Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Հոգեւոր Պետերն Ու Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Շեշտեցին Համակարգուած Աշխատանքներու Շարունակութեան Հրամայականը

November 22, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ գումարուեցաւ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքներու դիմագրաւման հաւանական միջոցները։

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ հոգեւոր պետերու միջեւ խորհրդակցութիւններն ու անկէ բխած յայտարարութիւնները հետեւողական բնոյթ ունին եւ կ՚արծարծեն համայն հայութեան վերաբերող խնդիրներ։ Այս առումով ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ երեք հոգեւոր պետերու միացեալ յայտարարութիւնը, որ ՔՈՓ29-ի առիթով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման, անոր հաւաքական վերադարձի հրամայականին եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջքին սկզբունքային կէտերը ներառած էր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ամսական հերթականութեամբ կը գումարեն խորհրդակցական հանդիպումներ՝ համայնքի խնդիրները միասնաբար քննարկելով։

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ա.Տ. Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ հայկական գործօնին, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Լիբանանին ու քրիստոնեայ համայնքներուն վերաբերող աշխատանքներուն՝ շեշտելով Վատիկանի եկեղեցական շրջանակներուն եւ եւրոպական ու ասիակական ցամաքամասերուն մէջ հայ երեք հոգեւոր պետերուն միացեալ յայտարարութեան գտած լայն հնչեղութիւնը։ Հոգեւոր Տէրը կարեւոր նկատեց կրթական մարզին կազմակերպման եւ օժանդակութեան հարցը՝ Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններու լոյսին տակ։

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի դոկտ․ Փօլ Հայտոսթեան զուգահեռ գծեց Արցախի եւ Լիբանանի նկատմամբ եկեղեցական շրջանակներուն ու միջազգային խորհրդաժողովներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան տարողութիւններուն միջեւ եւ կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մօտեցումներուն վրայ։

Այնուհետեւ, յետ խորհրդակցութիւններու ու քննարկումներու, ժողովականները շեշտեցին.-

— Անհրաժեշտ է նոյն հետեւողականութեամբ եւ հերթականութեամբ շարունակել միասնական համակարգուած աշխատանքը՝ քննարկելու համար Լիբանանի հայ համայնքին դիմակայած անվտանգային, ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցները։

— Հետզհետէ ահագնացող գաղթականական ալիքին դիմաց բարեսիրական կազմակերպութիւններու ճամբով շարունակել օժանդակութեան աշխատանքները։ Այս առումով ողջունելի է միջ-բարեսիրական խորհրդակցութիւններն ու անոնց տարած աշխատանքները հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատուած գաղթականութեան կարիքներուն օժանդակելու։

— Առաջնահերթութիւն նկատել լիբանանահայ համայնքի կրթական ու միութենական կառոյցները՝ զանոնք նկատելով համասփիւռքեան առումով մարդուժի արտադրութեան կարեւորագոյն կեդրոնները։

— Խորհրդակցութեան հանդիպումի մանակիցները անյետաձգելի նկատելէ ետք զինադուլի հաստատումն ու նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը, 22 Նոյեմբերին առիթով ողջունեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը՝ շեշտելով Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանման եւ այդ առաջադրանքներուն համար ներքին համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը։

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական Հիմնադրամին 17-րդ Հատորը

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան 10-Ամեակի Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.