Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ազգային խումբի պատմական մարզիկներէն Ալեսանտրօ Տել Փիերօ խօսած է Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ին մասին:
Թէ ո՞վ պիտի շահի Սքուտեթթոն (ախոյեանութիւնը)… «Սիրտս կ՛ըսէ Եուվենթուսը… Բայց եթէ անկեղծ ըլլանք, այս տարեշրջանը կրնայ Աթալանթայինը ըլլալ, մանաւանդ որ Կասփերինիի խումբը պատրաստ է քայլ մը առջեւ ալ երթալու», ըսած է անկեղծ Տել Փիերոն:
Պէտք է ըսել, որ այս տարեշրջանին բաւական մրցակցութիւն կայ քանի մը խումբերու միջեւ: Նափոլի, Աթալանթա, Ինթեր Միլան, Ֆիորենթինա եւ Եուվենթուս կրնան պայքարը տանիլ մինչեւ վերջին հանգրուան:


