Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Եւ Էտուըրտծ Փայլեցան Ուաշինկթընի Մէջ

January 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Անթոնի Էտուըրտծ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուր իր 41 կէտերէն 20-ը նշանակեց 4-րդ եւ վերջին մասին` Ուիզըրտծի դէմ մրցումին:

Մինեսոթա, որ իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 5 մրցումներուն, շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ, եւ մրցումը վճռուեցաւ միայն վերջին մասին, ուր Էտուըրտծ եղաւ խումբին աստղը: Էտուըրտծ, որ շաբաթ օր իրաւարարին դէմ անվայել շարժումներ կատարելուն համար 50 հազար ամ. տոլար տուգանքի ենթարկուած էր, 60 տոկոս յաջողութեամբ նշանակեց` վերջին մասին արձանագրելով 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ, ինչպէս նաեւ 5 յաջող կողովներով:

Ճուլիըս Ռենտըլ 20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ աւելցուց եւ Ռուտի Կոպեր 11 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 13 թըրնօվըր կատարելէ ետք վերջին մասին գրեթէ անսխալ էր:

Քայլ Քուզմա եւ Ճորտըն Փուլ յաջորդաբար 22 եւ 20 կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Ուաշինկթընի, որ կը մնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նուազագոյն յաղթանակ արձանագրած խումբը (6):

Անցեալ չորեքշաբթի օր իր վերջին մրցումը կատարած Լոս Անճելըս Լէյքըրզ վերադարձաւ դաշտ` Լոս Անճելըսի հրդեհներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, բայց պարտութիւն մը կրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզէն` 126-102 արդիւնքով:

Լէյքըրզ, որ Բ. մասին 11 կէտով կը յառաջանար, մանաւանդ 4-րդ մասին չկրցաւ մրցիլ Սփըրզի երիտասարդ խումբին դէմ` կորսնցնելով 4-րդ մասը 37-13 արդիւնքով:

Անթոնի Տէյվիս միակ մարզիկն էր, որ կրցաւ կայուն մրցում մը ունենալ` նշանակելով 30 կէտ եւ ձեռք ձգելով 13 ռիպաունտ: Լըպրոն Ճէյմս (18 կէտ), Օսթըն Ռիզվ (12 կէտ) եւ Մաքս Քրիսթի (10 կէտ) չկրցան լաւ ելոյթ ունենալ, մինչ Ռոսի Հաշիմուրա մօտ կէս ժամ խաղցաւ, բայց 9 կէտ նշանակեց միայն ի նպաստ Լէյքըրզի: Միւս կողմէ, Սփըրզի 6 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա, Տեւըն Վեսըլ եւ Սթեֆըն Քասըլ 23-ական կէտեր նշանակեցին: Հարիսըն Պրանզ (17 կէտ), Քրիս Փոլ (13 կէտ եւ 10 էսիսթ) եւ Քելտըն Ճոնսըն (10 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան ի նպաստ Սփըրզի, որ 19-ի հասցուց իր յաղթանակներու հաշիւը, 19 պարտութեան դիմաց: Ասիկա Լէյքըրզի 17-րդ պարտութիւնն էր 37 մրցումներու ընթացքին:

Լոս Անճելըսի միւս խումբը` Քլիփըրզ, 109-98 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Մայեմի Հիթի: Ճէյմս Հարտըն 26 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի, մինչ Թայլըր Հետրօ 32 կէտ եւ 11 ռիպաունտ կատարեց Մայեմիի հաշուոոյն:

Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Հիուսթըն Ռոքեթց 13 կէտով ետ մնալէ ետք Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ, 4-րդ մասին բարելաւեց իր խաղաոճը եւ կրցաւ 2 կէտով յաղթանակ մը արձանագրել Ճէյլըն Կրինի 42 կէտերուն շնորհիւ:

Ճա Մըրենթ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիսի, բայց վերջին վայրկեանին 2 ազատ հարուածներ կորսնցնելով յուսախաբ ըրաւ Մեմֆիսի համակիրները:

Նիւ Եորք Նիքս անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզէն` 119-124 արդիւնքով: Քէյտ Քանինկհամ 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, մինչ Ճէյլըն Պրանսըն 31 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Նիքսի, որ իր դաշտին վրայ անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ:

Նիւ Եորքի 15-րդ պարտութիւնն էր, մինչ Տիթրոյիթ իր 21-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 106-120
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 104-101
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 119-124
Հիւսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 120-118
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ 109-98
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 102-126

Նախորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց. Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Յաջորդը

Քվարացխելիա Այսօր Կրնայ Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.