Հարաւային քորէական «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Ժեժու Էր» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, որ Պանքոքէն թռիչք կը կատարէր, երկրի հարաւ-արեւմուտքը մայրաքաղաք Սէուլէն 288 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մուան օդակայան էջք կատարած ատեն դուրս եկած է էջուղիէն եւ բախած ցանկապատին: Բախումէն անմիջապէս ետք օդանաւին մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է, եւ ան բաժնուած է երկու մասի:
Թայլանտէն Հարաւային Քորէա թռչող օդանաւին մէջ եղած է 175 ճամբորդ եւ անձնակազմի 6 անդամ: Զոհերուն թիւը հասած է 177-ի:
Ճամբորդներուն մեծ մասը` 173 մարդ Հարաւային Քորէայի քաղաքացիներ են, իսկ երկուքը` Թայլանտի քաղաքացիներ:
Հարաւային Քորէայի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հսկողութեան աշտարակը օդանաւի էջք կատարելէն առաջ զայն թռչուններու հետ բախումէ զգուշացուցած է:


