Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզական տնօրէն Տեն Էշուորթ շաբաթավերջին իր հրաժարականը ներկայացուցած էր` տարակարծութիւններ ունենալէ ետք ակումբի գործադիր տնօրէն Օմար Պերատայի հետ:
Ըստ «Թոքսփորթ»-ի, Էշուորթի հրաժարականին հիմնական պատճառը առանցքային որոշումներ կայացնելու կարելիութենէն զրկուած ըլլալն է:
Ան հինգ ամիս առաջ միացած էր Եունայթըտին, 2 տարի Նիւքեսըլի հետ նոյն պաշտօնին վրայ ըլլալէ ետք:
Պերատայի հետ տարակարծութիւնները սկսած են, երբ այս վերջինը նախաձեռնած էր Ռուպեն Ամորիմի մարզիչ նշանակուիլը, մինչ Էշուորթ կ՛ուզէր ձեռք ձգել Կարեթ Սասութկէյթը:
Էշուորթ մեծ դեր ունեցած էր Էրիք Թեն Հակի հետ պայմանագիրը երկարաձգելու գործին մէջ, սակայն Թեն Հակ 28 հոկտեմբերին հեռացուած էր պաշտօնէն:


