Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պատերազմ Եւ Լրատուութիւն (Ա.)

December 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարուան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն ամէնէն առանցքային բաժինը Լիբանանի մէջ պատերազմական գործողութիւններու լուսաբանումն էր: Քանի մը ուղղութիւն ճշդուած էր այս աշխատանքին համար:

Նախ անշուշտ նման իրավիճակներու մէջ արագ լրահոսը պէտք է աշխատէր առանց դադարի, առանց երկար ընդհատումներու, մինչեւ ուշ գիշեր, եթէ ոչ նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Լրատուութիւնները առաջնային կարգով կը վերաբերէին իսրայէլեան յարձակումներուն, Դիմադրութեան գործողութիւններուն, օդային եւ ցամաքային տարածքներու վրայ արձանագրուող  իրադարձութիւններուն:

Այս առաջին բաժինին մէջ կարեւոր էր արագութիւնը: Լիբանանեան բոլոր լրատուամիջոցները որդեգրած էին այս դրութիւնը, եւ կար մրցապայքար առաջին հորիզոնականը գրաւելու, զգայացունց լուրը գրաւոր եւ տեսողական եղանակներով թողարկելու: Պատերազմի առաջին փուլին կար ընդհանուր զսպուածութիւն` փորձելով առարկայականութիւնը պահել: Ժամանակի առընթեր քաղաքականացումը շատ արագ ներառուեցաւ լուրերուն մէջ եւ սկսաւ մեկնաբանական լրատուութիւնը: Լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներ լուրերուն տուին իրենց որդեգրած քաղաքական առանցքը` իւրովի մեկնաբանելով այս կամ այն դրուագը:

Մեզի չէր վերաբերեր անշուշտ հաւաստիութեան ստորադասումը եւ քաղաքական ուղերձներու փոխանցումը: Անհրաժեշտ էր պահպանել առարկայականութիւնը, եւ լուրերու ստուգումն ու տեղեկատուութեան մաքրազտումը աւելի զգալի դարձուցին իրենք զիրենք իբրեւ մեթոտ այս աշխատանքին:

Արագ լրահոսը հասկնալի պատճառներով նոր հետեւորդներու կտրուկ աճ արձանագրեց: Ճգնաժամի անցումէն ետք այդ հետեւորդները նոյն ներգրաւուածութեամբ չեն հետեւիր արագ լրահոսին: Անհրաժեշտ է պահպանել այս կշռոյթը ոչ միայն պահելու համար նուաճուած թիւը, այլ նաեւ նորերը ապահովելու:

Լրահոսը նոյնքան հասկնալի պատճառներով համահայկականէն, հայաստանեանէն դէպի զուտ լիբանանեանի անցում կատարեց: Այս պարագային արտասահմանեան լիբանանահայ զանգուածն էր ամէնէն աւելի, որ «Ազդակ»-ի միջոցով հետեւեցաւ լիբանանեան լուրերուն:

Բովանդակային այս ժամանակաւոր անցումը միայն արագ լրահոսին չէր վերաբերեր: Մեր թղթայինն ու ելեկտրոնայինը եւս հետեւեցան այս օրինաչափութեան: Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ մեր խմբագրականները, ակնարկներն ու առաջնորդողները որոշ ժամանակի համար բացառապէս լիբանանեան իրադարձութիւններու վերլուծականը կը կատարէին, մերթ ընդ մերթ Լիբանան-Միջին Արեւելք իրադարձութիւններու փոխկապակցուածութիւնը լոյսին բերելով:

Ըմբռնելի պէտք է ըլլար խմբագրութեան այս քաղաքականութիւնը: Ճգնաժամերու պարագային տեղեկատուութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ դրութեամբ, որուն նպատակը առարկայականութեան եւ հաւաստիութեան պահպանումն է, միաժամանակ հակախուճապահարութիւնը: Ինչ որ բազմաթիւ լրատուամիջոցներու պարագային բացակայեցաւ իբրեւ աշխատակարգ: Անոնք շարունակեցին գերադասել առաջին լուր թողարկողը ըլլալու սկզբունքը` զիջելով հաւաստիութիւնը:

Թէ՛ արագ լրահոսի, թէ՛ թղթայինի եւ թէ՛ ելեկտրոնայինի պարագային բովանդակութեան երկրորդ ուղղութիւնը համայնքի վերաբերող լուրերն էին: Հոգեւոր, կուսակցական թէ հասարակական պատասխանատու մարմիններու աշխուժ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ բերելը մեր հիմնական պատասխանատուութիւնն էր:

Ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ, «Ազդակ»-ի ներկայ ժամանակահատուածի թիւերը ուսումնասիրողը պիտի արձանագրէ, որ այս համայնքը իր յարանուանութիւններով, քաղաքական կուսակցութիւններով եւ անոնց առընթեր աշխատող միութիւններով իրականացուց հակաճգնաժամային ծրագիրներ, համակարգուած ձեւով եւ միշտ գերադասելով լիբանանահայութեան միասնականութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Նախորդը

«Մեծ Եւ Սքանչելի Է Խորհուրդը, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

Յաջորդը

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւնների Բովանդակային Քննարկում Երեւանում

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.