Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աքսիոս». «Իսրայէլ Եւ Լիբանան Սպիտակ Տան Փոխանցեցին Զինադադարի Նկատմամբ Իրենց Յանձնառութիւնը Եւ Անոր Շարունակման Իրենց Փափաքը»

December 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Իսրայէլ եւ Լիբանան Սպիտակ տան փոխանցած են, թէ հակառակ «սահմանին վրայ» խախտումներուն, յանձնառու են զինադադարի համաձայնութեան եւ կ՛ուզեն, որ անիկա շարունակուի:

Աղբիւրները կայքին նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մտահոգ էր, որ «փոխադարձ կրակոց»-էն ետք Լիբանանի մէջ զինադադարը կրնայ տապալիլ:

Ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլին փոխանցած է վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ անոր կատարած օդային շարք մը յարձակումներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը Լիբանանի մէջ վերջին յարձակումները «վտանգաւոր խաղ» որակած է:

Աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընին վստահեցուցած է, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանի մէջ զինադադարը պահպանել:

Ամերիկեան լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը Լիբանան հասաւ սկսելու համար իր աշխատանքին»:

«Ուաշինկթըն Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ զինադադարի դադրեցման մեքանիզմի ճամբով կը գործէ որեւէ խնդիր լուծելու համար», նշած են աղբիւրները:

«Ուաշինկթըն իր առաւելագոյն ջանքը կը թափէ պահպանելու համար զինադադարը, եւ կը կարծէ, որ անիկա պիտի տոկայ, եւ զինադադարի հարցով սերտ հաղորդակցութեան մէջ է Լիբանանի ու Իսրայէլի մէջ պաշտօնատարներու հետ», ըսած են անոնք` նշելով. «Լիբանանցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները վերահաստատեցին զինադարարի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը»:

Լիբանանեան երկու քաղաքական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Լիբանանցի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ուաշինկթընին եւ Փարիզին կոչ ուղղեցին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի յարգէ զինադադարը` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան հողերուն վրայ տասնեակներով զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծեց»:

«Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ուշ գիշերին խօսեցան Սպիտակ տան ու Էլիզէի պալատի մէջ պաշտօնատարներու հետ եւ զինադադարի նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին», նշած են աղբիւրները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Տար Ֆաթուայէն Սկսանք Քաղաքական Աշխատանք Մը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.