Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» Կեդրոն. Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ցեղասպանութենէն Առաջ Եւ Ետք» Հատորի Մատուցում Եւ Արժեւորում

April 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորին մատուցումը:

Հանդիպումին բացման խօսքը Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ նշեց, թէ Արեւմտեան Պէյրութի լիբանանահայութիւնը մոռացութեան ենթարկուած է նոյնիսկ հայրենակիցներուն կողմէ, եւ այս ձեռնարկը առիթ է հաստատելու, որ շրջանի հայութիւնը իր կարգին մաս կը կազմէ պահանջատիրութեան: Խտըշեան ներկայացուց օրուան հանդիսութեան բնոյթն ու օրուան զեկուցաբերին հակիրճ կենսագրութիւնը:

Գոհար Գանտահարեան

Ապա խօսք առաւ Գոհար Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորը: Ան ըսաւ, որ գործին խորագիրը ինքնին կ’ամփոփէ ամբողջ հատորին բովանդակութեան առանցքը, որ իր կարգին կ’իմաստաւորէ աշխատանքը, հեղինակին նպատակը եւ հատուցման թղթածրարը նախապատրաստողներուն համար անոր կողմէ ընձեռուած տուեալներու եւ ցուցակագրումներու տրամադրումը:

Ան յայտնեց, որ Մսըրլեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ապաւինած է նաեւ թրքական աղբիւրներուն` ընդգծելու համար թրքական պատմագիտութեան նախացեղասպանական ժամանակահատուածին վերաբերող մօտեցումն ու այլ խնդիրներ: Գանտահարեան շեշտեց, որ հեղինակը իր պրպտումներուն ընդմէջէն կը հաստատէ, որ հայութեան հայրենիքին վերջնականապէս տիրանալու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

Մսըրլեանի հատորին ամբողջական արժէքը ներկայացնելէ ետք, Գոհար Գանտահարեան իր խօսքը եզրակացուց հաստատելով, որ նորահաս սերունդին տեղեկութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ փոխանցելը խորքին մէջ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի շարունակութեան ապահովման կարեւոր առաջադրանքի իրագործման կը նպաստէ, եւ այս շրջագիծին մէջ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորը կարեւոր զինամթերքով կ’օժտէ պահանջատիրական պայքարի համար մեր օգտագործելիք զինանոցը:

Զաւէն Մսըրլեան եւ Գոհար Գանտահարեան

Հատորի մատուցման հաւաքի աւարտին խօսք առաւ «Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» հատորի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններու հայութեան բնաջնջման քաղաքականութեան փորձերը տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին: Ան ըսաւ, որ 1919-1923-ի հանգրուանին թուրքերը հայ մնացորդածը ջարդեցին, եւ այս գծով շատ քիչեր տեղեկութիւններ ունին: Մսըրլեան աւելցուց, որ 1929-1930 տեղի ունեցած ներքին տեղահանութիւններուն 130 մանուկներ զոհուեցան, եւ այսօր ո՞վ կը նշէ այս նահատակներուն յիշատակը:

Ան ըսաւ, որ հատորին մէջ լոյս տեսած են թիւեր, նամակներ, փաստաթուղթեր, դաշնագիրներ, որոնք նշեալ հանգրուանի պատմութեան գծով իրականութիւններ կը բացայայտեն եւ տուեալներ կը փոխանցեն: Աւարտին, դոկտ. Մսըրլեան յոյս յայտնեց, որ այս հատորը արժանանայ լիբանանահայ մամուլի գրախօսականներուն եւ տարածուի հասարակութեան, որպէսզի մարդիկ նիւթին շուրջ ունենան համապատասխան գիտական պաշար: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան շեշտեց, թէ պէտք է հայկական հարցը առկայծ պահել, եւ այդպէս կը մնայ, այնքան ատեն, որ հայութիւնը պահանջատէր է:

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատմութեան Եւ Ժամանակակից Միջազգային Քաղաքականութեան Մէջ» Նիւթով Կլոր Սեղան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.