Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոբելենական Տարուան Առիթով. «Արշիլ Կորքիի Հանդէպ Լռութիւն` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Մէջ» . Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

December 13, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արշիլ Կորքիի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի 72-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին, «Արշիլ Կորքին եւ մենք» խորագիրով: Դասախօսն էր արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած լսարանին դասախօսը ներկայացուց մեծ արուեստագէտին կեանքն ու գործունէութիւնը, լուսանկարներ ցուցադրեց Կորքիի ամէնէն հիմնական եւ համաշխարհային չափանիշներով բարձր գնահատանքներու արժանացած գործերէն նմուշներու:

Դոկտ. Մ. Հերկելեան ամերիկահայ կերպարուեստի ուսումնասիրութիւններու շրջածիրին մէջ յատուկ բաժին յատկացուցած է Արշիլ Կորքիին, որուն մասին մէջբերեց միջազգային արուեստաբաններու վկայութիւնները, ուր անգերազանցելի ստեղծագործութիւններ նկատուած են Կորքիի գործերը:

Մանրամասն տեղեկութիւններ տրուեցան լսարանին` դասախօսին կողմէ, հիմնուած Արշիլ Կորքիի ընտանեկան պարագաներու վկայութիւններուն, անոր նկարագրային գիծերուն, գերեզմանին, ստեղծագործութիւններուն մէջ նկատուած խորհրդաբանութիւններուն եւ անոր կեանքի վախճանին հիմնական շարժառիթներուն վրայ:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան քննադատեց  Հայաստանի թէ սփիւռքի  մշակոյթի եւ  արուեստի դաշտը` ընդգծելով, որ Կորքին արժանի գնահատանքը չէ ստացած մեր կողմէ:  Ան նշեց նաեւ, որ փաստօրէն յոբելենական այս տարին արժանաւորապէս չնշուեցաւ հայրենիքի եւ ոչ ալ սփիւռքի մէջ:

Տեղեկութիւններով յագեցուած այս լսարանին տեսագրութիւնը կարելի է դիտել` այցելելով «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքը` https://www.youtube.com/@aztaglsaran-1323/videos

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Պանանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 1, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.