Երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք, որպէսզի նախագահի ընտրապայքարին համար մէկ անուն ըլլայ, եւ 9 յունուարի նիստէն առաջ թեկնածութեան առաջադրման օրուան շուրջ պիտի համաձայնինք, եւ մեր դաշնակիցներուն հետ հաւասարակշռուած վարմունք ունինք»:
Ան «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Առաջադրուած բոլոր անունները հանրապետութեան նախագահի արժեչափերուն համահունչ չեն, եւ ատիկա բոլոր կողմերուն միջեւ հասարակաց կէտ մըն է: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը նախագահի պաշտօնին թեկնածու չառաջադրեց, եւ այդ ուղղութեամբ շիի զոյգին կողմէ ցուցանիշեր չկան»:
«Եթէ երկրին մէջ իսկական նախագահ մը կ՛ուզենք, ապա կարիքը ունինք Սամիր Ժահժահի նման նախագահի մը ծրագիրին», աւելցուց ան:
Ռիաշիի կարծիքով` «Հըզպալլան պիտի վերակազմակերպէ իր շարքերը, որովհետեւ Իսրայէլէն ծանր հարուած ստացաւ, եւ զինադադարի համաձայնութեան տապալման վտանգը գոյութիւն ունի»:
«Կը կարծեմ 9 յունուարին նախագահ պիտի ընտրուի, եւ տեղական ու շրջանային փոփոխութեան ուժը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ խորհրդարանին վրայ, իսկ Սամիր Ժահժահ մինչեւ հիմա նախագահի թեկնածու չէ», յայտնեց Ռիաշի:


