Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ճաշ Եփելու Դասընթացքի Հետեւողներուն Վկայականաց Տուչութեան Հանդիսութիւն

April 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ`  ուրբաթ, 27 ապրիլի առաւօտուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երեք ամիսէ ի վեր ճաշ եփելու դասընթացքի հետեւողներու վկայականաց տուչութեան հանդիսութիւն:

Խոհանոցի յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Գարայեան, որ անդրադարձաւ տարբեր մարզերու մէջ տարբեր բնոյթի աշխատանքներ տանող ԼՕԽ-ի գործունէութեան` կոչ ուղղելով այս դասընթացքին հետեւողներուն եւս միանալու կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան նուիրական աշխատանքին:

Ան ըսաւ, որ արդէն 82 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ մնացած ԼՕԽ-ը իր գործունէութեամբ կը միտի հայ կնոջ մօտ ամրապնդել ուժն ու կարողութիւնը, կեանքի ամէն դժուարութիւն քաջաբար դիմագրաւելու կորովը եւ զայն լիցքաւորել պայքարի ոգիով` ազգային թէ ընկերային շրջագիծի մէջ:

Շ. Գարայեան յայտնեց, որ տասը տարի առաջ ծնունդ առաւ ԼՕԽ-ի խոհանոցի ծրագիրը, այդ ծիրին մէջ` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ճաշ եփելու արուեստը ծրագիրը սկսաւ դասընթացքով, ապա մշակուեցաւ եւ գործադրուեցաւ ծերունիներուն տաք ճաշ տրամադրելու ծրագիրը: Անոր համաձայն, ԼՕԽ-ի խոհանոցին առնչուող այս ծրագիրները յաջողութեամբ իրականացան. արդարեւ, այսօր 185 ծերունիներ եւ կարիքաւորներ շաբաթական երկու օր տաք ճաշ կը ստանան, իսկ դասընթացքները արդէն շրջանաւարտներ կու տան:

Շ. Գարայեան յայտնեց, որ տարուած աշխատանքին արգասիքը քաղելու պահը հասած է, 14 հայուհիներ երեք ամսուան աշխատանքէ ետք արդէն իրենց վկայականները պիտի ստանան: Ըստ անոր, այս դասընթացքին նպատակը ճաշ եփելու արուեստը փոխանցել չէ միայն, այլ նաեւ հայուհիները մէկտեղել ԼՕԽ-ի յարկին տակ, ԼՕԽ-ի շունչն ու մթնոլորտը ծանօթացնել անոնց եւ զանոնք իրազեկ դարձնել հոն տարուող կամաւոր աշխատանքին` իրենց խոհանոցային գիտելիքներուն վրայ աւելցնելով նոր պաշար, ազնուացնելով անոնց ընկերային եւ բարեսիրական ոգին:

Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` այս վկայագիրով հրաժեշտ չտալու ԼՕԽ-ին, այլ զայն վերածելու նորանոր գործունէութեանց լծուելու զէնքի` ԼՕԽ-ի տարածուն դաշտին մէջ, ուր պէտք է արժէքաւոր սերմեր ցանել:

Շրջանային վարչութիւն անունով խօսք առաւ Սօսի Քէօյլեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կազմակերպուած այս դասընթացքին նպատակն էր ո՛չ միայն գիտելիքներ զարգացնել, այլեւ սորվիլ խմբային աշխատանք, օրէնքներ գործադրել, փոխյարաբերութիւններ մշակել եւ ընկերային միջավայրի մէջ ապրիլ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք կամաւոր կերպով իրենց մասնագիտութիւնը կը փոխանցեն: Իր խօսքը աւարտելով` ան յոյս յայտնեց, որ  վկայականները անցագիր ըլլան մուտք գործելու ԼՕԽ-ի հնոցին մէջ, մաս կազմելու անոր աշխատանքներուն:

Վկայականներ ստացան Փոլին Կարապետեան, Թալին Մոմճեան, Ազնիւ Գարամինասեան, Ռիթա Արթինեան, Մարօ Բիլաւճեան, Արփի Գոզանեան, Ծովիկ Չոպանեան, Սոնա Չոպանեան, Սիրարփի Դարբինեան, Շաքէ Մարտիրոսեան, Ռիթա Արթինեան, Մարինէ Ասայեան, Արաքսի Մոսքոֆեան, Թալին Զէյթունեան եւ Ռիթա Աւետիքեան:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ Սոնա Չոպանեան, որ իր ընկերուհիներուն անունով եւս շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք դիտել տուաւ, որ այս դասընթացքը իրենց համար առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու միութեան մը, որ ծով բարիքներով օգտակար կը դառնայ հայ ազգի զաւակներուն: Անոր համաձայն, այս կեդրոնը դարձաւ սիրելի ժամադրավայր մը, ուր իրենք ո՛չ միայն ճաշ եփելու յաւելեալ հմտութիւն ձեռք ձգեցին, այլ նաեւ մուտք գործեցին աշխարհ մը, որ միայն բարիք, ազնուութիւն, նուիրում, յարգանք, կամաւոր աշխատանք կը բուրէր: Ս. Չոպանեան նշեց, որ նման միութեան հետ կապ հաստատելը իսկական հպարտութիւն է իրենց համար` պատրաստակամութիւն յայտնելով մնայուն կերպով անոր նեցուկ ըլլալու ԼՕԽ-ին եւ անոր աշխատանքներուն:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` շրջանաւարտներուն կողմէ:

 

Նախորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատմութեան Եւ Ժամանակակից Միջազգային Քաղաքականութեան Մէջ» Նիւթով Կլոր Սեղան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.