Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Յուսայ, Որ Շարհի Յայտարարութիւնները Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Յարաբերութիւններու Նոր Փուլի Մը Սկիզբը Ըլլան

December 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն շուրջ վերջին յայտարարութիւնները դրական շրջադարձ մըն են եւ կարեւոր քայլ մը դէպի հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ, որոնք կը յարգեն երկու երկիրներու գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Այդ հիմամբ ալ կ՛ողջունենք Լիբանանի նկատմամբ սուրիական նոր դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք անոր կեցուածքը ահաբեկումներուն նկատմամբ, զորս Ասատի վարչակարգը գործեց լիբանանցի ղեկավարներու դէմ, որոնց գլխաւորը նահատակ նախագահ Պաշիր Ժեմայելն էր, անոր ապագայի հեռանկարով, որ կը շրջանցէ քաղաքական ու համայնքային որակաւորումները: Կը գնահատենք լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր կողմերուն հետ նոր էջ բանալու անոր վստահեցումը»:

«Սուրիական նոր կառավարութեան սուրիական բանտերու մէջ գտնուող լիբանանցի կալանաւորուածներու թղթածրարը հետապնդելու պատրաստակամութիւնը դրական քայլ է դէպի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ամէնէն մարդասիրական ու հրատապ թղթածրարներէն մէկուն կարգաւորումը: Այս ծիրին մէջ, լիբանանեան կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` անմիջապէս նախաձեռնելու առնչակից կողմին պարտականութիւն տալու կապ հաստատելու սուրիական կողմին հետ եւ կարելի եղածին չափ շուտ անոր փոխանցելու  սուրիական բանտերուն մէջ գտնուող բոլոր լիբանանցի արգելափակեալներու համապարփակ ու ճշգրիտ անունները, ներառեալ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ Պութրոս Խաուանտի թղթածրարը: Ժամանակը յարգի է, եւ ուշացման իւրաքանչիւր յաւելեալ օր արգելափակեալներու հարազատներու տառապանքի յաւելեալ օր է»:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան կոչ ուղղեց` դատելու Լիբանանի մէջ ահաբեկումներու պատասխանատու սուրիացի պաշտօնատարները եւ ձերբակալելու Հապիպ Շարթունին ու զինք Լիբանանին արտայանձնելու, որպէսզի իր բանտարկութիւնը շարունակէ:

Կուսակցութիւնը դարձեալ շնորհաւորեց սուրիացի ժողովուրդը` «անոր պատմութեան սեւ փուլի տապալման առիթով» եւ յոյս յայտնեց, որ «այս նոր դիրքորոշումներն ու քայլերը Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն մէջ ըլլան նոր սկիզբ մը` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու վրայ, ինչ որ կը ծառայէ երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ կ՛ամրապնդէ շրջանին մէջ կայունութիւնը»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եազպեք. «Բանակի Հրամանատարը Մեր Թեկնածուն Չէ, Եւ Ժոմպլաթին Անոր Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Աճապարելը Մեզ Զարմացուց»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.