Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռագիր

December 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Այսօր երբ գրագէտ մը` վիպագիր թէ բանաստեղծ, մահանայ, ո՞ւր կը պահուի անոր արխիւը:

Անցեալին գրագէտներու արխիւը ընդհանրապէս պահ կը դրուէր համալսարանի մը գրադարանին պահեստին մէջ եւ ուսումնասիրուելէ եւ դասակարգուելէ ետք կը տրամադրուէր ուսանողներու կամ բանասէրներու, որոնք կը փափաքէին ուսումնասիրել տուեալ գրագէտին երկը:

Այդ օրերուն այնքան պարզ էր այս ընթացքը, որովհետեւ պահ դրուելիք շատ բան կար. առաջին հերթին` գրագէտին անձնական գրադարանը, գիրքերու հազուագիւտ եւ ճոխ հաւաքածոյով մը ընդհանրապէս, ապա` ձեռագրերու տետրերը, թուղթերու տրցակները եւ անշուշտ նամականին:

Ճիշդ է, որ քանի մը տասնամեակներէ ի վեր համակարգիչի օգտագործումը լայնօրէն տարածուած է, սակայն կարգ մը գրագէտներ, մանաւանդ` բանաստեղծներ, կը շարունակէին օգտագործել աւանդական միջոց թուղթն ու մատիտը, որովհետեւ, ըստ ոմանց, համակարգիչը շատ մեքենական է բանաստեղծութեան նման արուեստի մը համար:

Վերջերս սակայն, որքան կը հետեւինք, կը համոզուինք, որ արագութեան եւ դիւրութեան տեսակէտով անհամեմատօրէն աւելի գործնական համակարգիչը տիրապետած է բոլորին:

Այս պարագային մենք` գրքասէրներս, քանի մը կորուստ կ՛ունենանք.

1.- Նախ` նշանաւոր մարդոց վաւերական արխիւը. որովհետեւ ի՞նչ պահել, երբ ամէն բան համակարգիչով կը կատարուի, համակարգիչներուն մէջ կը պահուի. այս պարագային, ուրեմն, պէտք է նման արխիւները պահել USB-ով (Universal Serial Bus) կամ external hard drive-ով: Իսկ եթէ օր մը փորձանք գայ ասոնց գլխուն. որովհետեւ նման բաներ կը պատահին, բոլորս ալ գիտենք, շատերս «վայելած» ենք այդ խաղերը. այդ պարագային ի՞նչ ընել:

Բնաւ անսովոր չէ ընկերային ցանցերէն մէկն ու մէկուն վրայ հանդիպիլ նման խօսքերու.

«Նոր տեսայ, որ համակարգիչիս վրայ կորսուեր է նոր գիրքիս առաջին յեղումին 50 հազար բառերէ բաղկացած բաժինը … because my backup went weird and it wiped all my writing».

2.- Ապա` ձեռագիր կոչուած արուեստը, որ նոյնիսկ իր «օր»-ը ունի, «Ձեռագրի ազգային օր» որպէս, 23 յունուարին, ծննդեան օրը Ամերիկայի Անկախութեան հռչակագիրը ստորագրողներէն առաջիններէն Ճոն Հենքոքի:

«Այս օրը կը միտի լուսարձակը բանալ հաղորդակցութեան միջոց դարձած ձեռագրերուն մշակութային եւ պատմական կարեւորութեան վրայ»:

Բայց իրապէ՞ս արուեստ է ձեռագիրը:

Անշո՛ւշտ, եւ կը կոչուի գեղագրութիւն, որ ամբողջական է, իր օրէնքները ունի եւ, ինչպէս արուեստի այլ ճիւղեր, երեւակայութիւն եւ ստեղծագործութիւն կը պահանջէ: Գրեթէ բոլոր լեզուներն ալ ունին իրենց գեղագրական արուեստը, որ շատ հին դարերէն սկսեր է որպէս անհրաժեշտութիւն, բայց մեզի հասեր է որպէս արուեստ:

Նշանաւոր է Եւրոպայի կոթական ձեռագիրը` իր բազմաթիւ ոճերով.

Rustic capitals (6-րդ դար ՔԱ), Roman cursive (6-րդ դար ՔԱ), Roman square capitals (6-րդ դար ՔԱ), Uncial script (2-րդ դար), Carolingian script (7-րդ դար), Beneventan script (8-րդ դար), Visigothic script (9-րդ դար) եւ Gothic script (10-րդ դար):

Իսկ արաբներուն համար գեղագրութիւնը վեց ոճեր ունի` պարսկական, սուլըս, ռուք՛ա, տիուանի, նասըխ եւ ամէնէն նշանաւորը` քուֆի:

Այստեղ կ՛արժէ յիշել Սիրուն Երէցեան ամերիկաբնակ արուեստագիտուհին, հեղինակը` «Սիրուն տառեր»-ուն, որուն այբուբենները արուեստի գործեր են եւ մեծ տարածում գտած են սփիւռքահայ արուեստասէրներուն մէջ:

Սակայն, գրագէտներուն պարագային, ձեռագիրը արուեստ ըլլալէ աւելի, իրենց անհատականութեան եւ իրենց ստեղծագործութեան կնիքն է կարծէք, առանց որուն թերեւս կարելի չըլլար ճշդել գրութեան մը հեղինակը:

3.- Ի վերջոյ կը կորսնցնենք մանաւանդ գրագէտին կամ բանաստեղծին անցած ճամբան տեսնելու` առաջին յեղումէն, սրբագրութեան տարբեր հանգրուաններէն, մինչեւ գրութեան վերջնական տարբերակին հասնիլը: Ասիկա ցոյց կու տայ հեղինակին մօտեցումը գործին եւ աշխատանքին կերպը, որ կարեւոր յաւելում մըն է անոր երկը հասկնալու համար:

Գրագէտներուն ձեռագրերը շատ էական են անոնց երկերուն հրատարակութեան համար, մանաւանդ երբ այդ գրագէտներուն ձեռագրերը դժուար ընթեռնլի են, ինչպէս … բժիշկներուն դեղագրերը. ասոր ամէնէն նշանաւոր օրինակը մեզի համար Յակոբ Օշականի վէպերն են, որոնց առաջին հրատարակութիւնները իր ձեռագրին պատճառով բաւական վրէպներ ունեցած են:

Ամերիկացի նշանաւոր բանաստեղծուհի Էմիլի Տիքընսըն տարբեր ձեռագրեր օգտագործեր է իր կեանքին տարբեր շրջաններուն: Նման բան չէի լսած: Փիքասոյի՞ն նման` արդեօք, որ տարբեր շրջաններու տարբեր գոյներով ստեղծագործեր է` կապոյտ շրջան, վարդագոյն շրջան եւ այլն, թէ՞ իրլանտացի աշխարհահռչակ բանաստեղծ-փիլիսոփայ Ուիլիըմ Պաթլըր Եյթցին պէս, որուն բանաստեղծութիւնը շրջանէ շրջան ամբողջովին փոխուեր է:

Մեր բանաստեղծները, մեծ մասը` թոքախտէն երիտասարդ մահացած, կամ` ջարդին սպաննուած, չեն ունեցած պերճանքը նման փոփոխութիւններու` իրենց կեանքին տարբեր շրջաններուն: Անոնք ունեցեր են մէկ շրջան` երիտասարդութիւնը, եւ այդ շրջանին տուած են իրենց տարիքին անհամեմատ մեծ գործեր …

Կարեւո՞ր է այսօր խօսիլ ձեռագրերու մասին, երբ աշխարհի բնակչութեան եթէ մէկ երրորդը միայն գրաճանաչ է, այդ մէկ երրորդին 10%-ն է հաւանաբար, որ տակաւին ձեռագիրը կ՛օգտագործէ իր առօրեային մէջ:

Հակառակ այս համոզումիս, որ միայն համոզում է, որովհետեւ գիտական ոչ մէկ պրպտում ըրած եմ, թէ աշխարհի գրաճանաչ բնակչութեան քանի՞ տոկոսը ձեռագիր կ՛օգտագործէ, վերջին ճամբորդութեանս ընթացքին նոյն օդանաւին մէջ (երթուդարձիս չորս օդանաւ փոխեր էի) երկու անձերու հանդիպեցայ, որոնք իրենց տետրերուն մէջ ձեռագիր բաներ կը գրէին ճամբուն ամբողջ ընթացքին:

Ուրեմն համոզումս ճիշդ չէր. մարդիկ տակաւին կը գործածեն թուղթն ու մատիտը, կամ` տետրն ու գրիչը, իրենց մտածումները, հաշիւները կամ յիշուելիք կարեւոր կէտերը գրելու համար, թէեւ մեծամասնութիւնը այսօր ունի՛ բջիջային հեռախօս, որ նոյնքան կը ծառայէ որպէս գրաշարելու միջոց, որքան` համակարգիչը:

Անշուշտ ծանօթ է այն «գիտութիւն»-ը, որ կը զբաղի ձեռագրերուն ընդմէջէն մարդուն խառնուածքը գուշակելու. ատիկա կը կոչուի Graphology:

Սակայն կը մնայ ամէնէն էականը հարցումներուն` թուայնացումի այս դարուն,  երբ գրագէտ մը մահանայ, անոր արխիւը,

որ ընդհանրապէս իր համակարգիչին մէջ պէտք է ըլլայ` ըստ ենթադրութեանս, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կը պահուի, երբ նախապէս համալսարանի մը կամ կազմակերպութեան մը կը տրուէր կամ կը նուիրուէր:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամանորեայ Իղձ Ու Մարմաջ

Յաջորդը

Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.