաւցուցած էր Ա. Սէ. Միլանի դէմ գերբաժակի մրցումին:

Հաքան Չալհանօղլու վիրաւոր է եւ Խոաքին Քորէայի նման պիտի բացակայի Պոլոնիայի դէմ մրցումին:

Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ալ տեղի պիտի ունենան բաժակի գծով մրցումներ:

 

Նախորդը

Քվարացխելիա Այսօր Կրնայ Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Յաջորդը

Իրան Սուրիոյ Հարցով Յատուկ Բանագնաց Կը Նշանակէ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.