Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանին, Լոնտոնի տերպիին Թոթենհամ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն:
Սոլանքէ եւ Քուլուշեւսքի նշանակեցին Թոթենհամի առաջին երկու կոլերը` 11 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Սանչօ, Քոլ Փալմըր (փենալթի) եւ Էնզօ Ֆեռնանտես պատասխանեցին մինչեւ 73-րդ վայրկեան: 84-րդ վայրկեանին Փալմըր անգամ մը եւս փենալթիով կոլ նշանակեց` արձանագրելով Չելսիի համար մրցանիշ մը: Փալմըր 2024-ին «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ 25 կոլ եւ 13 էսիսթ կատարած է` գերազանցելով նետերլանտցի Ճիմի Ֆլոյտ Հասըլպէյնքի 2001-ի մրցանիշը:
96-րդ վայրկեանին Սոն նշանակեց Թոթենհամի 3-րդ կոլը, մինչ Չելսի 4 կէտի նուազեցուց պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլի հետ իր տարբերութիւնը:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ, Էվըրթընի հետ իր տերպիի մրցումը յետաձգուելուն պատճառով 1 մրցում նուազ կատարած է:
Արսենալ 1-1 արդիւնքով արձանագրեց Ֆուլհամի դաշտին վրայ:
Իտալիոյ մէջ, Նափոլի իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լացիօ Ռոմայէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց դանիացի Կուսթաւ Իսաքսենը: Իտալիոյ մայրաքաղաքի կազմը երկրորդ անգամ ըլլալով յաղթած է
Քոնթէի մարզած Նափոլիին, քանի մը օր առաջ, բաժակի գծով ելոյթին (3-1):
Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Աթալանթա, որ Ռոմայի դաշտին վրայ յաղթելէ ետք գրաւեց պարագլուխի դիրքը` 2 կէտի առաւելութիւն ունենալով Նափոլիի վրայ եւ 3 կէտ ի տարբերութիւն` Ինթերի վրայ:


