Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարի հարցով իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձած է, որ «իշխող համակարգը» տակաւին գոյ է եւ սովորական կերպով կը շարունակէ իր աշխատանքը:
Ան ըսաւ, որ Դիմադրութեան առանցքը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը չ՛ուզեր, եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւս անոր ընտրութիւնը չ՛ուզեր, ուստի աշխատանք կը տանին ընտրութիւնը տապալելու:
«Իշխող համակարգը գիշեր ցերեկ աշխատանք կը տանի ժողովուրդին ձգտումները չիրագործող, այլ իրենց համար անցնող փուլի շարունակութիւնը երաշխաւորող նախագահի մը ընտրութիւնը ապահովելու: Ի տարբերութիւն անոնց, մենք կը շարունակենք լրջօրէն աշխատիլ արգիլելու համար, որ անոնք ատիկա իրագործեն, եւ անոնց պիտի չարտօնենք անգամ մը եւս իրենք զիրենք վերակենդանացնել նախագահի մը ճամբով, որ իրենց օրակարգը կը գործադրէ», յայտնեց Ժահժահ:
«Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր զարգացումներէն եւ անոնց յաջորդած Սուրիոյ զարգացումներէն ետք կարծեցինք, որ եթէ ոչ բոլոր, առնուազն քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը վերագնահատում պիտի կատարեն, այսինքն` վերատեսութեան պիտի ենթարկեն իրենց դիրքորոշումները եւ իրենց քաղաքականութիւնը տեղի ունեցածին վրայ հիմնեն», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:
Ժահժահ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին շուրջ իր հաղորդակցութիւններուն ճամբով անդրադարձած է, որ «միւս խումբը բացարձակապէս կը մերժէ զօր. Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը», եւ միայն իրենք կրնան անոր ընտրութիւնը արգելակել:


