Այսօր գիշեր կը սկսին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումները, որոնց ամէնէն հետաքրքրականին, Աթալանթա պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Ռէալ Մատրիտը:
Աթալանթա 11 կէտեր հաւաքած է եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Ռէալ Մատրիտ 6 կէտերով կը գրաւէ 24-րդ դիրքը:
Աթալանթա շատ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի եւ շաբաթավերջին գրաւեց Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի առաջին դիրքը: Ան կրցած է իր 14 մրցումներէն 11-ը յաղթել առանց պարտութեան, հոկտեմբերի սկիզբէն:
Ռէալ Մատրիտ ընդհակառակը, այդքան ալ լաւ օրերու մէջ չի գտնուիր եւ իր վերջին 8 մրցումներուն կէսը պարտութեամբ աւարտած է:
Հակառակ այս բոլորին, երկու խումբերը մօտ 4 ամիս առաջ իրար դէմ մրցած էին Եւրոպայի գերբաժակին, ուր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ռէալ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթային:
Սպանիոյ անցեալ տարեշրջանի անակնկալ խումբը` Ժերոնա, պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը, որ իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով:
Բաւական հետաքրքրական մրցում կրնայ ըլլայ Պայեր Լեւերքուզըն – Ինթեր Միլան մրցումը: Ինթեր (Բ. դիրք) միակ խումբն է, որ տակաւին կոլ չէ ստացած, մինչ Լեւերքուզըն (6-րդ) անցեալ տարի «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական հասած էր եւ Գերմանիոյ ախոյեանն էր:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ժամը 19:45-ին
Տինամօ Զաղրեպ – Սելթիք
Ժիրոնա – Լիվըրփուլ
Ժամը 22:00-ին
Աթալանթա – Ռէալ Մատրիտ
Պայեր Լեւերքուզըն – Ինթեր Միլան
Պրեսթ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Սփորթինկ Լիզպոն
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Ասթոն Վիլա
Ռետ Պուլ Զալցպուրկ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Շախթիոր Տոնեցք – Պայերն Միւնիխ
ՎԱՂԸ
Ժամը 19:45-ին
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Սլովան Պրաթիսլաւա
Լիլ – Շթուրմ Կրաց
Ա. Սէ. Միլան – Կարմիր Աստղ Պելկրատ
Արսենալ – Մոնաքօ
Պենֆիքա – Պոլոնիա
Տորթմունտ – Պարսելոնա
Ֆեյենուրտ – Սփարթա Փրակա
Եուվենթուս – Մանչեսթըր Սիթի
Շթութկարթ – Եանկ Պոյզ Պեռն


