Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան համար կարեւոր է, եւ ասիկա պատմական պահ է»:
«Համաձայնութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններու պիտի արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ եւ դադրեցնել բռնութիւնն ու քանդումը», ըսաւ Օսթին:
Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի ինքզինք Իրանի աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն պաշտպանելու իրաւունքին մեր աջակցութիւնը ուժեղ է»:
«Մեր միջազգային գործընկերներուն հետ պիտի խորհրդակցինք աջակցելու համար զինադադարի գործադրութեան եւ կը յուսանք, որ անիկա Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ լարուածութեան մեղմացման կը յանգի` յուսալով Կազայի մէջ ողբերգական տագնապին վերջ տալ», նշեց Օսթին:


