Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արտօնեց Իրանեան Երկու Դիւանագիտական Պայուսակներու Մուտքը

January 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի դեսպանատունէն ստացած է գրաւոր բացատրութիւն մը, որ կը վերաբերէր «Մահան» օդանաւային ընկերութեան թռիչքով 2 յունուար 2025-ին հասած իրանցի դիւանագէտի մը մօտ գտնուած երկու դիւանագիտական պայուսակներուն, որոնք կը պարունակեն փաստաթուղթեր, թղթածրարներ եւ միայն դեսպանատան սեփական աշխատանքի ծախսերու վճարման համար թղթադրամներ:

Այդ հիմամբ ալ, 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու համաձայնութեան համաձայն երկու պայուսակներուն մուտքը արտօնուած է:

«Ժատիտ» մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ իրանեան դեսպանատան պաշտօնատարներէն մէկը մերժած է իրեն հետ Պէյրութի միջազգային օդակայան բերած պայուսակի մը լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ խուզարկութեան պահանջը, եւ անիկա մնացած է ժամանող ճամբորդներու սրահին մէջ:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի խօսած էր իրանեան «Մահան» ընկերութեան օդանաւի խուզարկութեան մասին, որմէ ետք տեղեկութիւններ շրջանառուեցան, թէ ցուցարարներ օդակայանի ճամբուն վրայ մոթորսիքլեթներով կը շրջին բողոքելով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իրանեան օդանաւի «երկարատեւ» խուզարկութեան դէմ:

Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, լիբանանեան բանակը միջամտած է կացութիւնը զսպելու համար:

«Ժատիտ» հաղորդեց, որ երէկ կէսօրէ առաջ դարձեալ իրանեան օդանաւ մը էջք կատարած է Պէյրութի օդակայան, եւ իրանցի դիւանագէտի մը անձնական պայուսակը խուզարկուած է առանց որեւէ առարկութեան:

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Կը խրատենք առ որ անկ է, որ Լիբանանը զերծ կացուցէ որեւէ անփափաքելի ներքին ցնցումէ, եւ ի նպաստ որեւէ կողմին խաղալը Լիբանանի ողջակիզում է: Օդակայանը ազգային գերիշխանութիւն է եւ ոչ թէ ամերիկեան դեսպանատան կցուած կառոյց մը: Պետութեան կոչ կ՛ուղղենք` վերաշինելու եւ անոր օգնելու, եւ ոչ թէ անոր ճամբուն վրայ արգելքներ դնելու: Պատասխանատուութենէն փախուստ տալը դաւաճանութիւն է, եւ «թագաւորէն աւելի թագաւորական» խաղալը Լիբանանը անորոշութեան կը մատնէ»:

«Կայ մէկը, որ վերաշինութիւնը արգիլելու համար ճնշում կը բանեցնէ եւ կ՛ուզէ շիի համայնքը խեղդել ու զայն աւերակներու վրայ ձգել, եւ ատիկա բան մըն է, որ տեղի պիտի չունենայ, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը միախմբուի: Պիտի չընդունինք ազգային զոհ կամ ոեւէ մէկուն որսը ըլլալ: Զգուշացէ՛ք կրակի հետ խաղալէ, անհեթեթ ցուցադրական արարքները բացայայտ են, եւ յաւելեալ ճնշումը Լիբանանը պայթումի պիտի մատնէ», շեշտեց շէյխ Քապալան:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց. «Այն, ինչ որ նախարարութիւնն ու օդակայանի անվտանգութեան ծառայութիւնը կ՛ընեն, Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանելու համար է, եւ որոշում տրուեցաւ բոլոր դիւանագէտները խուզարկելու»:

«Իրանեան օդանաւի խուզարկումը սովորական քայլ է, եւ մենք օրէնքը կը կիրարկենք եւ օդակայանն ու ամբողջ Լիբանանը կը պաշտպանենք, որովհետեւ Լիբանան որեւէ նոր յարձակում չի կրնար տանիլ», նշեց Մաուլաուի:

«Այսօր առտու էջք կատարած իրանեան օդանաւն ալ խուզարկեցինք, եւ ոչ մէկ խնդիր եղաւ, ոչ ոք առարկեց, եւ մենք Լիբանանը պաշտպանել կ՛ուզենք», աւելցուց ան:

Նախորդը

Ամերիկացի Նախկին Զինուոր Մը Հըզպալլայի Աջակցութեան Փորձի Յանցանքով Ամբաստանուած Է

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը 2024 Թուականին 6.828.000.000 Լիբանանեան Ոսկիի Օժանդակութիւն Տրամադրեց 2340 Լիբանանահայերու Եւ Ընդառաջեց 5749 Դիմումի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.