Փորթուգալցի ֆութպոլիստ Նանի 38 տարեկանին որոշեց վերջ տալ իր ասպարէզին:
Նանի այս ամառ միացած էր փորթուգալեան Էսթրելլա Ամատորա ակումբին, որուն հետ 11 հանդիպումներու մաս կազմած էր` նշանակելով 1 կոլ: Վերջին հինգ հանդիպումներուն Լուիշ Նանի միայն մէկ մրցումի դաշտ ներկայացաւ:
«Եկած է հրաժեշտի ժամանակը, ես որոշեցի աւարտել արհեստավարժ ֆութպոլիստի ասպարէզս: Անմոռանալի ճանապարհ մըն էր, ես կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւր անձի, որ օգնեց եւ աջակցեցաւ ինծի իմ ասպարէզիս վերելքներուն եւ վայրէջքներու ընթացքին: Այս երթը տեւեց աւելի քան 20 տարի եւ ինծի համար անմոռանալի յիշողութիւններ ձգեց: Ժամանակը հասած է նոր էջ բանալու եւ կեդրոնանալու նոր նպատակներու երազներու վրայ», ըսաւ Նանի:


