Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Ալիեւ Թրամփի Խորհրդատու, Իսկ Փաշինեա՞նը…

December 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թրամփոլիոն. խլէ՛ Փանամայի ջրանցքը, գնէ՛ Կրինլէնտը եւ Քանատան հռչակէ 51-րդ նահանգ

Հայաստանի ՔՊ-ապետը չի կրնար հպարտանալ, որ ժողովուրդը դատարկաբանութիւններով զբաղեցնելու մէջ միակ վարպետ-ծաղրածուն է: Տեսէ՞ք, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը, պաշտօնը ստանձնելէ առաջ իսկ, արդէն իր երկիրն ու աշխարհը (սկսելով մօտ ու հեռու դրացիներէ) զբաղ կը պահէ… կայսերական երազանքներով:

Շաբաթէ մը ի վեր, ամերիկեան, քանատական եւ եւրոպական մամուլը իրար է անցեր. ինչո՞ւ. քանզի Թրամփ յայտարարեց, որ Քանատան կը նկատէ իր երկրին 51-րդ նահանգը, պիտի վերատիրանայ Փանամայի ջրանցքին, կ՛ուզէ գնել Կրուելանտան (ծանօթ` Կրինլէնտ անունով, ճանչցուած է իբրեւ դանիական հող):

Ճիշդ է, որ նման երազանքներ «նարնջագոյն մարդ»-ուն համար նորութիւն չեն, նախորդ պաշտօնավարութեան օրերուն ալ նման ցնդաբանութիւններ նետած էր Ատլանտեանի հիւսիսային սառցակղզիին մասին, հաւանաբար վերյիշելով… Ալասքան գնելու պատմութիւնը (ի՜նչ լաւ օրեր էին): Քանատայի եւ Մեքսիքայի նկատմամբ «ծաւալապաշտական» ձգտումները եւս նորութիւն չեն, բայց լաւատեղեակ դիւանագէտներ քուլիսներու մէջ կը խօսին (եղեր) անոր վեր-ա-ներշնչման աղբիւրներուն մասին:

Ըստ ոչ պաշտօնական այդ լուրերուն, Թրամփի ներշնչում տուողը իր մէկ խորհրդականն է (եղեր). ան կը կոչուի… «սուլթան» Էրտողան: Հերիսի դէմ ընտրապայքարը շահելէ ետք, կ՛ըսեն գաղտնապահները, Թրամփ հեռաձայներ է Էրտողանին եւ անոր պարզեր է իր հին-նոր ձգտումները:

– Ատկէ դիւրին ի՞նչ կայ,- բացատրեր է Էրտողան:

– Արխատա՛շ, անցեալ անգամ փորձեցի, չյաջողեցայ: Կրնա՞ս ինծի ձեւ մը ցոյց տալ,- հարցուցեր է Թրամփ:

– Արաբները խօսք մը ունին. «Բժիշկին մի՛ հարցներ, փորձառուի՛ն հարցուր»` կ՛ըսեն: Այս գետնի վրայ ընդունէ՛, որ ես քեզմէ շա՜տ աւելի փորձառու եմ:

– Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես,- բարկացեր է Թրամփ, որ, ինչպէս ծանօթ է, Փաշինեանէն աւելի եսամոլ մըն է եւ կը յամառի պնդել, թէ ի՛նք հնարած է «աննախընթաց» բառը, ի՛ր բոլոր ըրածներն են աննախընթաց-ը:

– Մի՜ բարկանար, արխատա՛շ, մի՛ բարկանար,- ըսեր է Էրտողան: – Հիմա ես քեզի փաստացի, ապացուցուած օրինակներ կու տամ, միայն գրքունակ տեսութիւններով չեմ խօսիր: Տե՛ս. ես փոքր եղբօրս` Ալիեւի ձեռքով-ոտքով մտայ Արցախ եւ բացի թուրանական պահուած ծրագիրիս ճամբան: Մէկը չի խօսիր, թէ իմ հովանաւորած ահաբեկչականները կռուեցան Արցախի մէջ: Յիսուն տարի առաջ խլեր էի Կիպրոսին կէսը, եւ հիմա մարդիկ արդէն մոռցած են զայն: Երէկ մտայ Սուրիա, գործնապէս հիւսիսային Իրաքը կը համարեմ իմ հողս, մէկը դէմս կ՛ելլէ՞: Դուն շատախօսներուն մտիկ մի՛ ըներ, կարեւորը գործն է: Գրաւէ՛, եւ աշխարհը կատարուած իրողութեան առջեւ դիր: Գիտեմ, որ քեզի չէ արտօնուած ինծի եւ Նեթանիահուին պէս ջարդով ու քանդումով խլել, ուրիշ տեսակի ջարդ ու աւերում ալ կայ ձեր քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

– Բայց ինչպէ՞ս կրնամ ճաշացուցակիս վրայ եղող երկիրները խլել,- հարցուցեր է Թրամփ,- առանց անդրադառնալու, որ նման հարցումով` կայսերական ծրագիրներու իրականացման մէջ համբակ ըլլալը ի յայտ բերեր է:

– Շա՜տ ձեւեր կան. ամէնէն գործնականը եւ դիւրինը` Հայաստանի մէջ Ալիեւի հետ իմ քայլերս են: Եթէ Քանատայի Թրուտոն եւ Փանամայի Հոզէ Ռաուլ Մուլինոն համամիտ չեն ու կ՛ընդդիմանան, սառնարան կղզեցիներն ալ եթէ կ՛ըսեն, որ իրենց երկիրը ծախու ապրանք չէ, կրնաս հետեւիլ իմ օրինակիս: Քիչ մը ժամանակ կ՛ուզէ, բայց յաջողութեան կը հասնիս: Ես այդպէս ըրի:

– Ի՞նչ ըրիր, հանելուկի մի՛ վերածեր,- բարկացեր է Թրամփ եւ անհամբերութեան նշաններ ցոյց տուեր է:

– Այդ երկիրներուն մէջ աշխատէ քու մարդիկդ, կամակատարներդ իշխանութեան բերել: Դրամո՞վ կ՛ընես, սպառնալիքո՞վ կ՛ընես, քարոզչութեա՞մբ կ՛ընես, «բարեսիրական կազմակերպութիւննե՞ր» կը ստեղծես եւ անոնց միջոցով գումարներ կը հոսեցնես. մաշալլա՜հ, դո՛ւն ալ, կառավարութեանդ անդամներն ալ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏ էք, իսկ եթէ կողոպտես ժողովուրդդ, ան արդէն քնացած է: Մենք այդպէս ըրինք եւ յաջողեցանք: Գտանք Փաշինեան անունով որկրամոլ-աթոռամոլ մը, օգնեցինք, որ իշխանութեան ղեկը գրաւէ, ինքզինք շրջապատէ իր մանրատիպերով: Տե՛ս, Արցախէն ետք, Հայաստանէն ալ պատառներ կլլած ենք, եւ այդ երկրի ժողովուրդը կը զուարճանայ տօնածառով ու մեր արխատաշ Փաշինեանին հնարած ցնդաբանութիւններով: Մեր կամակատարը համակիրներ կը գտնէ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ իր «կայսրութիւն»-ը տարածած է դէպի հայկական գաղութներ: Եթէ օր մը պէտք ունենաս, քեզի ալ «Պայրաքտար»-ներ կը ղրկեմ,- խոստացեր է Էրտողան:

Հեռաձայնը փակելէ ետք, Էրտողան յանկարծ անդրադարձեր է, որ քանի մը անգամ… Արցախ անունը տուած է իր կուլ տուած Ղարաբաղին:

27 դեկտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Հայերէն Չեմ Կրնար Խօսիլ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամանորեայ Իղձ Ու Մարմաջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.