Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը պէտք է «ճամբան հարթէ» Կազայի մէջ նոյնօրինակ համաձայնութեան մը, «որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասուի»:
Մաքրոն տեսաուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Այս համաձայնութիւնը պէտք է ճամբան հարթէ Կազայի մէջ նոյնօրինակ համաձայնութեան մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասուի` ի տես Կազայի բնակչութեան հսկայական տառապանքին»:
Ան շեշտեց, որ այս համաձայնութիւնը փաստ է «քաղաքական քաջութեան, որ միակը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ բոլորին երկար ժամկէտի վրայ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովել»:
Մաքրոն կոչ ուղղեց` Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահ ընտրելու:
«Ասիկա լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ականաւոր պաշտօններ վարող իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն է: Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը անյապաղ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կը պահանջէ», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:


