– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը յայտարարեց, որ տօնական օրերու ընթացքին ելեկտրականութեան օրական մատակարարումը շուրջ 4-6 ժամի եւ մինչեւ 6-8 ժամի պիտի բարձրացնէ:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ ստանձնած է Քուսայա-Զահլէի մէջ նախապէս Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութեան պատկանող կեդրոնը, ինչպէս նաեւ այդ խմբաւորման պատկանող փապուղիները:
Բանակը նշեալ վայրէն գրաւած է զէնքեր, զինամթերք եւ սպառազինութիւն:
– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Խորհրդակցական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամներ Ալան Աունն ու Սիմոն Ապի Ռամիան եւ անոնց հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերջին զարգացումները:
Հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է մասնակցիլ 9 յունուարի նիստին եւ լուրջ աշխատանք տանիլ, որպէսզի արդիւնաւէտ նիստ ըլլայ եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան յանգի:
– ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանան սուրիացի գաղթականներու նոր գաղթակայաններ պիտի չկառուցէ, եւ «Լիբանանը միայն ժամանակաւոր ապաստանեալներ կ՛ընդունի»:
«Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շարունակ կը բարելաւուի, ինչ որ կ՛ամրապնդէ այն յոյսը, որ անոնք մօտիկ ապագային իրենց բնակավայրեր վերադառնան», նշեց Հաժժար:
– ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իսրայէլեան բանակէն պահանջած է արագացնել հարաւային Լիբանանէն իր հեռացումը:


