Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէն Չեմ Կրնար Խօսիլ

December 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տարիները թաւալգլոր սահեցան: Ահաւասիկ տասնամեակէ մը աւելի տարիներ անցան այն օրէն, երբ սուրիական հայրենիքը պարտադրաբար լքեցի եւ փոխադրուեցայ ովկիանոսէն անդին: Առաջին քանի մը տարին նոր շրջանակը, ապրելակերպը, գործը եւ ծնողքիս ու հարազատներուս բացակայութիւնը զիս տանջեցին: Հետզհետէ այդ բոլորը յաղթահարելով` նոր ճամբաս հարթեցի եւ խաղաղութեամբ կեանքս շարունակեցի:

Ի՛նչ մեղքս պահեմ` երեսի վրայ լքած տունիս-տեղիս կարօտը, ընկերներուս, շրջանակիս եւ անցեալի օրերու փնտռտուքը տեւաբար միտքս կը տանջէին: Այս բոլորը` մէկ կողմ, օտար լեզուով խօսիլը ամէն տեղ զիս աւելի կը տանջէր: Ստիպուած էի գործի, շուկայի, հեռաձայններու պատասխանելու եւ զանազան պայմաններու մէջ օտար լեզուով խօսելու: Հայերէնը ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր օգտագործէի, միջավայր չկար: Երբեմն, երբ եկեղեցւոյ մէջ կամ ձեռնարկի մը ընթացքին հանդիպէի ծանօթներու, որոնք ինծի նման նոր հաստատուած էին այնտեղ, անոնց հետ մեծ հաճոյքով ու կարօտով հայերէն կը խօսէի, հոգիս ցնծութեամբ կը լեցուէր, թէկուզ երբեմն օտար բառեր խճճուէին մեր խօսակցութեան մէջ, կամ սխալ հնչիւններ արտաբերուէին մեր խօսքերէն, ի՜նչ հոգ, տիրողը հայերէնն էր:

Սովորական շաբաթավերջ մըն է: Ինչպէս ամէն շաբաթ օր, տան պէտքերու երկար ցանկ մը ձեռքիս` կը շրջէի հանրախանութի մը (մոլ) մէջ` ապահովելու համար ցանկիս մէջ գրուած տան պէտքերը: Յանկարծ ապշահար դարձայ` տեսնելով ծանօթ, գեղադէմ կին մը, որ ինք եւս ինծի կը նայէր շփոթած ու երկմտած: Ժպիտով մը կը մօտենար ինծի: Յիշողութեանս էջերը արագ-արագ կը թերթատէի` անոնց մէջ գտնելու իր ով ըլլալը: Դասընկերուհիս էր: Անցեալ տասը տարիները չէին կրցած զինք փոխել, սակայն մազի նե՞րկը, իր նիհար մարմինին փոխուած ըլլա՞լը, թէ՞ անսպասելի հանդիպումն էր զիս շփոթի մատնողը` չըմբռնեցի: Տեղւոյն վրայ իրարու անուններ բարձրաձայնելով` գրկախառնուեցանք: Աշխարհը որքա՜ն փոքր է: Այսպիսի անակնկալի ալ կը հանդիպինք եղեր…:

Փորձեցի հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս եղաւ, որ հոս յայտնուեցաւ, ե՛րբ, ի՞նչ կ՛ընէ հոս: Այս բոլոր հարցումները մտքիս մէջ արագ-արագ պատրաստելով` ուզեցի իրեն դիմել պատասխան ստանալու համար, սակայն… չա՛ր սատանայ, հայերէն բառեր փնտռեցի, փորձեցի հարցումներս շարահիւսել մտքիս մէջ, սակայն չկրցայ հայերէն խօսիլ, որքան չարչրկեցի միտքս, փորձեցի, փորձեցի ու չյաջողեցայ:

Արիւնը գլուխս խուժեց, սիրտս արագ-արագ սկսաւ տրոփել: Աստուա՜ծ իմ, այս ի՞նչ փորձանք է, այս օրուա՞ն պիտի հասնէի: Ամբողջ կեանքս հպարտ էի հայ ըլլալուս համար, հայերէնով խօսիլը ինծի համար սրբութիւն էր, ի՞նչ պատահեցաւ ինծի: Ընկերուհիս ճակտիս փայլող քրտինքը սրբելով կը փորձէր զիս հանդարտեցնել եւ օգնել, բայց ափսո՜ս, ոչ մէկ բառ կրնայի արտասանել հայերէնով…

Բջիջային հեռաձայնիս զարթեցուցիչին ձայնը սթափեցուց զիս: Սիրտս տակաւին արագ-արագ կը տրոփէր: Աչքերս բացի: Չորս կողմս դիտեցի ու ննջասենեակիս մանրամասնութիւնները աչքէ անցուցի: Շուտով հեռաձայնս բացի, կապուեցայ քրոջս.

«Ա՜լօ, բարի լոյս, ինչպէ՞ս էք, ի՞նչ կ՛ընէք, զաւակներս ինչպէ՞ս են, պատմէ՛, երկար պատմէ՛», հայերէնով հարցուցի:

Քոյրս շփոթած տեղատարափ հարցումներէս եւ իրար անցած վիճակէս` փորձեց զիս հանդարտեցնել ու բան մը հասկնալ հարցումներէս, ապա հատիկ-հատիկ պատասխանեց հայերէնով:

Փառք տուի Աստուծոյ, որ տակաւին հայերէն կը խօսէի ու կը հասկնայի: Տէ՛ր Աստուած, այս ի՞նչ դաժան մղձաւանջ էր:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Տոմս. Ալիեւ Թրամփի Խորհրդատու, Իսկ Փաշինեա՞նը…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.