Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ պատմական մրցանիշներու դասաւորումները «խախտեցան», երբ 2 մարզիկներ էսիսթներու եւ թրիփըլ տապըլներու նոր դիրքեր գրաւեցին:
Երէկ, Սան Անթոնիօ Սփըրզի վեթերան փոյնթ կարտ Քրիս Փոլ (39 տարեկան) արձանագրեց իր 12.092-րդ էսիսթը` գրաւելով պատմութեան երկրորդ դիրքը: Ան գերազանցեց Ճէյսըն Քիթի մրցանիշը, բայց տակաւին շատ ունի հասնելու Ճոն Սթոքթընի 15.086 էսիսթներուն, վերջինիս Եութա Ճեզի հետ փայլուն օրեր ունէր:
Քրիս Փոլի 9.34 էսիսթ տոկոսը ամէն մրցումի զինք կը դասէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 5-րդ դիրքին վրայ (ամէն մրցումի էսիսթի գծով):
Օր մը առաջ, Տենվըր Նակեթցի սենթըր Նիքոլա Եոքիչ իր ասպարէզի 139-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ` գերազանցելով Լոս Անճելըս Լէյքըրզի պատմական աստղ Մեճիք Ճոնսընի 138-ն: Միայն այժմու խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք (200) եւ Օսքար Ռոպերթսըն (181) աւելի թրիփըլ տապըլ կատարած են, բայց սերպ մարզիկը կրնայ առնուազն հասնիլ Ռոպերթսընի մրցանիշին` նկատի ունենալով, որ ան 29 տարեկան է եւ տակաւին լաւ վիճակի մէջ:
Երէկ Եոքիչ 48 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Աթլանթա Հոքսի դէմ 141-111 յաղթանակին եւ տակաւին պէտք ունէր 2 էսիսթի` թրիփըլ տապըլ մը աւելցնելու:
Թրէյ Եանկ 15 կէտ եւ 10 էսիսթ կրցաւ ձեռք ձգել միայն եւ Աթլանթա կրեց 12-րդ պարտութիւնը` 25 մրցումներու ընթացքին:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 121-116 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի, ուր ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ 28 կէտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի: Անթոնի Տէյվիս 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց Լէյքըրզի հաշուոյն:
Մայեմի Հիթ Ֆլորիտայի մէջ կրցաւ պարտութեան մատնել Քլիվլենտ Քեվելիրզը, 122-113 արդիւնքով: Ասիկա Քեվելիրզի 4-րդ պարտութիւնն էր 25 մրցումներու ընթացքին, ուր Մայեմիէն փայլեցաւ Թայլըր Հերրօ (34 կէտ), մինչ Տարիըս Կարլենտ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի:
Ինտիանա Փէյսըրզ իր դաշտին վրայ 109-113 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չարլոթ Հորնեթցէն, 8 յաջորդական յաղթանակներէ ետք:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 100-108
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս 113-118
Ինտիանա Փէյսըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 109-113
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 122-113
Աթլանթա Հոքս – Տենվըր Նակեթց 111-141
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆինիքս Սանզ 115-110
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 121-116
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մեմֆիս Կրիզիլիզ 112-140
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 114-106
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ 141-97
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 106-117
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 107-98




