Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ճա Մըրենթ Կարեւոր Կէտեր Նշանակեց` Առաջնորդելով Կրիզլիզը

January 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ 127-125 արդիւնքով, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Մրցումը գրեթէ հաւասար կ՛ընթանար, բայց վերջին վայրկեանին Ճա Մըրենթ, որ համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցաւ, 2 կարեւոր կողովներ նշանակեց` պատճառ դառնալով, որ Մեմֆիս յաղթէ Մինեսոթայի:

Ճերըն Ճեքսըն (33 կէտ) եւ Տեզմընտ Պէյն (21 կէտ) եղան Մեմֆիսի լաւագոյն մարզիկները, մինչ Տոնթէ Տիվինչենցօ 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, իսկ Ճէյտըն Մաքտենիըլզ 21 կէտ աւելցուց Թիմպըրվուլվզի հաշուոյն, որ սակայն կրեց իր 18-րդ պարտութիւնը` 38-րդ ելոյթին:

Կրիզլիզի 25-րդ յաղթանակն էր 39-րդ մրցումին:

Ֆինիքս Սանզ վերջին 4 մրցումներուն իր 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 114-106 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եութա Ճեզին: Եութայի 3-րդ յաջորդական պարտութիւնն էր:

Արիզոնայի մէջ, Ֆինիքս մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ առաջ մնաց, ուր փայլեցան մանաւանդ Տեւըն Պուքըր – Քեւըն Տիւրենթ զոյգը: Պուքըր 34 կէտ նշանակեց, մինչ Տիւրենթ աւելցուց 25 կէտ ի նպաստ Ֆինիքսի, որ իր 18-րդ յաղթանակը ձեռք ձգեց իր 37-րդ ելոյթին:

Եութա 28-րդ պարտութիւնը կրեց 37 մրցումներու ընթացքին: Ֆինլանտացի Լաուրի Մարքանեն 24 կէտ նշանակեց, մինչ Քոլին Սեքսթըն 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Եութայի:

24 տարեկան Թայլըր Հերրօ անգամ մը եւս եղաւ Մայեմի Հիթի հերոսը, որ 119-98 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի: Հէյվուտ Հայսմիթ (14 կէտ) եւ Նիքոլա Եովիչ (21 կէտ) եղան Մայեմիի լաւագոյն նշանակողները, մինչ սենթըր Համ Ատիպայօ 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Փորթլենտի լաւագոյն մարզիկն էր Անֆըրնի Սիմընզ, որ 28 կէտ նշանակեց:

Օր մը առաջ, Սաքրամենթօ Քինկզ անակնկալի բերած էր Պոսթըն Սելթիքսը եւ 114-97 արդիւնքով յաղթած էր 2024-ի ախոյեանին:

Տըմար Տըրոզըն, Տոմանթաս Սապոնիս եւ Մալիք Մոնք 20-է աւելի կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Քինկզի, որ իր 19-րդ յաղթանակը տօնեց 19 պարտութիւններու կողքին: Պոսթընի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճէյլըն Պրաուն (28 կէտ) եւ Քրիսթափս Փորզինկիս (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ): Ասիկա Պոսթընի 11-րդ պարտութիւնն էր 38 մրցումներու ընթացքին:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 115-123
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս 106-109
Ինտիանա Փէյսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 108-96
Նիւ Եորք Նիքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 101-126
Պոսթըն Սելթիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 97-114
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 138-105
Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց 124-105

ԵՐԷԿ

Ֆինիքս Սանզ – Եութա Ճեզ 114-106
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 123-114
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 125-127
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ 98-119
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Չարլոթ Հորնեթց (յետաձգուած)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (յետաձգուած)

 

Նախորդը

Ի՞նչն Է Անհասկնալին – Բ.

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Եւ Ինթեր Միլան Յաղթեցին

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.