Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրոյ Ու Զօրակցութեան Հայրական Պատգամ Հալէպի Հայութեան

December 3, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու ու ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը` տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու ազգային իմաստով: Իր եկեղեցիներով, մշակութային, կրթական ու ընկերային կեդրոններով եւ իր հայաբոյր մթնոլորտով Հալէպը եղած է ճառագայթող ներկայութիւն յատկապէս սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Ղեկավարներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ ու հասարակական գործիչներ, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Երեւան, եւրոպական ոստաններէն սկսեալ մինչեւ Ատլանտեանի ափերը, իրենց խոր արմատները ունին Հալէպի մէջ:

Այսօր, տագնապի մէջ գտնուող Հալէպի հայութիւնը առանձին չէ: Մենք բոլորս իր կողքին ենք` աղօթքի, սիրոյ ու զօրակցութեան ճամբով: Հալէպը մեր ժողովուրդին համար անցեալ չէ` իր փառքի օրերով, իր կարեւոր իրագործումներով ու առանցքային դերակատարութեամբ: Հալէպը միշտ պիտի մնայ ներկայ ու նաեւ` ապագայ: Ազգի մը հզօրութեան աղբիւրը իր հաւաքական հաւա՛տքն է, տագնապները դիմագրաւելու իր հաւաքական կա՛մքն է, եւ ապագան կերտելու իր հաւաքական յո՛յսն է:

Այսպէ՛ս կը հաւատայ Հալէպի հայութիւնը: Մենք այսպէ՛ս տեսանք ու վկայեցինք, երբ շուրջ տասը տարիներ առաջ, տագնապի օրերուն այցելեցինք Հալէպ ու եղանք մեր ժողովուրդին հետ: Այսպէս տեսանք ու վկայեցինք, երբ երկրաշարժի օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասին քալեցինք Հալէպի հայահոծ փողոցներէն: Յուսահատութիւն ու անորոշութիւն հեռու են Հալէպի հայութեան կեանքէն:

Մենք միշտ եղած ենք ու պիտի մնանք Սուրիոյ կողքին: Մենք չենք մոռնար, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները իր հողերուն վրայ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ Սուրիան: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը Սուրիոյ պէտք է մնայ ամուր:

Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան, մեր համայնքի բարօրութեան աշխատանքներուն լծուած մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, մեր ժողովուրդին առօրեայ կարիքներուն հասնող մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Ջերմօրէն կ՛ողջունենք ներկայ տագնապը միասնական ոգիով ու ճիգով դիմագրաւելու Հալէպի հայութեան ամուր կամքը:

Կ՛աղօթենք, որ Աստուած հեռու պահէ Հալէպի հայութիւնը ամէն տեսակ վտանգներէ: Թող սէրն ու խաղաղութիւնը կամար կապեն Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին վերեւ:

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

02 Դեկտեմբեր 2024
Անթիլիաս

 

Նախորդը

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

Յաջորդը

Սուրիահայութիւնը Առանձին Չէ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.