Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի Անգարայէն Յայտարարեց. «Ահաբեկիչները Չհաշուարկուած Սխալ Գործեցին»

December 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ արշալոյսին Անգարա հասնելէն ետք վերահաստատեց Դիմադրութեան խմբաւորումներուն, Սուրիոյ եւ անոր բանակին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իր երկրին աջակցութիւնը` նշելով, որ պէտք է Թուրքիոյ հետ շրջանային կայունութեան հաստատման շուրջ փոխըմբռնման հասնիլ:

Արաղչի ըսաւ, որ Դամասկոս իր այցելութիւնը «շատ լաւ էր»:

«Ահաբեկիչները չհաշուարկուած սխալ գործեցին», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` ընդգծելով. «Սուրիական բանակն ու կառավարութիւնը կարող են անոնց դէմ դնել, եւ անշուշտ Դիմադրութեան խմբաւորումները եւս պիտի օգնեն, եւ Իրան պիտի չտատամսի անոնց որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելու»:

«Լիբանանի եւ Պաղեստինի վրայ սիոնական յարձակումէն ետք ստեղծուած շրջանային պայմանները ահաբեկիչներուն վերադարձի յարմար առիթ ստեղծեց», նշեց Արաղչի:

«Թուրքիոյ հետ մեր խորհրդակցութիւնները միշտ եղած են տարբեր հարցերու շուրջ, որովհետեւ մենք բազմաթիւ հարցերու շուրջ իրարու հետ համաձայն ենք եւ կարգ մը հարցերու մէջ տարակարծիք, եւ բնական է, որ իրարու հետ խօսինք», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` յոյս յայտնելով շրջանի խնդիրներուն շուրջ փոխըմբռնման եւ հասարակաց պատկերացման հասնիլ, ինչ որ շրջանին մէջ կայունութեան կը յանգեցնէ:

Ան շեշտեց, որ Իրան յստակօրէն ամբողջական աջակցութիւն յայտարարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, սուրիական կառավարութեան, բանակին եւ ժողովուրդին:

Ան նշեց, որ անցեալին «աւելի դժուար պահեր կային, երբ ՏԱՀԵՇ-ն ու այլ տարբեր խմբաւորումները քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներքաշեցին»:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա Եւ Բրիտանիա Կոչ Կ՛ուղղեն` Սուրիոյ Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Եւ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Գտնելու

Յաջորդը

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.