Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

April 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ֆայսալ Ապու Ռասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Էլի Աուն եւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Տորէյտ Եաղի եւ Ռամի Ռայես:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա` ներկայացնելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը, խաղաղութեան շքանշաններով պարգեւատրեց ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատը` մաղթելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը տառացիօրէն գործադրուի եւ կարելի ըլլայ հարաւի մէջ մնայուն խաղաղութիւն հաստատել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Ռահմէ Հիւսէյն Զուհապին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի անունով ներկայացուց օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բանտեր կառուցելու հարցին:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ սակերը յաւելում արձանագրեցին: Պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 100 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի շահերը չիշխեն  կառավարութեան կազմութեան հարցին վրայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի հետ: Քննարկուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատի վերանորոգման հարցը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ դէմ սանձազերծուած յուլիսեան պատերազմի ժամանակաշրջանին մասին կատարած իր բացայայտումներուն մէջ «Ուիքիլիքս» կայքէջը նշեց, թէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կարգ մը երկիրներու կողմէ Լիբանանի վերաշինութեան նպատակով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնները մերժած է` շեշտելով, որ ինք չի փափաքիր այդ գումարները հասցնել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրպանը:

Իր կարգին, երեսփոխան Մարուան Համատէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ լիբանանցիները պոռնիկներու նման են, որովհետեւ անոնք կը յիշեն նիւթական օժանդակութիւն կատարողը եւ ոչ թէ վերաշինութիւններ ֆինանսաւորողը:

Այլ գետնի վրայ, «Ուիքիլիքս» նշած է, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Ապտել Ազիզ Խոժա Ֆելթմանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատած է, որ անհրաժեշտ է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դրամ եւ զէնք յատկացնել:

 

 

Նախորդը

«ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՐԳՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ԱՆՈՒՆԻՆ ՇՈՒՐՋ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յաջորդը

ԱՊԻՃԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ 136 ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։