ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այնքան ալ դիւրին չէ յուշեր գրել գրողի մը մասին, որ դիւրին կը գրէ, բայց «դժուար» եւ քիչ կ՛արտայայտուի: Աւելի՛ն. այնքան ալ դիւրին չէ գրել ընկերոջ մը մասին, որուն հետ ոչ միայն ոչ մէկ տարակարծութիւն ունեցած ես ազգային, մարդկային թէ գաղափարական գետնի վրայ, այլ նաեւ իրարու փոխանակած էք այնպիսի գաղտնիքներ, որոնց բացայայտման պարագային կրնային վտանգել մեր ապագան եւ նոյնի՛սկ կեանքը: Եւ պատահական չէ, որ երբ ինք չկայ, սակայն կը շարունակէ մէջդ ապրիլ ու մանաւանդ այս դժնդակ օրերուն ակամայ կը յիշես ու կը փնտռես իրեն նման այն «Տղամարդ Հայը»-երը, որոնց խիստ կարիքը ունին ազգն ու հայրենիքը:
Երեւան, Հայաստանի Գրողներու միութեան ճաշարան, 1976, խիստ ձմեռ
Հազիւ տեղաւորուած էի մէկ անկիւնը նստած Ռազմիկ Դաւոյեանի, անոր կողակիցին` Յասմիկին եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի հետ, երբ յանկարծ Ռազմիկը ոտքի ելաւ ու ջերմութեամբ դիմաւորեց մէկը ու զայն հրաւիրեց սեղան, սակայն ան ըսաւ.
– Պայմանաւորուել եմ ուրիշների հետ, ներող կը լինէք:
Ռազմիկը ցոյց տալով զիս` շարունակեց.
– Այս երիտասարդը քեզ էր հարցնում: Մովսէս Հերկելեանը մեր լաւ ընկերներից է, եկել է Պէյրութից, այստեղ է սովորում: Նկատի առ, որ մուսալեռցի է, աւելի ճիշդը` Այնճարից: Ցանկանում է ծանօթանալ քո հետ: Մովսէս, Ռուբէն Յովսէփեանն է…
Ռուբէնին հետ ձեռք սեղմեցինք, որ ջերմ էր ու նշանակալից: Ռուբէնը աւելցուց.
– Կարծես թէ ես քո մասին գիտեմ: Դու Սօս Սարգսեանի կամ Լութվիկ Խաչատրեանին հետ կապ ունե՞ս:
– Երկուսն էլ ընկերներս են:
– Հասկացայ: Մենք անպայման կը հանդիպենք:

Լենինի պողոտայ, Բ. հանրակացարան, 1977, դեկտ.
Լենինի Բ. հանրակացարանը, մշակութային առումով, ռազմավարական յատկանշական դիրք ունէր: Վերը` սարալանջին Մատենադարանն էր, աջին` իրարու կից շարուած էին «Կինօ Նայիրի»-ն, Դրամատիկական թատրոնն ու «Գարուն»-ի եւ «Սովետական Արուեստ»-ի խմբագրատուները, ձախին` Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկն ու քիչ մը վեր Գրողներու միութեան տունը: Իսկ հարաւային կողմը կը գտնուէին «Սայաթ Նովա» պարարուեստի ուսումնարանը, Դերասաններու տունը, Պետական երաժշտանոցն ու քիչ մը վար` օփերան: Այս մշակոյթի կեդրոններու արանքներուն կային չորս սրճարաններ` Փոնչիկանոցը, Բաւլաւոքը (Առագաստ), Սկուազնեակը (Միջանցահովիկ) եւ Կազիրոքը: Կար նաեւ նշանաւոր ճաշարան մը` «Թիմուրանոցը»: Ասոնք միշտ լեցուն կ՛ըլլային դերասան-դերասանուհիներով, գրողներով, տարբեր տեսակի արուեստագէտներով ու մտաւորականներով ու յատկապէս` երիտասարդ ուսանող-ուսանողուհիներով:

Պատկերացուցէք, որ այս բոլորին կեդրոնը կը գտնուէր Լենինի անուան հանրակացարանը, ուր տեղաւորած էին դաշնակցակամիտ ու «մենաշնորհեալ» արտասահմանցի ուսանողները: Այնպէս որ, հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ իմ սենեակս ձեւով մը հաւաքավայր էր գրողներու, մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու: Ինծի պարբերաբար կ՛այցելէին` Լեւոն Ներսիսեանը, Հրանդ Մաթեւոսեանը, Սէյրան Խաթլամաճեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, Հենրիկ էդոյեանը, Արտեմ Յարութիւնեանը, Արտաշէս Յունանեանը, Սօս Սարգսեանը, Մկրտիչ Մազմանեանը, Զօրայր Խալափեանը, Վարուժան Վարդանեանը եւ շա՜տ շատեր: Ասոնց շարքին էր նաեւ Ռուբէն Յովսէփեանը, որ համեմատաբար քիչ կու գար քովս: Այդ օր առանձին էինք: Ռուբէնը գիտէր, որ քանի մը օրէն Պէյրութ պիտի մեկնիմ, հետը բերած էր նոր հրատարակուած «Ամենատաք երկիրը» հատորէն երկու օրինակ` մէկը ինծի, միւսը` «Բագին»-ին համար:
Հակառակ անոր որ ատկէ առաջ քովս եկած էր, սակայն պատերուն վրայ կախուած նկարներուն ո՛չ նայած էր ուշադրութեամբ եւ ոչ ալ` կարծիք յայտնած: Այդ օր նստելէ առաջ Բագրատ Գրիգորեանի, Արկադի Բաղդասարեանի, Վարուժան Վարդանեանի եւ Վիգէն Թադեւոսեանի գեղանկարները լաւ մը դիտեց, միւսներու վրայ արագ հայեացք մը նետեց: Խօսքը ես բացի.
– Ի՞նչ ես ասում, հաւանեցի՞ր:
Մատնացոյց ընելով Բագրատի, Արկոյի, Վարուժանի եւ Վիգէնի ստեղծագործութիւնները` ըսաւ.
– Սրանք լաւն են, յատկապէս` Վարուժանի գործը, սակայն սրանք ո՞ւմ գործերն են:
– Իմ, ես եմ նկարել:
– Բայց դու արուեստաբան ես…
– Այո՛, դրա համար էլ նկարում եմ, որպէսզի իմանամ, թէ նկարիչները ո՞նց են ստեղծագործում: Նաեւ նկարչական դասերի եմ հետեւում Գեղարուեստաթատերական հիմնարկում, Արկադի Բաղդասարեանի իսկ մանկավարժարանում, Արտաշէս Յունանեանի մօտ:
– Դա պարտադի՞ր է:
– Ո՛չ, ասպիրանդուրայի ղեկավարս` Վահան Յարութիւնեանն է թելադրել:
– Լա՛ւ ես առել, որ սկսել ես նկարել սովորել, սակայն սրանք պէտք չէ կախես միւսների կողքին… խանգարում են:
Այսպէս էր Ռուբենը, անկեղծ, իրաւ ու անաչառօրէն դատող գրող մը, որ գիտէ չխնայել նոյնիսկ իր մօտիկ ընկերոջ: Իսկ եթէ լռէր, իր լռութիւնը անպայման համաձայնութեան նշան չէր:
Ուրիշ օր մը, երբ դարձեալ առանձին էինք նոյն սենեակին մէջ, յանկարծ նկատեց ձայնապնակներուս առատութիւնն ու բազմազանութիւնը, քանի մը հատը ստուգելէ ետք ըսաւ.
– Երեւում է, որ երաժշտութիւն շատ ես սիրում:
– Այո՛, առանց երաժշտութեան կեանք չունեմ, ամէն գիշեր քնելուց առաջ պարտադիր պէտք է որ երաժշտութիւն ունկնդրեմ:
– Իսկ նուագո՞ւմ կամ երգո՞ւմ ես:
– Ո՛չ:
– Ինչո՞ւ:
– Ես ո՛չ կարողանում եմ նուագել եւ ո՛չ ալ երգել, թէեւ մտովի ճիշդ եմ նուագում ու երգում, սակայն «ականջ» չունեմ:
– Ես էլ «սուլուխ» չունեմ, սա մեր երկրորդ ընդհանուր գիծն է:
– Երկրո՞րդ, իսկ առաջի՞նը…
Մանկական մաքրամաքուր թեթեւ ժպիտ մը դէմքին, սակայն աչքերու համոզիչ նայուածքով ու դէմքի վճռական արտայայտութեամբ, ըսաւ.
– Գաղափարը:
Ես չհարցուցի իրեն, թէ խօսքը ի՞նչ «գաղափար»-ի մասին է, ինք ալ որեւէ բացատրութիւն չտուաւ, սակայն մենք զիրար ճի՛շդ հասկցանք: Հոգիի խորերէն բխած այս մէկ հատիկ բառը պատճառ եղաւ, որ մենք ոչ միայն մտերմանանք, այլ նաեւ վստահինք իրարու… ամէն բան ու մեր փոխադարձ վստահութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ:
Զանգեզուր, 1980, վաղ աշուն
Սօս Սարգսեանի կազմակերպութեամբ, քանի մը օրով մեծ խումբով մը (Ռուբէն Յովսէփեան, Ֆելիքս Մելոյեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Վարուժան Խտըշեան, Պօղոս Գասապեան եւ Մարտիկ Պոյաճեան) մեկնած էինք Սիսեան` այցելելու համար շրջանի տեսարժան վայրերն ու յուշարձանները (Որոտնավանք, Տաթեւ, Շաքիի ջրվէժը, Խնձորեսքի ձորը, ուր կան Մխիթար սպարապետի դամբարանն ու Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ` Ելեկտրակայինի ջրամբարը, հասնելու համար մինչեւ Գորիս): Լռելեայն նպատակ ունէինք նաեւ ուսումնասիրել տարածաշրջանի այն նոր կազմաւորուող ազերիական գիւղակներն ու «եայլաները» (ամարանոցները), որոնք բնակավայրերու շղթայով մը կը միտէին Ազրպէյճանը կապել Նախիջեւանին: Այս վերջին ծրագիրէն ինձմէ եւ Սօսէն զատ տեղեակ էին միայն Ռուբէնը, Ռազմիկն ու Վազգէն Մանուկեանը… որ մեզի հետ չէր: Յուշերուս մէջ քանի մը անգամ անդրադարձած եմ այս արշաւին, սակայն Ռուբէն Յովսէփեանի բաժինն ու այլ քանի մը դրուագներ վերապահած` այլ առիթի:
Որպէսզի խումբը միասին ըլլար, այդ օր մեզի տրամադրուած էր հանրակառք (աւտոպուս) մը Սիսեանի` Ռայկոմի քարտուղար Սաշիկ Դաւթեանի կողմէ, որուն իբրեւ նուէր` տարած էինք «Բագին» եւ Հրայր Մարուխեանի, Սարգիս Զէյթլեանի ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի արտասանած կարգ մը ճառերու ձայնագրութիւնները, զորս կրցած էր սահմանէն անցընել Պօղոս Գասապեանը (Պալըխ):
Երբ Շաքիի ջրվէժին մօտեցանք, նկատեցինք, որ հեռո՜ւ գետափին, լացող ուռենիներու շուքին քանի մը երիտասարդներ կրակ կը վառէին: Վարուժանը խանդավառուած բացագանչեց.
– Տեսէք, տղա՛ք, ի՜նչ հիանալի խորովածի տեղ է, երանի իրենց:
Ջրվէժէն վերադարձին հանրակառքի վարորդը մեզ ուղիղ տարաւ կրակ վառող երիտասարդներուն մօտ: Պարզուեցաւ, որ այդ կրակը մեզի համար էր: Սոված էինք ու յոգնած: Վարուժանը այս անգամ ցատկռտելով ողջունելէ ետք տղաքը ըսաւ.
– Այս ի՜նչ է, ամէն օր նոր անակնկալներ… այս մարդիկը հիւրասիրել գիտեն, ուտել խմել գիտեն…
Կողքէն Մարտիկը, որ գիտէր, թէ Վարուժանին համար կարեւորը «խմելն» էր, արձագանգեց.
– Խմել գիտեն, Վարո՜ւժ, ամէնէն առաջ խմե՜լ գիտեն:
Բայց բուն անակնկալը շարունակութիւնն է: Գետինը փռուած էր գեղեցկօրէն նաշխազարդ մեծղի կարպետ (քիլիմ) մը: Մէջտեղը` երկայնքին շարուած էին ապակեայ ամաններ` լեցուած չքամուած, տակաւին մեղրամոմը վրան, բնական մեղրի կտորներով: Կարպետը երիզուած էր կաւէ պարապ պնակներով, իւրաքանչիւրի կողքին դրուած` աման մը գիւղական արդար մածուն: Իսկ խորովածը կրակի վրայ էր: Չկային մեզի ծանօթ պանիրներու եւ երշիկներու տեսականիները, թարմ բանջարեղէնն ու կանաչին, նոյնիսկ նշանաւոր թութի օղին կը բացակայէր, որովհետեւ այդ օր միայն նռան գինի «արտօնուած» էր ըմպել: Մեզի բացատրուեցաւ ուտելու կարգը. նախ` կտոր մը խորոված եւ ապա` լաւաշի մէջ փաթթուած մեղր ու մածուն, եւ այսպէս` շարունակաբար: Իսկ տնական նռան գինին` ըստ ճաշակի եւ կարողութեան: Իրարու հետ անհամատեղ թուացող խորովածը, մածունն ու մեղրը չտեսնուած համով էին: Բնականաբար թամատան Սօսն էր, եւ կենացները այնքան քաղցրացան ու տաքացան, որ սկսանք ազգային յեղափոխական երգեր երգել… Այս խանդավառութեան մէջ նշմարեցի, որ Ռուբէնը առանձնացած, առուակի ճիշդ եզրին նստած` փոքր ճիւղով մը հողը կը փորփրէր: Քովը նստայ եւ առանց իմ հարցումիս սպասելու ու առանց իսկ դէմքիս նայելու, կարծես թէ հողին հետ կը զրուցէր, ըսաւ.
– Տեսնո՞ւմ ես ինչքան առնականութիւն եւ ուժ կայ մեր յեղափոխական երգերի մէջ: Դա մեր պապենական հողի արգանդից է ծնւում: Ինչպէս որ բնութիւնը ծոցուորում է հողի մէջ, այնպէս էլ երգը խմորւում ու ծնւում է մայր բնութիւնից:
Մեր հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէնը անընդհատ մտորումներու մէջ կը թուէր ըլլալ: Նոյնիսկ կը կարծէիր, թէ քեզ չի լսեր կամ չի հետեւիր ընդհանուրի խօսակցութեան, սակայն յանկարծ կրնար միջամտել ու կը խօսէր դիպուկ, սեղմ, յանդուգն եւ իմաստալից: Այո՛, այսպէս էր ան: Միաժամանակ մարդամօտ էր, ջերմ ու իր իրաւութեամբ անմիջապէս վստահութիւն կը ներշնչէր դիմացինին:
Երեւան, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակ, 1995, ամառ
Շուրջ մէկուկէս տասնամեակ բացակայելէ ետք վերադարձած էի հայրենիք: Շատ բան փոխուած էր, ամէն ինչ հոգեհարազատ ու յուզիչ էր ինծի համար: Օրը կիրակի էր: Որոշեցի առանձինն այցելել Սարեանի այգին (Վերնիսաժ)` թէ՛ թարմանալու եւ թէ՛ որոշ գաղափար մը կազմելու ժամանակակից հայրենի նկարչութեան մասին: Երբ տարուած էի գերիրապաշտ բնոյթի արուեստագէտի մը գործերը դիտելով, յանկարծ մէկը գրկեց զիս ու սեղմեց կուրծքին: Թէեւ այդ օրերուն նման հանդիպումներ անսովոր չէին ինծի համար, սակայն այս մէկը տարբեր էր: Երբ անդրադարձայ, որ Ռուբէնն է, լեզուս բռնուեցաւ, ու չկրցայ բան մը ըսել: Ան փաթթուելու եւ ողջագուրուելու սովորութիւն չունէր, միշտ զուսպ էր ու չափաւոր` շարժումներու ու արտայայտութիւններու մէջ: Երբ նշմարեց յուզումս, ըսաւ.
– Բիւրոյի գրասենեակն եմ եկել հանդիպման, արի միասին բարձրանանք:
Զանգեզուր, 1980-ին։ Ձախէն աջ՝ Մովսէս Հերկելեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Վարուժան Խտըշեան, Ֆելիքս ՄԵլոյեան եւ Ռուբէն Յովսէփեան
Ապա զիրար գրկելով` անխօս վեր ելանք: Հոն էին Մասիս Բաղդասարեանը, Վարանդ Փափազեանն ու այլ քանի մը ընկերներ, որոնց հետ ծանօթանալէ ու կարճատեւ զրոյց մը ունենալէ ետք, բոլորն ալ ներս մտան ու քիչ ետք զինք եւս հրաւիրեցին: Պատասխանեց.
– Դուք սկսէք քննարկումը ես յետոյ կը գամ:
Երբ առանձին մնացինք, առաջին հարցումը հետեւեալը եղաւ.
– Այս յեղափոխական դժուար օրերին դու մեր կողքին պէտք էր որ լինէիր:
Հարցին մէջ թէ՛ ափսոսանք եւ թէ՛ յանդիմանութիւն կար:
– Ռուբէ՛ն ջան, արտաքնապէս թւում է, թէ ես յանցաւոր եմ նրա համար, որ այդ դժուարին օրերին գաղափարական գործընկերներիս կողքին չեմ եղել: Այո՛, դրա մէջ ճշմարտութիւն կայ, սակայն երբ ես հայրենիքից Պէյրութ վերադարձայ, քանի մը տարի ետք անդրադարձայ, որ ես քաղաքական մարդ չեմ կարող լինել: Ես մշակոյթի մարդ եմ եւ պէտք է որ կեանքս արժեւորեմ ծառայելով հայ մշակոյթին, այդպէս էլ անում եմ: Ի դէպ, այս հարցը մենք քննարկել ենք Հալէպում` Սօս Սարգսեանի, Հենրիկ Իգիթեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի հետ, ՀՅԴ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնների ընթացքում: Բաւական վիճելուց յետոյ Ռազմիկը բոլորովին հակառակուեց ինձ, եւ Ռոնալտ Ռիկընին ու Վացլաւ Հաւելի օրինակները յիշեց: Սօսը ասաց, որ` «Դու ճիշդ ես, քաղաքականութիւնը պէտք է վստահենք քաղաքագէտներին, մենք կարող ենք սխալուել, բայց քանի որ երդում եմ տուել ու երդումը սուրբ է, ես շարունակելու եմ իմ կուսակցականի պարտաւորութիւնները», իսկ Հենրիկը աւելցուց. «Քանի որ ես դեռեւս երդում չեմ տուել, չեմ մտնի քաղաքականութեան մէջ, սակայն կը մնամ կուսակցութեան կողքին»: Ընթացքում ես միշտ կապի մէջ եմ եղել Լութվիկ Խաչատրեանի եւ յատկապէս Վազգէն Մանուկեանի հետ, նրանք զիս ճիշդ են հասկացել: Երբ ես տակաւին կը պատրաստուէի յաւելեալ բացատրութիւններ տալու Լեւոն Շանթի ու Աւեւտիս Ահարոնեանի վերաբերող, Ռուբէնը ընդմիջեց ու ըսաւ.
– Ես Սօսի կարգավիճակում եմ, քանի որ երդում եմ տուել, ես էլ եմ շարունակելու կուսակցականի պարտականութիւններս:
Փաստօրէն, ըլլայ Սօսը թէ Ռուբէնը, ատեն մը ետք սկսան իրենց ժամանակը յատկացնել աւելի մշակոյթին, քան քաղաքականութեան, միաժամանակ հաւատարիմ մնալով կուսակցականի պարտաւորութիւններուն:
Երեւան, «Անի» պանդոկ, 1995, ամառ
Քանի մը օր ետք հանդիպելու համար հեռաձայնեցի Ռուբէնին: Ինք Բիւրոյի գրասենեակէն եկաւ, ու մենք հանդիպեցանք «Անի» պանդոկի սրճարանը, որ տակաւին կը գործէր: Օրերը լաւ չէին, ազգի ու հայրենիքի ապագան մռայլ էր ու մտահոգիչ: Առանձին էինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքնիր մասին որոշ տեղեկութիւններ ու բացատրութիւններ տալէ ետք, անցանք ազգային հարցերու… Ընթացքին, ակնարկելով օրուան իշխանութիւններուն, ըսաւ.
– Մեզ Տղամարդ Հայ է պէտք: Մենք Տղամարդ առաջնորդներ քիչ ենք ունեցել:
– Ճիշդ ես ասում, մեր պատմութեան մէջ առաջին Տղամարդ Հայը Հայկ նահապետն է եղել:
– Ո՛չ, առաջին Տղամարդ Հայը Արարատ սարն է, որ խրոխտաբար դիմադրում է ժամանակի արհաւիրքներին… Հայկը երկրորդն է…
– Իսկ երրո՞րդը…
– Մեր պատմութեան արանքներում եղել են այլ Տղամարդ Հայեր եւս, ինչպէս` Վահան Մամիկոնեանը, Աշոտ Երկաթն ու Լեւոն Մեծագործը եւ ուրիշներ, որոնք սակայն գալիս են Հայկից յետոյ եւ մտնում են երրորդի մէջ:
– Իսկ չորրո՞րդը:
– Արամ Մանուկեանը:
– Այո՛, ես էլ եմ բարձր գնահատում Արամ Մանուկեանին, ինձ համար նա հերոսների հերոսն է: Նա կարողացաւ ողջ ազգը մէկտեղել ու Արարատ սարի նման դէմ դնել մեզանից տասնապատիկ անգամ ուժեղ թշնամուն: Այո՛, մեզ համար Արամ Մանուկեանի նման Տղամարդ Հայ է պէտք:
Սիրելի՛ իմ հետաքրքրասէր ընթերցող,
Այսքանով Ռուբէն Յովսէփեանի մասին իմ յուշերս չեն աւարտիր: Ան յաճախ Լիբանան կ՛այցելէր, եւ մենք բազմիցս հանդիպած ենք Պէյրութի թէ Այնճարի մէջ: Այդ հանդիպումներուն մասին` այլ առիթով:
Երեւան, 2024, հոկտ.




